Առանց Արցախի Լիարժէք Ներգրաւման Բանակցային Գործընթացին Մէջ Էական Առաջընթաց Չի Կրնար Ըլլալ․ ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի համանախագահութեամբ Երեւանի մէջ տեղի կ՝ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Նիստին ներկայ են նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններու նախագահներ՝ Արարատ Միրզոյեանն ու Արթուր Թովմասեանը:

Մինչ օրակարգային հարցերուն անցնիլը՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկած են ելոյթներով:

ՀՀ վարչապետը իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, նշած է.

«Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ,

Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներու մեծարգոյ նախագահներ,

Անվտանգութեան խորհուրդի յարգելի անդամներ,

այսօր տեղի կ՝ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու 4-րդ նիստը եւ ասիկա այլեւս հաստատուած ձեւաչափ մըն է, ուր կը քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան օրակարգի ամենատարբեր հարցեր: Այսօրուան նիստը պայմանաւորուած է անով, որ Արցախի մէջ ձեւաւորուած է նոր իշխանութիւն, Անվտանգութեան նոր խորհուրդ, եւ մենք կարեւոր կը համարենք, որ Արցախի մեր գործընկերները հնարաւորինս արագ ներգրաւուին այս աշխատանքներուն:

Նախ թոյլ տուէք Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամները շնորհաւորել նշանակման առիթով: Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդը նոյնպէս նոր անդամներ ունի եւ անոնք նոյնպէս առաջին անգամ կը մասնակցին այս ձեւաչափով քննարկումներուն եւ անոնց նոյնպէս կը շնորհաւորեմ այս առիթով:

Այս համատեղ նիստին ընթացքին կարեւոր կը համարեմ քանի մը դիտարկում կատարել հարցերու երեք խումբի առնչութեամբ, որոնք ես պայմանականօրէն պիտի սահմանէի իբրեւ բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութեան, բանակցութիւններու բովանդակային հատուածի հանդէպ մեր մօտեցումներու եւ խաղաղ գործընթացի միջավայրի հարցեր:

Անցեալ Դեկտեմբեր 23-ին մեր համատեղ նիստին ընթացքին ես առանձնայատուկ կարեւոր համարեցի Արցախի մէջ իրականացուելիք համապետական ընտրութիւնները: Արցախի մէջ կայացած ընտրութիւնները կը հետապնդէին երեք առաջնահերթ նպատակ: Առաջին՝ հնարաւորութիւն տալ Արցախի ժողովուրդին մարդու իրաւունքներու իրացմամբ ընտրելու այն իշխանութիւնները, որոնք պիտի կազմակերպեն երկրի քաղաքական եւ հասարակական կեանքը: Երկրորդ՝ հնարաւորութիւն տալ Արցախի ժողովուրդին ընտրելու այն իշխանութիւնները, որոնք պէտք է ապահովեն իր անվտանգութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի հարկէ, պիտի շարունակէ աջակցիլ Արցախի իշխանութիւններուն Արցախի բնակչութիւնը պաշտպանելու իրենց յանձնառութեան մէջ՝ շարունակելով ըլլալ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը: Երրորդ՝ Արցախի ժողովուրդը նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պէտք է իրաւագիր տար իր իշխանութիւններուն՝ ներկայացնելու Արցախը նաեւ բանակցային սեղանին:

Այժմ, երբ ընտրութիւնները աւարտած են, իսկ իշխանութիւնները ձեւաւորուած, պէտք է փաստել, որ այս երեք նպատակները լաւագոյնս կատարուած են: Մրցակցային եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Արցախը ունի իշխանութիւն, որ կ՝արտայայտէ քաղաքական բարեփոխումներու, տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային զարգացման արցախցիներու ձգտումները: Ընտրութիւններու եւ անոնց հետեւած իշխանութիւններու կազմաւորման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական ուժերու համերաշխութեան եւ համախմբման կարեւորագոյն գործընթաց, որ վստահ եմ, առաւել ամրապնդեց Արցախի անվտանգութիւնը:

Վերջապէս, ընտրութիւնները ընդգծեցին Արցախի ժողովուրդին եւ անոր կողմէ ընտրուած իշխանութեան դերը խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ: Ակնյայտ է, որ առանց Արցախի իշխանութիւններու լիարժէք ներգրաւման՝ բանակցային գործընթացին մէջ չի կրնար էական առաջընթաց ըլլալ, քանի որ իւրաքանչիւր առաջընթացի համար անհրաժեշտ են կարեւորագոյն համաձայնութիւններու ձեռքբերման եւ իրացման կարողութիւն եւ այստեղ է, որ Արցախի իշխանութիւններու ստացած ժողովրդական իրաւագիրը անփոխարինելի է:

Արցախի իշխանութիւններու ներգրաւումը բանակցութիւններու բովանդակային հարցերուն մէջ առարկայական անհրաժեշտութիւն է, որմէ խուսափիլը առաւել պիտի ձգձգէ առանց այն ալ ձգձգուած հակամարտութիւնը: Ակնյայտ է, որ հակամարտութեան կողմերը ունին իրարամերժ դիրքորոշումներ առանցաքային շարք մը հարցերու մէջ եւ եթէ անկեղծ ըլլանք, ուրեմն շատ աւելի դիւրին է ըսել, որ հարցերու մէջ համաձայն չենք Ատրպէյճանի հետ, քան որ հարցերու մէջ կրնանք համաձայնութեան հասնիլ: Նման իրավիճակը առերեւոյթ ունի բազմաթիւ պատճառներ, բայց եթէ պահ մը փորձենք զանոնք ընդհանրացնել, ուստի ակնյայտ կը դառնայ, որ մենք կը բախինք երկու հիմնական խնդրի:

Առաջին խնդիրը արդէն նշեցի, անիկա կը վերաբերի Արցախի իշխանութիւններուն հետ բանակցելու Ատրպէյճանի ներկայ իշխանութիւններու դժկամութեան հետ: Ինչո՞ւ կը շեշտեմ ներկայ, որովհետեւ այս դահլիճին մէջ կան մարդիկ, որոնք ոչ միայն բանակցած, այլեւ փաստաթուղթեր ստորագրած են Ատրպէյճանի նախկին, աւելի ճիշդ այն ժամանակուան իշխանութիւններուն հետ, ընդ որուն նաեւ Հէյտար Ալիեւի նախագահութեան շրջանին:

Երկրորդ՝ Ատրպէյճանը չի հրաժարիր իր առաւելապաշտական կեցուածքէն եւ կը դիտարկէ խաղաղ գործընթացը իբրեւ իր բոլոր պահանջներու աստիճանական կատարման միջոց: Այսինքն, ոչ թէ փոխզիջման հասնելու միջոց, այլ իր բոլոր պահանջներու աստիճանական կատարման միջոց: Այդպէս չ՝ըլլար եւ պիտի չըլլայ, բանակցային գործընթացը մէկ կամ երկու ընդմիջում ունեցող պատուէրով համերգ չէ, խաղաղութիւնը կ՝ենթադրէ փոխզիջման հասնելու պատրաստակամութիւն եւ համապարփակ լուծումներ:

Այդ իսկ պատրաստակամութիւնը նկատի ունենալով՝ ես ներկայացուցած էի այն բանաձեւը, որուն համաձայն՝ Արցախի հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Ղարաբաղի ժողովուրդին համար, Հայաստանի ժողովուրդին համար եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար: Այս բանաձեւը ուրիշ բան չէ, քան փոխզիջման հնարաւորութիւնը ընդունելու առաջարկ: Կը կրկնեմ՝ հնարաւորութիւնը ընդունելու առաջարկ, այլ ոչ թէ յստակ փոխզիջման ընդունում, որ դեռ հեռու է ձեւաւորուած ըլլալէ՝ իմ նշած պատճառներով:

Չընդունելով իմ առաջարկը՝ Ատրպէյճանի նախագահը չ՝ընդունիր ընդհանրապէս որեւէ փոխզիջման հնարաւորութիւն: Եւ ուրեմն ակնյայտ է, որ մենք չենք կրնար նման մօտեցումներով ակնկալել բանակցային գործընթացին մէջ իրական առաջընթաց, յատկապէս, երբ անոնք կ՝ուղեկցուին պատերազմի սպառնալիքներով կամ հայ ժողովուրդի հանդէպ տարածքային կամ պատմական ուղղակի կամ անուղղակի պահանջներով:      

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը անժամկէտ հայ-ատրպէյճանական լայնածաւալ թշնամութեան վերածելու փորձերը, ուր մեր ժողովուրդները իրարմէ պիտի վիճարկեն ամէն ինչ՝ անցեալը, ներկան, ապագան եւ ողջ տարածաշրջանը, վստահ եմ՝ չի բխիր ո՛չ հայ, ո՛չ ալ ատրպէյճանցի ժողովուրդի շահերէն: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի՝ Ռամիլ Սաֆարովի գործով դատավճիռը յստակ արձանագրեց եւ դատապարտեց Ատրպէյճանի մէջ հայերու հանդէպ ատելութեան հողի վրայ կատարուող յանցանքներու խրախուսումը: Այս դատավճիռը պէտք է սահմանէ յստակ կարմիր գիծեր Ատրպէյճանի համար՝ ցոյց տալով, որ այդ կարմիր գիծերէն անդին կանգնած է ոչ միայն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, այլեւ միջազգային հանրութիւնը:

Քանի որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի նախագահը կը սիրէ անդրադառնալ պատմութեան, ես նոյնպէս պիտի ուզէի ձեւակերպել իմ միտքը որոշակի պատմական օրինաչափութեան մատնանշումով: Իր պատմութեան ողջ ընթացքին, այսինքն՝ վերջին 100 տարուան ընթացքին, Ատրպէյճանը ենթարկուած է 2 մեծ փորձութիւններու՝ 1920 թուականի Ապրիլին, երբ Ատրպէյճանը կորսնցուց իր՝ 2 տարի առաջ ձեռք բերած պետականութիւնը, եւ 1993 թուականի Յունիսին, երբ Ատրպէյճանը վերստին մօտեցած էր 2 տարի առաջ ձեռք բերուած պետականութեան կորուստի եզրագիծին, որուն մասին մեզի այսօր կը յիշեցնէ ատրպէյճանցիներու ազգային փրկութեան օրուան գոյութիւնը, որուն հերթական տարեդարձը, ի դէպ, նշուեցաւ օրեր առաջ:

Ատրպէյճանի պետականութեան համար այս 2 փորձութիւնները պայմանաւորուած էին թէ՛ 1920, եւ թէ՛ 1991 թուականին Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմով: Պարզ է, որ թէ՛ 1920, եւ թէ՛ 1990-ականներու սկիզբը Ատրպէյճանը գերագնահատած էր իր կարողութիւնները եւ թերագնահատած պատերազմի կործանարար հետեւանքները: Ես հեռու եմ այն մտքէն, որ ինչ վատ է Ատրպէյճանին, լաւ է Հայաստանին եւ Արցախին: 1920-ին Ատրպէյճանի պետականութեան կորուստը մեզի՝ հայերուս, ոչինչ տուաւ: Եւ առաւել կարեւոր է, որ 1994-ին մենք՝ Հայաստանը եւ Արցախը, կրցանք Ատրպէյճանի հետ մէկտեղ հրադադար հաստատել եւ վերջ տալ պատերազմին եւ կայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ:

Հայաստանի եւ Արցախի միասնական անվտանգութեան համակարգը առաւել քան պատրաստ է պաշտպանելու հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր հատուածին մէջ: Ուժի կիրառումը անհետեւանք չի մնար, եւ անոր մշտապէս պիտի տրուի առաւել քան համարժէք պատասխան թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքական հարթութիւններու վրայ: Ասիկա կը հասկանայ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ, ըստ էութեան, ինքզինք դրած է փակուղիի մէջ: Աւելի քան 15 տարի ան սեփական ժողովուրդին խոստացած է ռազմական ճանապարհով լուծել Ղարաբաղի հարցը, այս վերնագիրին ներքոյ միլիառաւոր տոլարներ ծախսուած են, որոնք շատ յաճախ ուղղակի դրամի լուացման տպաւորութիւն կը գործեն, որոնք, ի վերջոյ, կը հանգրուանեն արտասահմանեան գօտիներու՝ յայտնի մարդոց պատկանող հաշիւներուն: Ու հիմա ան չի կրնար սեփական ժողովուրդին բացատրել, թէ ինչու իրականութիւնը այնպիսին է, ինչպէս է: Ան կը հասկնայ, որ իր հնարաւոր արկածախնդրութիւնը անդառնալի աւերածութիւններ պիտի բերէ ոչ միայն Ատրպէյճանին, այլեւ պիտի կազմաքանդէ իր հակաժողովրդական իշխանութիւնը: Ու մարդոց ուշադրութիւնը շեղելու համար ան, այս փակուղիէն դուրս գալու համար, կը բարձրացնէ իր յայտարարութիւններուն ջերմաստիճանը եւ կ՝ընդգրկէ՝ անցեալի ձախողումները փորձելով փոխարինել ապագայի վերաբերեալ նոր ու աւելի անհեթեթ խոստումներով:

Վերջերս ալ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու ուղղորդմամբ, ստեղծած են այսպէս կոչուած, «արեւմտեան Ատրպէյճան» նախաձեռնութիւնը՝ նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ասով Ատրպէյճանի վարած տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը կը դառնայ աւելի ամբողջական, եւ «արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի անհեթեթ նախաձեռնութիւնը եկաւ փոխարինելու այսպէս կոչուած, «հարաւային, հիւսիսային, հիւսիս-արեւմտեան ատրպէյճաններու» զաւեշտալի շարքը՝ ընդգծելով Ատրպէյճանի ապակայունացնող նկրտումները ողջ տարածաշրջանի ծիրէն ներս:

Բայց ես կ՝ուզեմ այս իսկ իմաստով ընդգծել, որ մենք, խօսելով ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի կայունութեան մասին, անվտանգութեան մասին, ըստ էութեան, կը խօսինք մեր ողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան մասին, եւ այս առումով Հայաստանը կը դառնայ ոչ միայն ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի, այլեւ մեր ողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան երաշխաւոր: Այս առումով, կը կարծեմ, մենք պէտք է առանձնայատուկ պատասխանատւութեամբ վերաբերինք մեր այս տարածաշրջանային դերին եւ ըլլինենք ուժեղ, ամուր, բայց եւ չտրուինք անիմաստ եւ անհեթեթ սադրանքներու:

Առաւել եւս այժմ, երբ մեր հասարակութիւնները կը պայքարին համաշխարհային մարտահրաւէրի՝ նոր «քորոնա» ժահր համավարակին դէմ, մենք պէտք է կոչ ընենք՝ զերծ մնալու թշնամական գործողութիւններու քարոզէն: Ուզէնք, թէ չուզէնք՝ պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը մեզի դարձուցած են հարեւաններ, եւ մենք պէտք է մեկնինք այն պարզ ճշմարտութենէն, որ մեր ժողովուրդները իրաւահաւասար են, չեն կրնար ըլլալ մէկը միւսի տիրապետութեան ներքոյ եւ պէտք է տնօրինեն իրենց ճակատագիրը իրենց կամքին, ինքնորոշման իրաւունքին համաձայն: Այս իրաւահաւասարութեան ընդունումը մեծապէս պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման եւ մեր տարածաշրջանի երկարաժամկէտ եւ կայուն զարգացման յուսալի հիմքեր պիտի դնեն: Շնորհակալ եմ»: