Հայկական ԶՈւ-ն Կանխած է Ատրպէյճանցի Զինծառայողներու Կողմէ Պետական Սահմանը Խախտելու Փորձը

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները, Յուլիս 12-ին՝ ժամը 12:30-ի սահմաններուն, ՈՒԱԶ մակնիշի ինքնաշարժով՝ Տաւուշի ուղղութեամբ կատարած են ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջէն:

«Հայկական կողմի նախազգուշացումէն ետք՝ Ատրպէյճանի զինծառայողները, ձգելով ՈՒԱԶ մակնիշի ինքնաշարժը, վերադարձած են իրենց դիրք: Ժամը 13: 45-ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները կրկնած են հայկական զինուած ուժերու սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը՝ կիրառելով հրետանային կրակ, սակայն ճնշուած են հայկական կողմէն եւ, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած»,- նշած է Ստեփանեան:

Ան յայտնած է, որ հայկական կողմէն կորուստներ չկան: