Ջաւախքի 13 Հայկական Գիւղերու Բնակիչները Բողոքի Ցոյց Կ՛իրականացնեն

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր՝ Սամցխէ-Ջաւախեթիի նահանագապետարանին մօտ բողոքի ցոյց կ՛իրականացնեն շրջանի 13 հայկական գիւղերու բնակիչներ։ Անոնք կը բողոքեն, որ ամրան այս օրերուն Մառնեուլիէն եկած ատրպէյճանցիներու ու թուշերու մանր և խոշոր եղջերաւոր անասունները ոչնչացուցած են գիւղերու արօտավայրերը, վնասած երեք գիւղի խմելու ջուրի համակարգը։
Բնակիչները նախապէս եւս մէկ բողոքի ցոյց ըրած էին, որմէ ետք շրջանի ղեկավարութիւնը վստահեցուցած էր, որ յաջորդ տարիներուն անոնք այլևս չեն գար։
Այսօրուան ցոյցը կը յաջորդէ օրեր առաջ Ախալցխայի Չեչերեկ գիւղի տարածքէն 70 գլուխ կովու անհետացման։ Բնակիչները Armradio-ին ըսած էին, որ «կասկած ունին՝ գիւղի կովերը գողցուած են իրենց արօտավայրերուն մէջ հաստատուած թուշերու օգնութեամբ»։
Ախլցխայի քաղաքապետ Զազա Մելիքիձէն հանդիպած է ցուցարարներուն հետ՝ վստահեցնելով, որ հարցը քաղաքային իշխանութեան օրակարգին վրայ է, անիկա պիտի քննարկուի, սակայն բնակիչները կը շարունակեն ցոյցը։
Ի դեպ հայաբնակ գյուղերուն պատկանող այդ տարածքները՝ բնակիչներէն շատերը, որ “Քորոնա” համաճարակին պատճառով չէին կրցած մեկնիլ արտագնայ աշխատանքի, որոշած էին այս տարի խոտհարքի վերածել եւ այդտեղ աշխատիլ։