1891թ. Մայիս 27-ին Վախճանեցաւ Հայ Երգիծաբանութեան Աստուած Յակոբ Պարոնեանը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սուրբ Յակոբ Պարոնեան, հայ մտաւորականութեան խիզախութեան հերոս, որ երբ մահացաւ, գրպանին մէջ սոխ ու հաց գտած էին:

Երուանդ օտեան, որ ապրեցաւ Տէր-Զօրի դժոխքը եւ հրաշքով ողջ մնաց ու մահացաւ 1926 թ., երբ 60 տարի ալ չէր ապրած:

Սարուխանը, անոնց գործը նկարազարդելով եւ հրապարակելով, աւելի մատչելի դարձուծած է: Իր տեղը ուղիղ անոնց կողքն է:

Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Լեռ Կամսարը, որ բանտին մէջ անգամ մէկ րոպէ չէ մոռցած, որ ինքը իր ժողովուրդին պաշտպանն է, իսկ երբ չեկայի դժոխքէն ողջ մնացած վերադարձաւ ազատութիւն կոչուած բանտը, մեր «մտաւորականութիւնը» անոր հետ ինչպէ՞ս կը վարուէր. կարծես Լեռ Կամսարը գոյութիւն չուներ: Այո՛, եթե կար բան մը, որ գոյութիւն չուներ Հայաստանի մէջ, ատիկա գրողներու միութիւնն էր իր գրողներով: Անշուշտ, երբ բժիշկը չկայ, հիւանդը կը մահանայ: Պարոնեան, Օտեան, Լեռ Կամսար, Սարուխան մեր բժիշկներն էին:

ՀՀ ժողովրդական գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեան

                                    Պարոնեանի Նամակը Լեռ Կամսարին

Երկինքեն Պարոնեանը նամակ մը ուղղեր է ինծի, որ սակայն 18 տարուան գիր է։ Ինչպէս կ’երեւի եօթներորդ երկինքէն եկած նամակները վարի վեց երկինքներուն մէջ խստիւ քննութեան կ՝առնուին։ Իրաւ է, 18 տարի առաջ, երկինքին ու երկրին միջեւ ուղիղ գծով յարաբերութիւն չկար, այդ գիծը բացուեցաւ Սուէզի ջրանցքին բացուելէն քիչ առաջ՝ խումբ մը հոգեւորական-դրամատէրերու ձեռամբ։ Հիմա կարելի է արդէն նամակ ստանալ ուղիղ գծով։ Նամակը Վերին Երուսաղէմէն երկարելով` կ’իյնայ Վարի Երուսաղէմ` իրենց տէրերուն։

Պարոնեանին նամակը թէեւ հին, բայց գրուած է անանկ նիւթի մը մասին, որ միշտ նոր է հայ ազգին համար ու բնաւ չի հիննար. այդ պատճառով բարձր կարդամ, դուք ալ լսեցէք։

Մեծապատիւ պարոն (անունս ազգանունս)…

Կենդանի բարեկամս.

Յայտնի է, կարծեմ Ձեզի, որ ես տարիներ առաջ մեռայ… անօթի. սակայն ինձմէ յետոյ մեռնողներուն պատմելուն նայելով, ես բոլորովին զուր տեղը մեռեր եմ եւ մահս եղեր է Ազգին ցանկութեան հակառակ բան մը։

Կը պատմեն օրինակ, թէ Ազգը սկսեր է կշտամբել ինքզինքը՝ շատ ծանր խօսքերով, որ ինծի օգնութեան չէ փութացեր ու թողեր է որ մեռնիմ անօթի։ Եղեր են բուռն յարձակումներ ինծի պաշտօնէ զրկողներուն դէմ եւ դագաղիս վրայ թովիչ խօսքեր ըսեր են (որպէս թէ ես հանճար մըն եմ), եղեր է լաց ու աւաղանք։ Չեմ գիտեր… Եկողները անանկ կը պատմեն, որ եթէ ես չմեռնէի ու շաբաթ մըն ալ դիմանայի, Ազգը որոշեր էր արդէն եւ օգնութեան պիտի փութար ինծի։ Ասիկա այն ցաւալի հանգամանքը կը ցուցադրէ, որ ես զուր տեղ, թիւրիմացութեամբ մեռեր եմ, զոհ անհամբերութեանս։ Ու դարձեալ նոյն պատմողներուն նայելով, եթէ շաբաթ մըն ալ տոկայի, օ~, անկէ ետքը Ազգը ամէն կողմէ այնքան ուտելիք պիտի թափեր, որուն սպառման համար պէտք պիտի ըլլար գէթ 200 տարի ապրիլ։ Ուրեմն, եթէ ես երկու օր մըն ալ զսպէի ինծի, առտուները հացի հետ պանիր ալ պիտի ուտէի ու ճաշին լուբիայ։ Ի~նչ երջանկութիւն։ Չեմ գիտեր, գուցէ երեւակայութիւնս քիչ մը սանձարձակ է, սակայն եթէ նոյնիսկ ատոր կէսը ենթադրենք, դարձեալ ահագին բան է։ Ափսոսանքս ու զղջումս մանաւանդ անոր համար կ’այրէ ինծի, որ, ախր, ես շաբաթուայ մը հաց ունէի ու չկերայ անոր համար, որ ընտանիքս ինձմէ ետք քանի մը օր ալ աւելի ապրի։ Եթէ գիտնայի, որ Ազգը այդքան սրտացաւ է հանդէպ ինծի եւ պատրաստ է… մեռնելէս ետքը օգնութեան փութալու ինծի, ի հարկէ, կ’ուտէի։ Բայց զարմանալի բան. ինչպէ՞ս Ազգը ինծի հանդէպ ունեցած այդ բուռն սէրը կրցած էր թաքցնել անտարբերութեան քօղով, ինչպէ՞ս իր շարժումները չէին դաւաճաներ իրեն, չնայած որ ես միշտ կը խուզարկէի անոր սրտին ծալքերը, թէ արդեօք իմ մասին որեւէ համակրանք չունի՞ թաքցուցած։ Կը կրկնեմ. որո՞ւն միտքէն կացնէր, որ այդքան անտարբեր երեւացող Ազգը, այսքան սիրեր է ինծի… Օ~հ, Ազգ իմ, ներողութիւն, հազար ներողութիւն, սիրելիդ իմ, ներէ՛ ինծի իմ այն մէկ քանի դառն խօսքերուն համար, որ ըրի քեզի, ներէ՛…

Ինչեւէ, մենք զիրար չհասկցանք, բայց սխալն անուղղելի չէ. թողունք զգացմունքի խօսքերն ու անցնինք սոյն նամակը գրելուս պատճառին։

Հիմա, ես, տեսնելով որ սխալմամբ մեռեր եմ, կ’ուզեմ վերադառնալ երկիր ու նորէն ապրիլ։ Միայն թէ այս բանի համար հարկաւոր է գործը որոշ հաստատութեան տակ դնել։ Այս առթիւ Ձեզմէ խոնարհաբար կը խնդրեմ նամակս ստանալուդ պէս անգամ մը գնա Ազգին մօտ եւ հարցուր. ըսէ Յակոբ Պարոնեանը կ’ըսէ, եթէ նորէն երկիր գամ, պիտի սիրե՞ս ինծի. ըսէ շուտափոյթ պատասխանի կը սպասէ։ Եթէ ըսաւ «այո՛», այն ատեն, խնդրեմ, վազեվազ մեռիր ու ինծի լուր մը բեր։ Անհամբեր կը սպասեմ։

Մնամ` քո Յակոբ Պարոնեան։

ՅԳ. Նամակս արդէն վերջացուցեր էի, երբ քանի մը ննջեցեալ, որոնց դագաղին վրայ նոյնպէս աղու խօսքեր եղած են, իմանալով, որ երկիր նամակ կը գրեմ, խնդրեցին իրենց մասին ալ հարցնել Ազգին, բայց դուն գործիդ նայէ, եթէ ամէն գովուած մեռել ուզէվերապրիլ, ո՞ւր կը հասնի. անոնք դագաղին վրայ ըսուած քաղցր խօսքերուն կը նային, մինչդեռ, եթէ այդպէս ըլլայ, երկինքի բնակիչները բոլորն ալ պիտի իջնեն կեանք. վասնզի ան ո՞ր մեռելն է, որուն դագաղին վրայ գնահատական խօսքեր չեն եղած…

                                                 Նոյնը

Իմ կ’ողմանէ.- Ես եթէ մեռնելու ըլլամ, շատ-շատ երկու ամիսէն հազիւ (վասնզի Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներու նպաստը ստացուած է)։ Անանկ որ, անկէ առաջ լուր տալ անկարող եմ ինձմէ անկախ սոյն պատճառով։ Իսկ գալով նամակին պատասխանին, իմ կարծիքով սա բանին մէջ մեղաւորը ինքը` Պարոնեանն է։ Անիկա ինքնագլուխ մեռնելէն առաջ պարտաւոր էր բաց նամակ մը ուղղել Ազգին, թէ` Ա՛զգ, ահաւասիկ ես անօթի եմ ու կը մեռնիմ. կամք կու տա՞ք այս բանին, թէ՝ ոչ։ Բնական է, Ազգ մը չի կրնար մարգարէ ըլլալ իր մէկ գործիչին կարօտ վիճակը հասկնալու համար. հեռու չերթանք. դեռ անցեալները Պաքուէն Ռ. Յովհանջանեանը տիար Աւետիս Ահարոնեանին օգնութեան ճիչը բարձրացուց «Արեւին» մէջ, բայց տեսա՞ք ինտոր վերջինս ձեռքը անոր բերնին դրաւ, որ չպոռայ, առարկելով, որ իրեն չի վայելեր կուշտ ըլլալ, երբ Ազգը անօթի է։ Այս տեսնելով, ի հարկէ, այսուհետեւ Ազգն ալ պիտի քաշուի օգնութեան ձեռք երկարելէ իր մէկ կարեւոր անդամին` մերժումէն վախնալով։

Մինչ մեր մէջ սովորութիւն մը դարձեր է ցաւալի կերպով, որ կարեւոր ազգային մը մեռնելուն պէս իսկոյն ազգին օձիքը կը ճանկենք, թէ ինչո՞ւ թողիր որ մեռնէր, օգնէիր թող, սանկ եւ նանկ…

Մինչեւ այսօր գէթ ես տեսած չեմ, որ գործիչ մը Ազգէն հաց ուզած ըլլայ, ան քար տայ, կամ ձուկ ուզած ըլլայ, ան օձ տայ. ինչ որ ճշմարիտն է ան ըսենք։

Եթէ երկինք հանդիպեցայ, այսպէս ալ կ’ըսեմ Պարոնեանին։

Դուք ի՞նչ կարծիքի էք… այսպէս ալ ըսեմ, չէ՞։

Լեռ Կամսար,
1917թ.