«Նէօ-Օսմանական» Ժահրը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Գործի լծուած է Անգարան՝ երկար ժամանակէ ի վեր, ճիգ ընելով ընդարձակելու իր ծաւալապաշտ քաղաքականութեան դաշտը։

Այս իրողութեան ի տես, եւ հակազդելու համար անոր, Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի հրատարակած յայտարարութիւնը բացայայտող է, սակայն կարելի է շատ աւելին ալ ըսել: Այլ խօսքով, ըսուածին վրայ կարելի է աւելցնել նոր հաստատումներ, թէ՝ Թուրքիա կը հետապնդէ «նէօ-օսմանական» քաղաքականութիւն մը, նո՛յնքան ծաւալապաշտ՝ որքան սուլթաններու օրերուն, եւ այս վարմունքին հետեւանքները կը զգացուին Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ: Հետեւաբար, ահազանգ հնչեցնելն իսկ սկզբնական քայլ է, պէտք է երթալ շատ աւելի անդին: Ակներեւ է, որ Թուրքոյ ծաւալապաշտութիւնը արդէն անցած է անցեալ տասնամեակներու սահմանները կը հասնի մինչեւ  Ափրիկէի խորերը։

Այս խորապատկերը աչքի առջեւ ունենալով, պէ՞տք է արդեօք զարմանալ այն զարգացումներով, որոնք սկիզբ առին մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, երբ Լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանի մը՝ քաղաքական անցուդարձեր վերլուծող հայազգի հաղորդավարին մէկ յայտարարութիւնը առիթ ստեղծեց, որ նախագահ Էրտողան նոր օրերու եաթաղանը շողշողացնէ եւ հրապարակ գայ «նէօ-օսմանական» յոխորտանքներով, եւ ո՛չ թէ միայն հայոց ցեղասպանութիւնը դրժող հաստատումներով: Եւ ահա, աշխարհը վկայ է, որ ան ոգի ի բռին կ’աշխատի, արդի միջոցներով, ո՛չ միայն հակահայ քարոզչութեամբ, այլ բացայայտելով հին՝ համաթուրանական երազները, եւ գործի կ’անցնի անոնց իրականացման ի խնդիր:

Էրտողանի գլխաւորութեամբ կայացաւ «Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդ»-ի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան, այսպէս կոչուած՝ «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ ուղղուած անհիմն մեղադրանքներուն դէմ պայքարին մէջ նախատեսուող քայլերը». Սա պարզապէս մէկ մասնիկն է այդ վիթխարի ու տարածուն արշաւին, որ տարիներէ ի վեր արմատներ նետած է ամէնուրեք, նա՛եւ՝ Լիբանանի մէջ: Եւ որպէսզի հարցը չտեսնենք էրտողանեան «նեղ սահմաններու» մէջ, կ’արժէ յիշեցնել, որ աշխարհը Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան ականատես էր Էրտողանի քաղաքական բեմ բարձրանալէն առաջ ալ:

Վերջին տասնամեակին, այս վարքագիծը շա՛տ աւելի հետեւողական եւ ազդեցիկ ձեւով կը գործէ. անոր ցայտուն օրինակը՝ տնտեսական ներդրումներու կողքին՝ Լիբանանի հիւսիսային շրջանին մէջ ապրող թիւրքմէններուն տրամադրուած անթաքոյց զօրակցութիւնն է. անոնց համար կառուցուած են բնակարաններ, հիւանդանոցներ, դպրոցներ, ուր կ՛ուսուցանուի թրքերէն, օսմանական պատմութիւն, մէկ խօսքով՝ թրքութիւն։ Մինչեւ իսկ թրքական անցագիրներ տրամադրուած են այդ բնակիչներուն․․․։ Եւ սա՝ երկրի մը մէջ, որ դար մը առաջ ահաւոր տառապանքներ կրած է նոյնինքն օսմանեան եաթաղանին հետեւանքով…: Իսկ Լիբանանը եզակի չէ այս առումով. Թիւրքմէններ նման առաքելութեան կոչուած են թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Իրաքի մէջ:

«Սուլթանամէտ Էրտողան» անուանումը շինծու չէ, ո՛չ ալ չափազանցութիւն, այլ հարազատօրէն կը պատկերէ Թուրքիոյ կայսերական դիտաւորութիւններն ու զանոնք մարմնաւորող քայլերը, պարզ խօսքով, այդ բոլորը խտացնող՝ տրամաբանական եզրակացութիւնն է։

Պատմութեան էջերուն մէջ, փոշիի տակ ծածկելու ճիգ կ’ըլլայ նաեւ Կիպրոսի 1974-ի բաժանման հարցը: Տակաւին, շղարշ մըն էր այն, որ տասը տարի առաջ, թրքական դրօշ պարզած նաւատորմ մը իբրեւ թէ օգնութիւն փութաց պաշարուած պաղեստինցիներուն: Աւելի՛ աղաղակող են Սուրիոյ դէմ Անգարայի ցայսօր շարունակուող ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը՝ հիւսիսային Սուրիայէն հողեր բռնակցելու նպատակով: Իսկ կարելի՞ է կոյր ու խուլ ձեւանալ քիւրտերու դէմ հետեւողական հալածանքը, յարձակումները, Իրաքի հիւսիսային գօտիէն ներս յաճախակի թափանցումներն ու ջարդերը…:

Եթէ կարկինը քիչ մը լայն բանանք, պարզ աչքերով կը տեսնենք, թէ «նէօ-օսմանական» արշաւը շատ աւելի զգալիօրէն կը շարունակուի նա՛եւ ափրիկեան ցամաքամասէն ներս։ Լիպիոյ մէջ, յատկապէս վերջին մէկ տարուան անցուդարձերը ցոյց կու տան, թէ Էրտողան ամէնայն ճկունութեամբ իր սադրանքները կը շարունակէ՝ ծուղակի մէջ ձգելով Ֆրանսան, Ռուսաստանն ու ամբողջ արաբական աշխարհը։ Ցայսօր, հակառակ Մ․Ա․Կ․-ի կողմէ տրուած որոշումներուն եւ տնօրինած պատժամիջոցներուն, Թուրքիոյ նաւահանգիստներէն ճամբայ ելլող բեռնատար նաւեր գաղտնօրէն կը հասնին Լիպիոյ «Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան» հակակշռին տակ գտնուող նաւահանգիստները եւ զինամթերքով կը պարենաւորեն իրենց զօրակցող ուժերը, որոնք վերջերս ռազմական գետնի վրայ յառաջդիմութիւն արձանագրած են, դժուար կացութեան մատնելով զօրավար Հաֆթարի «Լիպիոյ Ազգային բանակ»-ը, որ կը վայելէ Եգիպտոսի եւ արաբական երկիրներու զօրակցութիւնը:

Եգիպտոս-Լիպիա գօտին չի գոհացներ Էրտողանն ու իր կայսերական տրամադրութիւնները: Դեռ աւելին, ի՜նչ թելադրեալ հաշիւներով՝ Ափրիկէի շատ աւելի խորերը, Սուտանի պատկանող եւ Կարմիր ծովուն վրայ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող Սաուաքին կղզին յանձնուած է… Թուրքիոյ հոգատարութեան։ Օմար Պաշիրի նախագահութեան օրերուն ստորագրուած էր այս համաձայնութիւնը։ Հիմնաւորո՞ւմը… Այդ կղզին 16-րդ դարուն  անցած էր օսմանեան տիրապետութեան տակ, այդպէս ալ շարունակուած՝ մինչեւ 19-րդ դար, որմէ ետք, նախքան Սուտանի տիրապետութեան տակ անցնիլը՝ կարճ ժամանակ մը մնացած էր  եգիպտացիներու հոգատարութեան տակ։

Բացայայտ է, եւ երբեք զարմանալի չէ, որ Սուտանի ներկայ ղեկավարութիւնն ու դրացի պետութիւնները՝ Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա, գոհ չեն այս  «նէօ-օսմանական» դասաւորումէն։ Քողարկուած տագնապը աւելի կը խճճուի, երբ մտաբերենք, որ Էրտողան կը վայելէ Արեւմուտքի հովանին ու քաջալերանքը, բարեկամութիւն կը խաղայ արեւելքցիներու հետ…

Ի տես այս ընդհանրական պատկերին ու աղաղակող փաստերուն, աշխարհը հրաւիրուած է մօտէն ուսումնասիրելու  «նէօ-օսմանական» ժահրը եւ համապատասխան հականեխիչները որդեգրելու: