«Բանակի Կեդրոնական Մարզական Ակումբ»՝ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն Ներս

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ Կառավարութեան որոշումով՝ կը ստեղծուի ՀՀ ՊՆ «Բանակի կեդրոնական մարզական ակումբ» պետական հիմնարկ: ԵՌԱԳՈՅՆ-ի տեղեկութիւններով՝ նախագիծին հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ մարզական ակումբի գործունէութեան նպատակն է՝ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ մարմնամարզութեան զարգացումը, նախարարութեան մարզական հաւաքական խումբերու կազմաւորումը եւ անոնցմով ՀՀ զինուած ուժերը հանրապետական եւ միջազգային առաջնութիւններու ներկայացումը, զինծառայութեան ընթացքին հաշմանդամ դարցած անձերուն ներգրաւումը զինուած ուժերու մարզական կեանքին եւ պարասփորթի զարգացումը, նախազօրակոչային եւ զօրակոչային տարիքի երիտասարդութեան ծիրէն ներս զինուորական ծառայութեան գրաւչութեան մասսայականացումը:

Այս ակումբին միջոցով հնաւոր պիտի ըլլայ ապահովել ՊՆ հաւաքական խումբերու մարզումն ու մանկապատանեկան խումբերու ձեւաւորումը, ռազմակիրառական մարզաձեւերու զարգացումը, կազմակերպել զինծառայողներու եւ պաշտպանութեան նախարարութեան քաղաքացիական անձնակազմի, անոնց ընտանիքներու անդամներու մարմնակրթութեամբ եւ մարմնամարզանքով զբաղիլը: