Ատրպէյճանը Հայ-ատրպէյճանական Սահմանին Վրայ Օգտագործած Է Այնտեղ Առկայ Գրեթէ Բոլոր Զինատեսակները

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանական զինուած ուժերը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ օգտագործած են այնտեղ առկայ իրենց գրեթէ բոլոր զինատեսակները: Ըստ Armenpress.am-ի փոխանցած տեղեկութեան, այս մասին, Յուլիսի 15-ին, Իջեւանի ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին, ըսած է Պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի հրամանատարաշտաբային բաժանմունքի պետ, ՊՆ նախկին խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը զայն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէն տարբերակով։

«Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը, ներառեալ ե’ւ սահմանապահ ծառայութիւնը, ե’ւ երրորդ բանակային բաժանմունքը, իրենց սպառազինութեան մէջ եղած գրեթէ ողջ զինանոցը կիրառած են, բացառութեամբ քանի մը միջոցներու: Օգտագործուած են բոլոր տրամաչափի հրաձգային զէնքերը, հրասայլեր, հրետանային միջոցներ, ընդհուպ 122 մմ եւ չի բացառուիր, որ աւելի մեծ տրամաչափերու, հրետանային միջոցներու մեծ մասը, բացառութեամբ քանի մը միջոցներու, ականանետեր, հարուածային ԱԹՍ-ներ»,- ըսած է Յովհաննիսեան: