Միասին՝ Այնճարի Համար

Սփիւռք

Այնճար hայաւանը՝ Սփիւռքի միակ հայկական գիւղաքաղաքը կը գտնուի Լիբանանի Պեքաա դաշտին մէջ: Մուսա լեռցիները՝ երկու անգամ գաղթականութիւն տեսած հայորդիները, Այնճար հաստատուելէ ետք տոկացած են իրենց առջեւ ծառացած բոլոր դժուարութիւններուն եւ ճահճային այս հողատարածքը վերածած են կանաչապատ եւ կենսունակ այսօրուան գիւղաքաղաքին:

Պսակաւոր ժահրի համաճարակին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմանները դիմագրաւող այնճարաբնակ մեր հայրենակիցները անմիջական եւ շուտափոյթ օժանդակութեան կարիքը ունին:

Աշխարհացրիւ խումբ մը մուսալեռցի-այնճարցիներ, հովանաւորութեամբ տարբեր երկիրներու Մուսա Լեռ Հայրենակցական միութիւններու եւ մտահոգ աւանի ու մեր համագիւղացիներուն այժմու կացութեամբ՝ կոչ կ՛ուղղեն՝ միասնակամ մասնակցելու «Միասին՝ Այնճարի Համար» հանգանակութեան, ի շահ այնճարաբնակ մեր հայրենակիցներուն:

Հանգանակութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի Այնճարի ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան դրամատան հաշուոյն: Այնճարի մէջ ստեղծուած Շտապ օգնութեան յանձնախումբը պիտի տանի կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւն հայթայթելու աշխատանքը:

Կազմակերպիչները կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտեն մասնակցողներուն՝ յիշեցնելով.  «Չիւր բըռնըք, կանաչ թըղ դառնու»։

Մասնակցելու համար այցելել https://givebutter.com/togetherforanjar կայքէջը։