Հակառակորդի Կրակոցէն Ժամկէտային 2 Զինծառայող Զոհուած Է

Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ, հակառակորդին արձակած կրակոցէն զոհուած է ժամկէտային 2 զինծառայող: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Զոհուած ժամկէտային զինծառայողներն են կրտսեր տասնապետ Սմբատ Գէորգի Գաբրիէլեանն ու կրտսեր տասնապետ Գրիշա Վահանի Մաթեւոսեանը:

Յուլիս 14-ին, ՊՆ-ն արդէն յայտնած էր զոհուած զինծառայողներ քսանապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեանի եւ հրամանատար Սոս Փայլակի Էլբակեանի մասին: