Անդրադարձ. Սպասելով Արշալոյսին Եւ Նոր Պայքարին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վահրամ Էմմիեան

«Համբերութիւնը դառն է, սակայն անոր պտուղը քաղցր է», կ՛ըսէ ֆրանսական առածը, ուստի իւրաքանչիւր լիբանանցի, ինչպէս որեւէ այլ մարդ արարած, համբերութեամբ կը սպասէ «ՔՈՎԻՏ-19»¬ի համաճարակի ստեղծած խաւարին աւարտը հռչակող արշալոյսին, որ սակայն կրնայ ուշանալ, որովհետեւ իրերայաջորդ զգուշացումներ կը հնչեն համաճարակի 2-րդ ալիքէ մը, որ ըստ նախատեսութեանց, պիտի ըլլայ աւելի աղէտալի:

Բայց եւ այնպէս, բոլորս բնականաբար կը սպասենք արշալոյսին` յուսալով, որ շուտով կը բացուի: Պէտք է սակայն գիտակցիլ, թէ արշալոյսը դէպի վաղը կը բացուի եւ ոչ` դէպի անցեալը: Անիկա նոր օրուան մը սկիզբը կ՛աւետէ եւ լոյս կը սփռէ նոր իրականութեան մը վրայ եւ ոչ թէ նախկինը կը վերականգնէ:

Համաճարակը պիտի հեռանայ, սակայն անհետեւանք պիտի չմնայ: Արշալոյսը մեր առջեւ պիտի պարզէ նոր իրականութիւն մը, նոր իրավիճակ մը, որ պիտի ըլլայ դժուար: Այդ նոր բնականոն կացութեան պէտք է եւ ստիպուած ենք յարմարիլ, որքան ալ անախորժ ըլլայ անիկա:

Հակառակ Լիբանանը բոլոր մակարդակներու վրայ հարուածած տնտեսական ծանր տագնապին եւ անոր ստեղծած բարոյահոգեբանական ժխտական մթնոլորտին, լիբանանահայութիւնը 18 դեկտեմբեր 2019-ին ընդառաջեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին եւ խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» խորագիրով ռատիոթոնին: Բոլորը շտապեցին մաս կազմելու այդ խիստ ողջունելի արշաւին, այդ հանրաքուէին, եւ մեծ ու փոքր նուիրատուութիւններով իրենց ձայնը միացնելու հաւաքական «ոչ»-ին, որ կտրուկ կերպով հնչեց ամանորեան տօներու նախօրեակին:

Առաջին հանրաքուէէն քանի մը ամիս ետք, 16 մարտ 2020-ին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով կայացած ընդլայնուած նիստին ծնունդ առաւ եւ Լիբանանի հայութեան ծառայութեան ի սպաս դրուեցաւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը: Հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն ու դրամատնային սեղմումներուն, ազնիւ հայորդիներ դարձեալ փութացին մասնակից դառնալու եւ աջակցելու այս խիստ կարեւոր ու բազմաթեւ (թէժ գիծի եւ դիմատետրի հաստատում, հականեխման դեղերու բաշխում, հականեխման աշխատանք, սննդեղէնի բաշխում, դեղորայքի հայթայթում եւ «Քորոնա»-ի քննութիւններ) աշխատանքին:

Լիբանանահայութիւնը քանի մը ամսուան մէջ երկու «հանրաքուէ»-ի ճամբով «ոչ» ըսաւ յուսահատութեան եւ ընկրկումին, պարտուողականութեան եւ երկչոտութեան, որովհետեւ ունի իր պատմութեան ընթացքին մղած պայքարներուն մէջ կոփուած կուր ու առնական նկարագիր մը, վերապրելու պողպատեայ կամք մը, որմէ ոչինչ փոխուած է: Սակայն նոյնքան ու թերեւս ալ աւելի կարեւորը այն է, որ լիբանանահայութիւնը իր հաւատքը արտայայտեց հաւաքական աշխատանքին ու պայքարին նկատմամբ: Լիբանանահայութիւնը յստակ ու աներկբայելի կերպով յայտարարեց, որ տէրն է իր ճակատագիրին եւ բարձր ու միասնական ոգիով կը սպասէ համաճարակի աւարտէն ետք բացուելիք արշալոյսին ու նոր պայքարին:

Պարզ է` լիբանանահայութիւնը չի կրնար իր ինքնութեան հակասել, ուստի յետհամաճարակեան դժուար փուլին եւս պիտի ունենայ միեւնոյն կեցուածքը, որովհետեւ այդ է միակ ուղին ու ելքը: