Եռագոյնին Հպարտանքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վրէժ-Արմէն

Ես զայն զգացած եմ մանուկ տարիքէս։

YERAKUYN1

Եռագոյնը իր մնայուն տեղը ունէր այնտեղ՝ մեր տան Դաշնակցութեան խորանին մէջ, զոր մայրս սարքած էր՝ ՀՅԴ զինանշանին, երրորդութեան եւ վերեւը նկարներուն կարգ մը հերոսական դէմքերու (մտաւորականներ, յատկապէս, որոնց հանդիպած էր, որոնցմէ ներշնչուած էր), կարծես անոնց որպէս հովանի։ Կարելի է այս մասին կարդալ «Ոստայն 3- Հաղորդութիւն» հատորիս մէջ («Ահա, եղբայր, քեզ մի դրօշ – Եռագոյնին յաճախանքը»)։

Չեմ գիտեր ի՞նչ էր այն բանը, որ այն ատեն այդպէս հպարտութեամբ կը լեցնէր հոգիս. դրօշակին գոյներուն գեղեցկութի՞ւնը, ծնողքիս տածած պաշտամո՞ւնքը մեր Եռագոյնին նկատմամբ, մեր ստացած դաստիարակութի՞ւնը «սրահ»էն ներս,– այդպէս կը կոչէինք մեր ակումբը,– որ մեր մէջ կը սերմանէր ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը, թէ այլ բան մը, որ դժուար է բնութագրել։ Գիտեմ, սակայն, որ անկախ պետականութեան բացակայութեան սեփական դրօշ ունենալը եւ պահելը ի՛նչ մեծ դեր խաղաց աշխարհացրիւ իրերայաջորդ սերունդներուն մէջ վառ պահելու համար հայ ըլլալու, հայօրէն ապրելու եւ մեր իրաւունքներուն պահանջատէր մնալու տեսակէտէն։

Եռագոյնը եւ Մայիս 28ը հոմանիշներ էին մեզի համար ու ամէն տարի, երբ կը նշէինք Հայաստանի յարութեան տարեդարձը եւ դարձեալ կը ծածանէր հայոց դրօշը ոչ միայն մեր բեմերուն վրայ, մեր կեդրոններու ճակատներուն, այլեւ մեր հոգիներո՛ւն մէջ իսկ. ա՛լ աւելի կ՛ամրանար ու կը բազմապատկուէր մեր վճռակամութիւնը շարունակելու մեր պայքարը՝ յանուն ազատ, անկախ ու միացեալ մեր հայրենիքին։

Յետոյ գիտցանք, որ Եռագոյնին պաշտամունքը նոյնպէս անեղծ էր մնացած հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին սիրտին մէջ, հակառակ եօթանասուն տարուան զո՛ւր ճիգերուն՝ զայն մոռցնելու, պատմութեան թանգարա՜նը աքսորելու, բայց մանաւանդ հոգիներէն վերացնելու համար։

Այսօր, մեր ազգային կեանքի ներկայ փոթորկալից այս փուլին, աւելի քան երբեք պէտք է գիտակցիլ ազգային դրօշի կարեւորութեան։

Կ՛ուզեմ այստեղ վկայակոչել Քեպեքի ամէնէն հանրածանօթ աւագ անձնաւորութիւններէն պատմաբան ու ընկերաբան Ժերար Պուշարը (Gérard Bouchard), որ վերջերս կ՛անդրադառնար ներկայ համաճարակի տագնապին եւ անկէ դուրս գալու այլազան միջոցառումներուն։ Le Devoir օրաթերթի 10 Մայիս 2020ի թիւին մէջ, իր La COVID-19, ou le «retour» de la nation («COVID-19ը Կամ Ազգին «Վերադարձը») իր ուշագրաւ յօդուածին մէջ, հաստատելէ ետք, թէ ինչպէ՛ս միջազգային կազմակերպութիւններէն աւելի ու անոնցմէ առաջ, ազգերը իրենք իրե՛նց ներուժին վրայ ստիպուած եղան հաշիւ ընելու՝ դիմակայելու համար համաճարակին յարձակումը եւ մեղմացնելու համար անոր գործած աւերները, եւ առանց նսեմացնելու համաշխարհային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը այդ տեսակէտէն՝ ան տեղ մը կը նշէ թէ միջազգային համաձայնութիւնները ի վերջոյ պետութիւններու միջեւ են, որ կը կայանան, եւ թէ «մեծ ուժերը բոլորն ալ խոր արմատներ ունեցող ազգեր են (եւ այդպէս ալ վճռած են մնալ)» եւ թէ «միջազգային բոլոր մարզական մրցումները ազգային դրօշներու փառատօներ են»։ Ազգային դրօշներու փառատօներ…

Արդարեւ, ո՞ւր է, որ ազգային դրօշները ամէնէն աւելի մեծ հպարտութիւն կ՛առթեն, եթէ ոչ ողիմպիական խաղերու կամ նման մեծ իրադարձութիւններու ատեն, երբ, որեւէ խաղի մրցումէն ետք, կայմերէն վեր կը բարձրանան ազգային դրօշները, գրեթէ ամբողջ աշխարհը ընդգրկող եւ իրենց աչքերը դաշտին կամ սեփական պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ սեւեռաած դիտողներու բազմութեան առջեւ՝ հպարտութիւն ընծայելով ոչ թէ պարզապէս մրցանակակիր մարզիկներուն, այլեւ ու մանաւանդ անոնց ազգերո՛ւն։

Այսօր անժխտելի իրականութիւն մըն է այս, որ մեզ պիտի մղէ նաեւ մտածելու, թէ մեր քաղաքական բոլոր աշխատանքներէն անդին, պետութիւն կերտելու մեր բոլոր խարխափումներէն ալ անդին, Հայ Դատի հետապնդման ամէնէն ազդեցիկ դաշտերէն մէկը, եթէ ոչ ամէնէն ազդեցիկը՝ մարմնամա՛րզն է։ Ճանչցուելու, յարգուելու եւ լսուելու գրաւականը այդ կայմերուն վրայ Եռագոյնին բարձրացման յաճախակիութի՛ւնն է։  Ասիկա քանիցս արտայայտուած թէզն է մեծ Շաւարշին եղբօր թոռան՝ բժիշկ Շաւարշ Քրիսեանին՝ ընկերոջս, որուն կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ձայնակցիլ։

Բայց այդ բարձրացող Եռագոյնները պիտի չծառայեն միայն մեր ձայնը օտարներու հասանելի դարձնելու համար։ Անոնք ամէնէն առաջ ու ամէնէն աւելի նոր սերունդին մէջ պիտի ստեղծեն հայ ըլլալու հպարտութիւնը եւ հայութիւնը յաւերժացնելու կամքը։

Ուստի չմոռնանք նաեւ շեշտել ուկարեւորութիւնը մեր մարմնակրթական կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄի դերակատարութեան։

Ահա՛ Եռագոյնին՝ մեզի շնորհելիք հպարտութեան կարեւորութիւնը այսօր եւս։