Արգելափակում է. Թափառող Միտքեր՝ Արուեստի, Գրականութեան Եւ Քննադատութեան Մասին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան 

Մշակոյթը նախ եւ առաջ ոճի նոյնութիւն մըն է, որ կը յայտնուի ազգի մը բոլոր գործունէութիւններուն մէջ:

Ֆրէտէրիք Նիցչէ

            Այս կիրակի առաւօտ, Հրեշտակներու քաղաքէն ել-նամակով ստացայ երկտող մը՝ կցուած լուսանկարով: Գրող եւ մտաւորական ընկեր մը կ’ըսէ, որ իր պարտէզին մէջ կը մշակէ եւ կը հասցնէ լոլիկ, վարունգ, գետնախնձոր, պղպեղներ, կանաչ սոխ, սմբուկ, դդում, որթատունկ, նորաշխարհ, կիտրոն, մանտարին եւ սեւ թուզ…

            Նուազ յաջողութեամբ, Լոյսերու քաղաքին կից տանս փոքրիկ հողամասին վրայ ես ալ կը փորձեմ աճեցնել լոլիկ, դդում, սամիթ, մորմենի, արքայամոր, լուբիա, թուզ, խնձոր (ծիրանենին եւ սալորենին չորցան), կեռաս, կը բուսնին ծոթրին եւ անանուխ, սխտորուկը մերժեց ծլիլ, կանաչին գոյն կու տան վարդենիները, որոնց մէջ է Երուսաղէմի կոչուած տեսակը, զոր կ’օգտագործեն անուշ պատրաստելու համար:

            Մեկուսացման ձանձրոյթին կեանք տալու ձեւ, որուն կը հետեւի թռչկոտող մտածումը:

            Եթէ Հայաստանի գիւղերուն եւ շէներուն մէջ, Սիսիան, Եղվարդ, Մեղրի, Խնձորեսկ, անոնց կից հողերուն վրայ հայ մարդոց հաստատուելու պայմանները ստեղծուէին, փոխանակ թխմուելու թխմուած Երեւան, Հրեշտակներու քաղաքի բնակիչ մտաւորականը կամ Էյֆէլեան Աշտարակը դիտողը, նոյնքան սիրով լոլիկ, սոխ, դդում, եւ պտուղներ հոն կը մշակէին… շարունակելով հանդերձ իրենց միտքի աշխատանքը… Եթէ այդ ընելու համար հայրենիքը դիւրութիւններ ընծայէր, անոնք ալ, փոխանակ Երեւանի այսպէս կոչուած էլիտար բարձրայարկ շէնքերուն մէջ մեկուսանալով կարօտի զգացումներ չփորձէին բաւարարել… Եթէ, եթէ…

            Ինչպէս ըրած է Հրեշտակներու քաղաքէն ուրիշ հայրենակից մը, գիւղի մը մէջ տնկած է երեք հազար պտղատու ծառ: Վերադարձ դէպի Հայաստան, վերադարձ դէպի բնութիւն: Այս ազգասիրական շատախօսութիւն չէր, ո՛չ ալ ինքնահիացման լրագրութիւն կամ գրականութիւն:

            Հայրենիքը եթէ դիւրացնէր վերադարձը բանաստեղծին, գրողին, իմաստասէրին, գեղանկարիչին, դեռ հայրենիքի հանդէպ անխառն սէր ունեցողներուն (խօսքը չի վերաբերիր հայութիւնը այլ փառասիրութիւններու որպէս հարթակ գործածողներուն), որպէսզի հայու տաղանդը եւ քրտինքը չհոսէին ուրիշներու աւազանին մէջ, եւ հայ արուեստագէտը,- նկարիչ, բանաստեղծ, երաժիշտ,- ինքնահաստատման համար չաւազախրէր կապկումներու մէջ:

            Հայերէն բառերը երաշխիք չեն հայ բանաստեղծութեան: Ինչպէս որ հայկականութեան եւ ազգի գոյատեւման երաշխիք չեն կիրակնօրեայ խորովածի հանդիպումները, պոլսական փլաքին, արաբական լէհմէճիւնը, որ Հայաստան հասնելով եղած է լահմաջո…

            Եթէ քննական այս ակնոցով մօտենանք սփիւռքն(ներ)ի բանաստեղծներու արտադրութեան, դիւրաւ պիտի տեսնենք, որ հայերէն բառերը, միտքերը, զգացումները, տեսիլքները, կը ձուլուին վարձու կաղապարներու մէջ, քանի որ անոնց մէջ չենք գտներ հողը, պատմութեան եւ մարդոց կերտած զգացումներու եւ բառի հրաշք ժառանգութիւնը: Նոյնը յաճախ կը տեսնենք Հայաստան՝ վասն արդիականութեան, այլ արդիականացումներու շարքին: Երբեմն կը մտածեմ, որ եթէ այդ գրուածներուն մեծ մասը համակարգիչը թարգմանէր այս կամ այն լեզուի, ո՛չ ոք պիտի մտածէր, որ այդ տողերը նախապէս հայերէն եղած են:

            Եթէ գէթ գրականութեան, բանաստեղծութեան եւ ընդհանրապէս արուեստներու գնահատման պարագային, իրաւ քննադատութիւն ունենայինք, սեփական արժէքները կը յայտնաբերուէին, առանց կողմնապաշտական հաճոյակատարութիւններու, կը ճշդուէին, թէ ո՞ր ստեղծագործութիւնները օտարի անդաստանին կապկումներն են, ապաշնորհ ներածումներ: Փիքասոն մեծ նկարիչ է, զայն կապկող հայը կապկող է, ընդօրինակող է, մեծ չէ: Կապկողը ապահովաբար կը տառապի խորքի պակասէ, նոյնիսկ եթէ «արդիականասէր պալատականներ» ունենայ:

Այսօր մենք չունինք իր անուան արժանի գրական քննադատութիւն: Ան կը ծանծաղի գրախօսականի մակարդակին: Ճշմարիտ գրական քննադատութիւնը ընդհանրապէս արուեստի քննադատութիւնը,- քննադատութիւն եզրը բացասական իմաստ չունի,- ինքնին ստեղծագործութիւն է, քանի որ կը միտի խօսեցնել ընտրուած առարկան. վէպ, բանաստեղծութիւն, գեղանկար, քանդակ, համանուագ: Օրինակ, Աւետիս Ահարոնեան երբեք չէ յաւակնած գրական կամ արուեստի քննադատութիւն ընել, բայց իր «Իտալիայում» գիրքին մէջ այս հարցը լուսաբանող էջ մը կայ: Կանգնած Միքէլ Անճելոյի «Մովսէս»ի կոթողական գործին դիմաց, Աւետիս Ահարոնեան կը կարդայ «Մովսէս»ի պատմութիւնը եւ պատգամը, կը տեսնէ թէ ինչպէ՞ս Մովսէս ոտքի պիտի ելլէ եւ առաջնորդէ իր ժողովուրդը: Այսինքն, քարեղէն տուեալէն կ’արտահանուին իմաստը եւ խորհուրդը, քննադատ եւ ստեղծագործող իրարու կը հանդիպին, այսօր նորոյթ բառով պիտի ըսէինք՝ empathie-ով, բաժնեկցելով տեսիլք եւ ապրում:

            Գրական կամ արուեստի քննադատութիւնը գործը պէտք է կարենայ դուրս բերել էջէն, պատուանդանէն, շրջանակէն, անով տեսնելու համար աշխարհը, շրջապատը, խորհուրդները, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հին Յունաստանի Տելփի քրմուհին կը կարդար խորհուրդները եւ պատգամները: Այսինքն երթալ ըսուածէն, կտաւի ներկէն, մարմարէն անդին, հասկնալու եւ տեսնելու համար իմաստը եւ գեղեցիկը՝ որոնք կրկնութիւնները չըլլան այլ տեղ եւ այլ պահու մը ըսուածի, լսուածի, տեսնուածի: Գրականութեան եւ արուեստի խորքային քննադատութիւնը, արագ եւ բազմատեսակ հաղորդակցութիւններու յառաջացուցած խճողումին եւ ճնշման պատճառով, կ’այլասերի քարոզչական-լրագրական  գրախօսականներով, զարդարուն ծանուցումներով: Հրապարակային ելոյթներու ընթացքին, շնորհահանդէսներու, խնդրուած-ապսպրուած գրախօսականներու մէջ, կը բացակային արդար գնահատումները: Եթէ լսենք ըսուածները եւ գրուածները, այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, որ այս կամ այն գործը դարագլուխ կը բանայ: Եւ այդ գնահատականները կը մոռցուին:

            Գրականութեան եւ արուեստի քննադատութիւնը պէտք է խօսի գործի ինքնատպութեան, գեղեցկութեան եւ խորքի մասին: Այս երեքի համագումար եզրակացութիւնը պէտք է ըլլայ ներկայութիւնը թռչող մտածումի, առինքնող գեղեցիկի եւ նուաճող մարդկայնութեան: Այս երրորդութիւնը կը չափուի նոյն գործը կրկին եւ կրկին կարդալու, դիտելու եւ լսելու ցանկութեամբ, անոնց արձագանգով: Աւելին. գործի մը արժէքը կը չափուի անով, որ ընթերցողը կամ արուեստասէրը նախապէս լսածի, կարդացածի եւ տեսածի զգացումը չ’ունենար: Գտնուա՞ծ էք Լէոնարտօ տա Վինչիի Ժոքոնտին դիմաց, եւ երբ ուզած էք վերադառնալ եւ կրկին դիտել, երրորդ անգամ դիտել, առիքնուած էք, այդ կը փաստէ, որ իրաւ ստեղծագործութեան դիմաց կը գտնուիք: Կամ երբ տարիներ վերջ կրկին կը յիշէք Մեծարենցի կամ Չարենցի տողերը, պահած կ’ըլլաք դրոշմը, այդ կը վկայէ յաջողած ստեղծագործութեան մասին: Տիտղոսաւորի մը կամ հեղինակաւորի մը գրախօսականը կամ ներկայացումը անպայման երաշխիք չեն գործի մը իրաւ արժէքին:

            Գործ մը, գրական կամ արուեստի, ժամանակի եւ մարդու շնչառութիւնը պէտք է ունենայ: Գրական եւ արուեստի քննադատները այդ շնչառութիւնը պէտք է որ կարենան արտահանել, զգացնել, ցոյց տալ: Եթէ այդ շնչառութիւնը բացակայի, գործը ստեղծագործական իրաւ կնիք չ’ունենար: Իսկ ընթերցողը գրական կամ արուեստի գործին ընդմէջէն ինքզինք պէտք է կարենայ սեւեռել:

            Ստեղծագործութիւնը միաժամանակ գրականութիւն է, բազմերանգ պատկեր եւ դաշնութիւններու ձայն է, քաղաքականութիւն է (բառին ազնիւ իմաստով), իմաստասիրութիւն եւ իմաստութիւն է: Քննադատը բազմածալ ինքնատպութիւններու արտահանողը պիտի ըլլայ, իրապէս արժեւորելու համար գործը, ինչ որ յաճախ ապսպրուած օրաթերթային գրախօսականներու մերժումն իսկ է: Փապլօ Փիքասոն ինք է, իր հետեւորդը, զինք կապկողը, անոր շուքին ծուարելով հռչակ եւ յաջողութիւն հետապնդողը կապկող է, կրկնող:

            Բայց յաճախ, մտաւորական ծուլութեամբ, կը գոհանանք հասարակ տեղիքի, հանրային կարծիքի բաւարարման ինքնագոհութեամբ, ամբոխավարական տխրութիւններու տուրք կու տանք, եւ իրաւ արժէքներու կողքով կ’անցնինք, հաճոյակատարութեամբ՝ ինքնատպութեան մարմաջով մրոտուած էջը կամ ընդօրինկուած-գունաւորուած կտաւը կը համարենք ստեղծագործութիւն:

            Երբ գործ մը չի քննադատուիր, կ’արժանանայ միայն գովեստի, ճապաղ խօսքի, արդէն կը մնայ տպուած թուղթի էջին կամ շրջանակուած կտաւին վրայ:

            Գրական եւ արուեստի իրաւ քննադատութիւնը ինքնին պեղող ստեղծագործութիւն է: Այդ ըրած է Յակոբ Օշական:

            Իմաստուն խօսք ըսած է ԺԹ դարու մեծ գրող Կիւսթաւ Ֆլոպէր. «Որքան գործ մը լաւ է, այնքան դէպի իրեն կը քաշէ քննադատութիւնը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս սպիտակ կտաւը՝ ոջիլները»*:

            Հայ գրողներու պարագային երբեմն, յաճախ, ականջալուր կ’ըլլանք Նոպէլեան մրցանակ ստանալու ցանկութիւններու: Ե՞րբ այդ ցանկութիւնները անցած են իրաւ քննադատութեան բովէն: Չինացին եւ ճափոնցին իրենք զիրենք կրցա՞ծ են սեւեռել ցանկութիւններու այդ երկերուն մէջ:

            Աւելի ճիշդ, այսօր ունինք գրականագիտութիւն, որ այլապէս կարեւոր ուսում է, բայց  չունինք արժէքները արտահանող իրաւ քննադատութիւն:

            Իսկ լրագրական գրախօսականը սահմանափակում է, եւ շնորհահանդէսները՝ անվաղորդայն ամբոխահաճութիւն:

            Հայաստան, Ծաղկաձորի գրողներու տան մէջ, համագումարի մը, խօսեցայ գրական քննադատութիւնը վերականգնելու մասին: Բայց կը մնանք գրախօսականի, յաճախ խնդրուած-ապսպրուած, գիրքի մը ներկայացման խօսքի, երբեմն ալ աղմուկի, սահմաններուն մէջ:

            Գրադարանէս վար առի ժամանակակից բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեանի «Յուդայի արձակուրդը» գիրքը (ՀԳՄ հրտարակչութիւն, 2003, 456 էջ):

            Կրկին կարդացի Արտեմ Յարութիւնեանի թռիչք, ցաւ, գերանցում ունեցող բանաստեղծութիւնները, ուր կան իրաւ կեանքը երկրին, քաղաքին, ընկերութեան, աւերին, չարին, անոնց հունով ժայթքող զգացումներուն եւ իմաստութեան, բարոյականութեան եւ անոր հակառակին:

            Մտածեցի, որ վերեւ նշուած նոպելեանական փառասիրութիւններու բաւարարութիւն կրնայ տալ այս բազմահանդէս հատորը, եթէ թարգմանուի, գրադատուի, ներկայացուի, համալսարաններու մէջ ուսումնասիրուի, հասնի նաեւ անոնց՝ որոնք իրաւ գրականութիւն կ’որոնեն… մրցանակ տալու համար:

            Բայց նախ մենք պէտք է որ կարդացած ըլլանք Արտեմ Յարութիւնեանի, կամ ուրիշի մը ժամանակը դրոշմած գործերը:

            Յիշեցում մը. ինչո՞ւ Արտեմ Յարութիւնեանի բանաստեղծութիւնները սփիւռքեան լայն հասարակութեան սեփականութիւնը չեն դառնար, ինչո՞ւ իր գիրքերը մեսրոպեան հարազատ ուղղագրութեամբ լոյս չեն տեսներ, ինչո՞ւ չեն թարգմանուիր ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի, հասնելու համար մտաւորական շրջանակներու եւ զանգուածին: Այդ կ’ըլլայ մրցանակներու յաւակնութեան առաջնորդող ճանապարհը, ստեղծագործութիւնը դուրս կը հանէ մեր «փոքրիկ ածու»էն:

            Արտեմ Յարութիւնեանի պարագան օրինակ մըն է:

            Այս աշխատանքին համար անհրաժեշտ է նաեւ համադրական կազմակերպութիւնը: Հայաստան-սփիւռք մշակութային իսկական բարձրամակարդակ համագործակցութիւն,- ո՛չ ընկերահամակրական,- միջազգային հրապարակ գալու համար:

            Երէկ տարտղնուած էինք: Մնալով հանդերձ այդ վիճակին մէջ, հիմա նաեւ համավարակը մեզ մեկուսացուցած է: Ինչպէ՞ս ճամբայ պիտի հարթենք հայ միտքի եւ տաղանդի զարգացման եւ ճառագայթման համար: Այս ո՛չ գինեձօն է, ո՛չ բանակռիւ, ո՛չ ալ շքանշանային անմահութիւն:

            Ամպերէն իջնելով, անհրաժեշտ է ճիշդ ներդրում կատարել եւ ճիշդ մարդը դնել ճիշդ գործին գլուխը