ՀՀ ԶՈւ-ն Առաջին Անգամ Մարտական Պայմաններու Մէջ Հայկական Արտադրութեան ԱԹՍ-ներ Կիրառած Է

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը առաջին անգամ մարտական պայմաններու մէջ կիրառած են հայկական արտադրութեան մարտական անօդաչու թռչող սարքեր: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի հրամանատարաշտաբային բաժանմունքի պետ, ՊՆ նախկին խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի Facebook-ի էջին կատարուած անոր գրառումէն։ Յովհաննիսեան տարածած է ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումներուն իրականացուցած գիշերային պատժիչ գործողութիւններուն տեսանիւթը:

«Յուլիս 13-ը կը մտնէ պատմութեան մէջ իբրեւ հայկական արտադրութեան մարտական ԱԹՍ-ներու մարտական կիրառութեան օր: Առաջին անգամ հայկական մարտական ԱԹՍ-ները կիրառուեցան պատերազմի ժամանակ՝ մարտական պայմաններու մէջ եւ արձանագրեցին փայլուն արդիւնքներ։ Կարծես անոնց հարուածին զոհ դարձած են բարձրաստիճան զինուորականներ»,- գրած է Յովհաննիսեան:

Ան այս մեկնաբանութիւնը, իր էջին վրայ, հրապարակած է նաեւ անգլերէն, ռուսերէն, արաբերէն, պարսկերէն, ատրպէյճաներէն, թրքերէն, վրացերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն եւ չինարէն լեզուներով։