Ջաւախքի Մարզամշակութային Կեդրոն Ստեղծելու Գումարը Փոխանցուեցաւ Հայաստանի Առողջապահութեան Համակարգին

Հայաստան, Սփիւռք

Ջաւախքի մարզամշակութային կեդրոն ստեղծելու համար նախատեսուած գումարը փոխանցուած է Հայաստանի առողջապահութեան համակարգին COVID-19-ի դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու համար․ այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.net կայքը։ 13 400 տոլար գումարը հաուաքուած էր անցեալ տարուան Յունիս 2-ին՝ Ախալցխայի մէջ երիտասարդներու համար մարզամշակութային կեդրոն ստեղծելու համար։
Կը նշուի, որ գումարը բաւարար չէր Ախալցխայի կեդրոնական մասերուն մէջ տարածք կամ շինութիւն ձեռք բերելու համար և որոշուած էր վարձակալել տարածք և ձեռք բերել սարքեր․ մինչև օրս Վրաստանի մէջ չեն բացուած մարզական կեդրոները։
Սամցխէ-Ջաւախքի Մեդիա վերլուծական կեդրոնը, որ մասնակցած էր տուեալ դրամահաւաքին, առաջարկած է գումարը այս փուլին ամբողջութեամբ փոխանցել Հայաստանի առողջապահական համակարգին․ գումարը փոխանցուած է Հայաստանի մէջ COVID-19-ի դէմ պայքարի համար բացուած յատուկ հաշիւնին։