Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապ․- Փոխզիջման Տրամաբանութենէն Անդին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա.Ա.

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցային հոլովոյթին մէջ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը շատ յստակ է։ Տագնապը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ՝ Արցախը վերադարձնելով Ատրպէյճանի եւ ապա միայն կարելի է խօսիլ ու բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի լայն իրաւասութիւններով ինքնավարութեան կարգավիճակի մը կարելիութիւններուն մասին։ Լուծման այս պատկերացումէն տարբեր ոչ մէկ տարազ ընդունելի է Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց վարած պետական քաղաքականութիւնը ունի իր զուգահեռները՝ մշակութային, պատմական, ճարտարապետական թէ այլ մարզերու մէջ խեղաթիւրումներու եւ նենգափոխումներու երանգներով։
Արցախեան գոյամարտին արդիւնքն ալ շատ յստակ է։ Արցախը վերստանալով իր անկախութիւնը՝ արցախահայութիւնը վերատիրացաւ իր պապենական հողերուն վրայ ինքնիշխան, ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքին, որ հիմնուած է միջազգային օրէնքի կարեւորագոյն տարրէն՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ։Հակառակ պատմական նենգափոխումներու, տարբեր տեսակի ճնշումներու, խեղաթիւրումներու եւ կամայականութիւններու, երբ հողին վրայ կ՛ապրի բնիկը, ապա ինքնորոշման իրաւունքի տարրն ու էութիւնը գործադրուած եւ յարգուած կ՛ըլլան եւ ոչ մէկ ուժ այս իրաւունքին իրաւացիութիւնը կրնայ կասկածներու տակ առնել։Արցախի պարագան ասոր լաւագոյն ապացոյցն է։
Այս երկու մատնանշումներուն առանքին կ՛իյնայ քաղաքական բանակցութիւններու արուեստին նրբութիւններով գերյագեցած «փոխադարձ զիջումներ» հասկացողութիւնը, երբ բանակցող կողմերը սեղանին վրայ կը դնեն իրենց բոլոր խաղաքարտերը, պայմաններու եւ պահանջներու ներկայացմամբ եւ որոնք սակարկութեան, փոխանակման եւ փոխադարձ զիջումներու ամբողջական շղթայի մը օղակները կրնան ըլլալ։ Ասոնք յաճախ ագուցուած են իրարու, յաճախ կարելի է զանոնք տարանջատել իրարմէ եւ մէկ առ մէկ քննարկել, յաճախ ալ՝ ըստ հայեցողութեան, կարելի է պարտադրել զօրաւոր կողմին պայմաններն ու պահանջները։ Այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը այն է, թէ բանակցող կողմերը ինչի կը տիրեն, ինչպիսի գործօններ եւ լծակներ ունին, որպէսզի իրենց պայմանները պարտադրեն բանակցութիւններուն ընթացքին։
Հոս է, որ հայկական կողմը կը շեշտէ փոխադարձ զիջումներու հիմամբ լուծման մը անփոխարինելիութիւնը։ Այսինքն՝ մէկ կողմը կը զիջի իր ունեցած զէնքերէն, միւս կողմը՝ նոյնպէս, եւ քար առ քար կը բարձրանայ ամբողջական համաձայնութեան մը պատուանդանը։ Ասիկա դիւանագիտական խաղաղ միջոցներով տագնապը լուծելու իտէալական ձեւն է։
Բայց Ատրպէյճան չի խօսիր, ոչ ալ կ՛ակնարկէ փոխադարձ զիջումներու կարեւորութեան, այլ կը խօսի պատերազմին «յաղթական» կողմի հոգեբանութեամբ եւ արուեստական դիրքերէ, միշտ շեշտելով, որ տագնապը չի լուծուիր, եթէ չի յարգուիր Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով երկու օր առաջ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը շահագործեց՝ հայկական կողմը ամբաստանելու համար, որ կը խոչընդոտէ Հասարակապետութեան աշխարհագրական տարածքին ապահովութիւնը եւ ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի ձախողի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցային հոլովոյթը։
Անշուշտ, ինչպէս կը սպասուէր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտարարեց պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը՝ շեշտադրելով փոխադարձ զիջման կարեւորութիւնը, թէ Արցախեան տագնապը այս տարազէն զատ լուծման այլընտրանք չունի։
Փոխադարձ զիջման մէջ Արցախի հողային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը սակարկելի նիւթեր չեն։Քննարկման առարկայ ալ չեն, որովհետեւ անոնք ամրագրուած են Արցախեան Գոյամարտին յաղթանակով։
Փոխադարձ զիջման մէջ Ատրպէյճանի պետութիւնն է, որ պիտի հրաժարի անգործադրելին իրականացած տեսնելու իր քաղաքական նպատակէն, որ աւելի խաբկանք է, քան պատմական, աշխարհագրաքաղաքական թէ քաղաքակրթական անվիճելի փաստերու վրայ հիմնուած տարազաւորում մը։Հայկական կողմին զիջումները յստակ են եւ Մինսքի խումբին համանախագահութիւնը շատ լաւ տեղեակ են, թէ հայկական կողմը ինչ պիտի զիջի։Եւ անոնք Արցախի պետութեան անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին։ Այս երեքը ամրագրուած եւ հաստատուած իրողութիւններ են, որոնց շուրջ բանակցութիւն, զիջում, խորհրդակցութիւն թէ խօսակցութիւն կարելի չէ։ Եւ Ատրպէյճան այս իրողութիւնը շատ լաւ գիտէ եւ ասոր համար ալ մերթ ընդ մերթ հին եւ իմաստազուրկ լոզունգային յայտարարութիւններով կը ջանայ իր պահանջները խմբագրել եւ յարմարեցնել իր հասկցած տարազին։ Մնացականեան զայն որակեց առաւելապաշտութիւն, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար բնութագրել իբրեւ անկարելի երազ մը։