105-ամեակի Նշում՝ Շիքակոյի Եւ Լօուըլի Մէջ

Սփիւռք

Հակառակ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած դաժան պայմաններուն, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի կարգ մը գաղութներէ ներս, սակաւ թիւով հայորդիներ նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։

Շիքակոյի կեդրոնական շրջանի «Տալի Փլազա»-ի մուտքին, քանի մը հայորդիներ պաստառներով եւ եռագոյն դրօշներով ժամեր շարունակ կատարեցին խաղաղ նստացոյց մը, հետաքրքրութիւն ստեղծելով շրջանը այցելող թիւով քիչ անցորդներուն, որոնք աւելի հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին։ Տեղւոյն Հ․Յ․Դ․ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, այս տասնեակ մը ցուցարարները կը նշէին, թէ Ցեղասպանութեան 105-ամեակին կողքին, նաեւ այս տարի կը նշուէր Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակը, որուն պայմանները պէտք է անյապաղ գործադրուին։

«Հակառակ ստեղծուած պայմաններուն, կրցանք ներկայ ըլլալ եւ մեր խօսքը փոխանցել», ըսաւ ցոյցը կազմակերպողներէն՝ Կրէկ Պետեան։

Միւս կողմէն, Լօուըլի (Մասաչուսէց) մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ նմանօրինակ հաւաք մը, ուր քաղաքի կեդրոնին մէջ քանի մը խաղաղ ցուցարարներ նշեցին Ցեղասպանութեան 105-ամեակը։ Անոնք նաեւ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն։

Այս առթիւ, Լօուըլի քաղաքապետ Ճոն Լիհին յայտարարութիւն մը լոյս ընծայած էր, քննադատելով 105 տարի առաջ կատարուած այս անմարդկային ցեղասպանութիւնը։