ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Յանձնաժողովը Կ՛աջակցի Արցախի Ականազերծման Ծրագրի Ֆինանսաւորման

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի Յատկացումներու յանձնաժողովը առաջին քայլը ըրած է Արցախի ականազերծման ծրագիրի ֆինանսաւորումը ապահովելու հարցով:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Ամերիկայի «Հայ Դատի» յանձնախումբը, յանձնաժողովը ընդունած է օրենսդրական հաշուետւութիւնը՝ անուղղակիօրէն կոչ ընելով շարունակելու Արցախի մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագրի ֆինանսաւորումը ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ՝ 2021-ի ֆինանսական տարուան Արտասահմանեան օգնութեան օրինագիծի ծիրէն ներս:
«Կ՛ողջունենք այս հաշուետւութիւնը որպէս ճիշդ ուղղութեամբ եղած քայլ: Այնուամենայնիւ, հաշուի առնելով այս վարչակազմի բազմակողմանի յարձակումը Արցախի ականազերծման ծրագրի նկատմամբ՝ պարզ է, որ Քոնկրեսը պէտք է աւելին ընէ՝ ապահովելու համար ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը այս ծրագրին»,- ըսած է Ամերիկայի «Հայ Դատի» յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Յատկացումներու յանձնաժողովը 2021-ի ֆինսական տարուան Արտասահմանեան օգնութեան օրինագիծը ու անոր կից հաշուետւութիւնը ընդունած է 29 կողմ, 21 դէմ ձայնով: Կը նախատեսուի, որ ան շուտով ներկայացուի Ներկայացուցիչներու պալատի քուէարկութեան:
Յատկացումներու յանձնաժողովը Արտասահմանեան օգնութեան օրինագիծի իր տարբերակը պիտի դիտարկէ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին: Ներկայիս միջոցառումը չի յստակեցներ Հայաստանին կամ Ատրպէյճանին անմիջականօրէն յատկացուող օգնութեան ծաւալը՝ հնարավորութիւն տալով Արտաքին գործոց նախարարութեան որոշելու ֆինսաւորման չափն ու իրականացուելիք ծրագիրները: