ՄԻՊ-ը ԿԽՄԿ-ի Ներկայացուցչին Տրամադրած Է Տաւուշի Բնակավայրերու Հրետանակոծութեան Վերաբերեալ Տուեալներ

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը հեռաձայնային քննարկում ունեցած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան (ICRC) ղեկավար Քլեր Մէյթրոյի հետ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Թաթոյեանի Facebook-ի էջէն։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարին ներկայացուցած է Հայաստանի Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ Յուլիս 12-էն ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ մարզի քաղաքացիական բնակավայրերու թիրախաւորմամբ իրականացուող գնդակոծութիւններու եւ հրետանակոծութիւններու վերաբերեալ  արձանագրած տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակավայրերէն Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հասցէագրուող ահազանգերը։

«Ուշադրութիւն հրաւիրուած է նաեւ մեր միջազգային զեկոյցներուն վրայ։ ՄԻՊ-ը զանոնք պիտի ուղարկէ նաեւ Կարմիր խաչի Ժընեւի գրասենեակ։ Հաշուի առնելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի իրաւագիրը, ինչպէս նաեւ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարին հետ համաձայնութիւնը՝ այս պահուն մանրամասներ ներկայացնել չեմ կրնար»,- գրած է Թաթոյեան։