Խոնարհումս Իրենց Կեանքը Հայրենիքին ու Ժողովուրդին Նուիրաբերած Բոլոր Հերոսներու Յիշատակին

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խոնարհումը կը յայտնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ հայրենիքին համար զոհուած զինծառայողներու յիշատակին։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի Facebook-ի պաշտոնական էջին վրայ կը կարդանք.

«Հայրենիք, Պատիւ, Նուիրուածութիւն. Մեր կամաւորի, զինուորի, սպայի, հրամանատարի նշանաբանը բոլոր ժամանակներուն:

Խոնարհումս իրենց կեանքը հայրենիքին ու ժողովուրդին նուիրաբերած բոլոր հերոսներու յիշատակին:

Յաւերժ փառք ձեզ՝ մայոր Գարուշ Համբարձումեան եւ քափիթան Սոս Էլբակեան:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան»։