Հայ Տարագիրներու Դէպի Սուրիա Գաղթի Թեման՝ Մամուլի Էջերուն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անի Ֆիշենկճեան
(պատմական գիտութիւններու թեկնածու
ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի
գաղթօճախներու եւ սփիւռքի բաժինի աւագ
գիտաշխատողի պաշտօնակատար)

Մեծ Եղեռնի կամ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան մասին լոյս տեսած են, զանազան լեզուներով, բազմաթիւ մենագրութիւններ, յուշագրութիւններ, յուշապատումներ, գիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ հրապարակուած են տեսերիզներ, որոնք վառ ապացոյցն են հարիւր եւ հինգ տարի առաջ ցեղի մը դէմ ծրագրուած եւ իրականացուած բնաջնջման քաղաքականութեան։ Աւելի քան հարիւր տարի անցած է այդ իրադարձութիւններէն, սակայն այսօր, 21-րդ դարուն եւս մենք ականջալուր կը հետեւինք իրադարձութիւններու, եւ ականատես կը դառնանք այն կեղեքումին, հարստահարութեան եւ սպանդին, որոնք դարեր շարունակ կատարուած են ոչ միայն հայութեան, այլեւ մարդկութեան դէմ։
Իր սեփական հողն ու տունը ձգած եւ բռնագաղթի ենթարկուած հայ արարածին թէեւ վիճակուած էր երկրորդ կեանք մը, սակայն պայմանաւորուած էր բոլորովին կեանքի այլ հրամայականով։ Բարդ ու քարքարոտ ճանապարհ. վերապրողներէն ոմանք այդ ցաւի մէջ կը փորձէին յոյսի նշոյլներ տեսնել. հայը ակնկալիք ունէր մեծ պետութիւններէն, որոնք պատրանքի մէջ պահելով տարաբախտ ժողովուրդը՝ տարածաշրջանին մէջ իրենց ախորժակները սրած իւրաքանչիւրը կը փորձէր մեծ պատառ մը ձեռք ձգել ոչ միայն օգտուելու Արեւելքի բարիքներէն, այլեւ տիրակալը դառնալու այդ հարստութեան։
Տարագրեալ հայ ժողովուրդի բռնագաղթի ուղին մերթ ընդ մերթ զինք կ’առաջնորդէր դէպի պատմական Հալէպ քաղաք, եւ կամ Սուրիոյ[1] տարբեր կեդրոններ։ Տարագիրներու մէկ մասը քշուելով անապատներ կ’ենթար- կուէր ամենազարհուրելիին։
1920-էն առաջ գաղթականներու հոսքը սկսած էր դէպի Հալէպ։ Հալէպի Գաղթականաց յանձնաժողովի անդամներէն Սարգիս Ճիէրճեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Սահակ Բ. Հայրապետին ուղղուած 10 Օգոստոս 1915 թուակիր[2] նամակով հետեւեալը կը փոխանցէր. (Ստորեւ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ, հաւատարիմ մնալով բնագրին)
«Վեհափառ Տէր,
Ամիսներէ ի վեր սկսուած գաղթական շարժումը, ինչպէս ծանօթ է Ձերդ Ս. Օծութեան, պարբերական հոսանքներով մեզ բերաւ գլխաւորաբար Կարինի, Խարբերդի, Սվազի, Ատեամանի, Պէհիւնիի եւ այլ կողմերու դժբախտ հայութիւնը։ Այրիացած կիներու եւ որբերու բազմաթիւ ստուար զանգուածներ հեղեղի նման թափուեցան Հալէպի վրայ, որոնց ներկայացուցած անօրինակ ու գերազանցօրէն սրտայոյզ տեսարանները կսկծանքով դիտելու դժբախտութիւնը վիճակուեցաւ նա՛եւ Ձերդ Ս[ուրբ] Օծութեան։
Հալէպի ա՛փ մը հայութիւնը իր կարելի բոլոր միջոցներով ասպարէզ իջաւ օգնութիւն փութալու անոնց, ուտելիք, հանդերձեղէն ու ապաստանարան հայթայթելու համար այդ յոգնատանջ թշուառներուն։
Ներկայիս, Յուլիս 20էն ի վեր եկած որբեւայրիներու թիւը կը հասնի 5.000ի որոնք մինչեւ Օգոստոս 10 ո՛ր եւ է [որեւէ] կառավարական նպաստ չեն ստացած եւ կ’ապրեցուին մեր կողմէ տրուած օրական 180 դրամ հացով, որոնց համա՛ր միայն կը վճարենք օրական մօտ 25 ոսկի։
Ասոնցմէ զատ ունինք նա՛եւ թուով 5-600 զանազան գաղթականներ, որոնց բաշխուած օրական հացին համար կը վճարենք 4-5 ոսկի։ Օրական նո՛յնքան դրամ եւս կը ծախսենք առանց քաղաք հանուելու երկաթուղիով ղրկուած գաղաթականներու լոկ հացագինի համար, գրեթէ ամէ՛ն օր։
Վերոյիշեալ 5.000 որբեւայրիներու մէջ կ’գտնուին [կը գտնուին] բաւականաչափ բողոքական՝ կաթոլիկ ազգայիններ, որոնք կը խնամարկուին հաւասարապէս, առա՛նց ջնջին խտրութեան։
Միւս կողմէ վերոգրեալ ազգայիններու Առաջնորդարաններուն եւ դպրոցներուն մէջ մասնաւորաբար կը հոգացուին մեծամասնութեամբ կաթոլիկ եւ բողոքական գաղթականներ։
Այդ 5.000 որբ եւ այրիները գրեթէ բոլորովին մերկ են ու առանց որ եւ է [որեւէ] անկողնի կամ ծածկոյթի. մեծամասնութիւնը պարտէզի մէջ բացօթեայ կը պատսպարուի ու մեծ մասը հիւանդութեամբ վարակուած է եւ օրական 30-40 մահեր կը պատահին։
Կառավարութիւնը այս այրիներուն մեծամասնութեան անուններն արձանագրեց, իբր թէ անոնց նպաստ տալու համար։
Ահա ինչ որ կարելի էր ընել հարեւանցի կերպով։
Մատչելով ի համբոյր Ձերդ Ս[ուրբ] Օծութեան Ս[ուրբ] Աջոյդ
Ի դիմաց Գաղթականաց Յանձնաժողովոյ
Ս[արգիս]Ճիյէրճեան
1915 Օգոստոս 10
Աստ.»

1918-ին կնքուած Մուդրուսի համաձայնագիրով, Կիլիկիոյ կարգ մը շրջաններու ապրող հայերուն վիճակուած էր ֆրանսական իշխանութեան խոստումով՝ ստեղծել ազգային օճախ մը։ Ուստի տարագրուած ժողովուրդին կոչ կ’ուղղեն եւ կը յորդորեն վերադառնալ հայրենի երկիր։ Վերադառնալ ցանկացողները ունէին բազմապիսի դժուարութիւններ դէպի Կիլիկիա վերադառնալու ճանապարհին։ Հալէպի փոքրաթիւ հայ համայնքի ղեկավարները ի վիճակի չէին օժանդակելու անոնց վերադարձի ճանապարհի կարքիները։ Այս մասին Հալէպի Վարչական Ժողովի ներկայացուցիչները նամակագրութեամբ հանդէս կու գան Վեհափառ Հօր, ուր կը յայտնեն իրենց կատարած աշխատանքի մասին եւ ներկայ տիրող իրավիճակի հետեւանքով անել կացութեան մատնուիլը։

Հալէպ 4 Դեկտեմբեր 1918

Ն[որին] Ս[ուրբ] Օծութիւն
Տ[էր] Տ[էր] Սահակ Սրբազան կաթողիկոս
Վեհ[ափառ] Հայրապետ Տանն Կիլիկիոյ
Ի Դամասկոս

Հարկ չկայ պարզելու ու բացատրելու այն ահագին դժուարութիւնները, որոնց կուրծք տալով Հալէպ, ըստ կարելւոյն պաշտպան ու սփոփարար հանդիսացաւ իր գաղթական եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Երբ ծովածաւալ թշուառութիւնը ու խեղճութիւնը ծայր տուաւ, թուրք կառավարութեան ճնշման ու հալածմունքին ներքոյ, Հալէպ կարելին տուաւ, գէթ վերջին պահուն իսկ, գաւաթ մը ջուր կարենալու հոգեվարքի մէջ տանջուող ու տուայտող իր հոգեհատորներուն։ Պատմութիւնը այս մասին վկայ պիտի հանդիսանայ թէ Հալէպի եկեղեցին ու հայ համայնքը ինչ զոհողութիւններու ու անձնուիրութիւններու ենթակայ եղած են։
Վերջապէս համայն ազգը անլուր ու աննկարագրելի բովերէ ու փուլերէ անցնելէ վերջ, այսօր, խաւար գիշերի մը մաքուր ու յուսադրող Արշալոյսն է որ կը յաջորդէ։
Գաղթականներու դէպի Աւետեաց երկիրը վերադարձի յոյսը, օր ըստ օրէ ստուգութեան կը յանգի։ Որչափ քաղցր է նոյն յոյսով օրօրուիլը, նոյնքան դառն է այն մտածմունքը թէ Հալէպ այլեւս ի վիճակի չէ, որոշ չափով մը կրկին անգամ օգնութեան փութալու, իւր սիրելիներուն, այսինքն, գէթ ազգին մնացած բեկորներուն դէպի մայրենի երկիրը երթալու համար անհրաժեշտ ծախքերը հոգալու, ու անմիջական օգնութիւնն ու օժանդակութիւնը ընելու։
Հալէպի հայ համայնքը մինչեւ այսօր ըրաւ ինչ որ կրնար ընել, եկեղեցին տուաւ ինչ որ ունէր, բայց այսօր հակառակ ջերմ փափաքներուն, դառն է խոստովանիլ թէ եկեղեցին այլեւս ի վիճակի չէ փոքր ի շատէ օգնութեան հասնելու։
Հետեւաբար կը փութանք ձերդ վեհափառութեան գորովագութ նկատառմանը յանձնել գաղթականներու վերադարձի կենսական ու կարեւոր հարցը խնդրելով միանգամայն որ կարելին ի գործ դնելով, Ձերդ յարմար դատած գնովն ու միջոցաւ, օգնութեան փութանք գէթ ազգին վերջին բեկորներն ու անտուններուն դէպի մայրենի իր երկիր ու յանձնելու եւ մինչեւ սոյն ժամանակ, ձմեռուան այս եղանակին իրենց պարենաւորմանն եւ քիչ թէ շատ թուրքին դէմ պատսպարուելու միջոցներն դիւրացնելու ու հայթայթելու հոգն ու խնամքն։
Որով մատչելով ի համբոյրն Ձեր Ս[ուրբ] Աջոյն
Ի դիմաց Հալէպի Ազգ[ային] Վարչական Ժողովոյ
Ատենադպիր Ատենապետ նախագահ
Յ. Ոսկան Ճ. Տապպաղ Խչտր. Քհ. Պողիկեան»[3]

Այնուամենայնիւ, երկար պիտի չտեւէր կիլիկեցի հայերու ցնծութիւնը, երբ 1921-ի Հոկտեմբեր 20-ին Անգարայի մէջ ստորագրուած ֆրանս-թրքական պայմանագիրով Կիլիկիան պիտի յանձնուէր Թուրքիոյ։ Տեղի բնակչութիւնը կրկին ստիպուած էր բռնել արտագաղթի ճամբան։
Ֆրանսական բանակներու կողմէ Կիլիկիոյ պարպումով, 1921-ի Դեկտեմբերի վերջը կը սկսի գաղթականներու նոր հոսք մը ողողել Հալէպ քաղաքը։ Անոնք կու գային՝ «Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն, Մալաթիայէն, Արաբկիրէն, Քղիէն, Բալուէն, Մուշէն, Սեբաստիայէն, Այնթապէն, Քիլիսէն, Գոնիայէն, Պրուսայէն եւ Իզմիրի կուսակալութենէն, ամէն օր միջին հաշուով 300 հոգի կու գար։ Անօթութեան շատ մօտ ապրողներ են բոլորը, որոնք լքելու պարտաւորուած իրենց ունեցածները, ահագին դժուարութիւններու եւ կողոպուտի մէջէն գրեթէ մերկ կը հասնին հոս։ Բոլոր կարաւանները առանց բացառութեան չէրքէզներու յարձակման ենթարկուած են, կը հասնին Հալէպ, մերկ ու անօթի առանց սէնթի»[4]։
Այսպիսով պէտք է նշել որ Եղեռնէն ետք, Արեւմտեան Հայաստանն ու Փոքր Ասիոյ երբեմնի հայաշատ վայրերը գրեթէ դատարկուած էին հայ ազգաբնակչութենէ։ Սակայն մնացողներու մեծագոյն մասը կը շարունակէր ապրիլ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներու մէջ, տեղական իշխանութեան սպառնալիքներուն ենթակայ, իսկ քիւրտաբնակ գիւղական շրջաններու մէջ ապրողները «ճորտային յարաբերութիւններու մէջ էին տեղական քիւրտ աղաներու ու շէյխերու հետ։ Հողագործներ կամ արհեստաւորներ էին, որոնք ամէն ձեւով կախեալ էին զիրենք շահագործող աղայէն կամ շէյխէն»[5]։
Արդ, պատմական համառօտ ակնարկէ ետք շահեկան կը համարենք այս յօդուածով անդրադառնալ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթի 1921, 1922, 1923 եւ 1924 թուականներու տարբեր թիւերուն մէջ տեղ գտած այն տեղեկութիւններուն, որոնք կը խօսին ոչ միայն դէպի Հալէպ կամ Սուրիոյ այլ քաղաքներ հասնող գաղթականներու դրութեան, թուական պատկերի եւ դժուարութիւններու մասին, այլեւ տեղի կառավարութեան կողմէ կատա-րուած հոգատարութեան եւ հայերու համակրման այս նոր միջավայրին։
Անկասկած որ մենք այնտեղ կը հանդիպինք նոր մեկնաբանութիւններու տուեալ ժամանակահատուածի գաղթի վերաբերեալ, որոնց մէկ մասը ուսումնասիրուած է, իսկ որոշ մասը մամուլի անհասանելիութեան պատճառով կա՛մ հետազօտողներու կողմէ չէ ուսումնասիրուած եւ կամ անոնց տեսադաշտէն դուրս մնացած է։
Ստորեւ կը փորձենք ներկայացնել քանի մը օրինակ հաւատարիմ մնալով խմբագրութեան կողմէ յանձնարարուած չափանիշներուն։
«Հայրենիք» օրաթերթ, 23-րդ տարի, թիւ 2878,
16 Հոկտեմբեր 1921, Պոսթըն, էջ 1։ /Հալէպ, 18 սեպտ. 1921-ի տուեալներով/

«Տարագրութեան նշանակելի կայաններէն մին էր Հալէպ, ուր հարիւր հազարաւոր հայեր եկան ու ցրուեցան դէպի Տէյր-էլ-Զօրի եւ Րազ-իւլ-Այնի տափաստաններ եւ հոն՝ բռնակալութեան բիրտ հարուածներու ներքեւ նահատակուեցան։ Աւելի բախտաւորներ, զանազան միջոցներով ապաստանարաններ գտան եւ իրենց կեանքը քարշ տուին մինչեւ անգլիացիներու մուտքը, այնպէս որ զինադադարի կնքումէն ետք մեր կողմէ հաւաքուած են…։ Հասած հայ բեկորները Հալէպի բնակչութեան մէջ աչքառու քանակ մը կը ներկայացնէին։ Ներգաղթի պաշտօնակատան կողմէ մաս առ մաս ազատուածները իրենց ծննդավայրերը փոխադրուեցան, հողամասեր՝ որոնց ճակատագիրը կը մնար նոյնքան անորոշ որքան որ էր անցեալի մէջ։ Մենք չենք ուզեր անդրադառնալ դէպի լեռնային Կիլիկիա կատարուած ներգաղթի եւ անոր յարակից դժբախտութիւններու մասին, միայն կ’ուզենք մատնանշել եւ արձանագրել այն՝ որ այժմ Հալէպի մէջ դարձեալ կ’երեւին ակնարկուած վայրերու /զէյթունցիներու մասին է- Ա. Ֆ./ վերջին խլեակները…»։
«Հայրենիք» օրաթերթ, 24-րդ տարի, թիւ 3001,
15 Մարտ 1922, Պոսթըն, էջ 2։

«Պէյրութէն Սահակ Կաթողիկոս կը գրէ Պատրիարքարան՝ թէ ներկայիս Պէյրութ կը գտնուի։ Կաթողիկոսը զանազան տեղեկութիւներ կու տայ գաղթականներու վիճակի վրայ եւ կ’ըսէ թէ Իսկէնտէրունի մէջ ներկայիս 15.000 գաղթականներ կան, որոնց հովութիւնը ստանձնած է Տէորթ-Եոլի առաջնորդ Փառէն Վրդ. Մելքոնեան։ Ցարդ ոչ մէկ գործնական քայլ առնուած է գաղթականներուն աշխատութիւն ապահովելու համար, որով թշուառութիւնը ծայր աստիճանի հասած է»։
Հալէպի մէջ մեծ թիւով գաղթականներ կան, որոնք եւս լաւ վիճակի մէջ չեն գտնուիր։ Անգործութիւնը ամենէն աւելի յուսահատական կը դարձնէ կացութիւնը»։
«Հայրենիք» օրաթերթ, 24-րդ տարի, թիւ 3016,
1 Ապրիլ 1922, Պոսթըն, էջ 4։

«Պատրաստուած փութկոտ վիճագրութեան համաձայն, Իսկէնտէրունի մէջ ներկայիս 13 հազար գաղթականներ կը գտնուին։
Ամերիկացի միսիոնարներ 6-8 տարեկան մանուկներու համար վարժարան բացած են, ուր վաթսուն աշակերտներ կան ու մտադիր են անոնց թիւը 150-ի բարձրացնել։ Հ.Բ.Ը.Մ.- տեղական մասնաճիւղը կեդրոն վայր մը որբանոցի շինութեան ձեռարկած է։ Տարսոնի եւ Տէորթ Եոլի Կարմիր Խաչերը միասնաբար դարմանատուն մը բացած են։ Շաբթուան մէջ մէկ քանի անգամ անոնք քէմբը կ’այցելեն եւ հիւանդներուն դեղ կը մատակարարեն։ Դուրսէն ակնկալուած նպաստներուն փոխարէն տեղական ուժերը՝ հակառակ իրենց գաղթական վիճակին, իրենց օժանդակութիւնը չեն զլանար։
Մարաշէն Հալէպ տեղի ունեցած ճամբորդութեան ընթացքին 17 հայեր սպաննուած են[6]։ Այս մասին բողոք եղաւ Սուրիոյ բարձր քոմիսէրութեան։ Սպանեալներէն 9-ին անունները ծանօթ են։ Հալէպի Ազգային Միութիւնն ալ տեղական իշխանութեան մօտ դիմում կատարած է, սակայն առնուած պատասխանը յայտնի չէ։
Երկու տարի առաջ Հալէպի դէպքին առթիւ ձերբակալուածներէն ոմանք կաթողիկոսին միջնորդութեան վրայ ազատ արձակուելու վրայ են։ Այս պարագան շատ լաւ տպաւորութիւն թողած է տեղացի ժողովրդեան վրայ։
Մարաշէն, Այնթապէն եւ Քիլիսէն հասնողներ ձեռք առնուած միջոցներուն վրայ առանց կողոպտուելու եւ սպաննուելու Հալէպ կրցած են ժամանել։ Սակայն փետր. 13-էն ի վեր ոչ ոք հասած է, չգիտցուի թէ արգելքի՞ մը հանդիպած են՝ թէ գաղթը դադրած է։
Այժմ Հալէպի մէջ 13.600 գաղթականներ կան, որոնց մէջ չեն Համա, Հոմս եւ Իսկէնտէրուն գաղթողները։ Տեղի պակասութիւնը շուարեցուցած է ամէն ոք. մանկապարտէզները եւ ծաղկոցները լեցուն են։ Ամսոյս 7-ին Սիւրիոյ Ամերիկ[եան] Նպաստամատոյցի տնօրէն Պ. Մաթիու Մըքաֆի փափաքած է առաջնորդարանին մէջ ժողով մը գումարել եւ կարծիքի փոխանակութիւն ունենալ, Մարտինի, Մարաշի, Ուրֆայի եւ Տիգրանակերտի որբանոցներուն տեղափոխութեան եւ ի մի հաւաքման մասին՝ Ճէպէլի կամ Պէյրութի մէջ։ Քաղաքական ժողովէն, Ազգ. Միութենէն, Բարեգործականէն, միջգաւառային եւ հայրենակցական միութիւններէ անձեր հրաւիրուած են, եւ 22 անդամէ բաղկացած ժողով մը գումարուած է, եւ թեր ու դէմ վիճաբանութիւններէ ետք ժողովականները որբանոցներու Ճէպէլ փոխադրութեան համակարծիք գտնուած են։ Հալէպի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի կեդրոնը եւ որբանոցը Ճէպէլ պիտի փոխադրուին, նպաստի բաշխման գործը յանձնելով Ազգ. Միութեան եւ Բարեգործականին։
Ցուրտը ամենայն սաստկութեամբ կը շարունակուի. վրաններու տակ պատսպարուողները ծայրայեղօրէն կը նեղուին։ Տուն չկայ, եթէ ըլլայ՝ վարձելու դրամ չկայ։ Գաղթական երկսեռ տղոց համար վարժարան մը բանալու համար ձեռնարկներ կ’ըլլան. այս առթիւ դիմում եղած է Երուսաղէմ, որպէսզի վանքապատկան շէնք մը տրամադրուի։ Վերջերս տեղեկացանք թէ այս մասին արտօնութիւն տրուած է, սակայն վարժարանը ի՞նչ ձեւով պիտի մատակարարուի՝ դեռ յայտնի չէ»։
«Հայրենիք» օրաթերթ, 24-րդ տարի, թիւ 3129,
15 Օգոստոս 1922, Պոսթըն, էջ 3։

«Սուրիոյ մէջ գտնուող տեղացի ու տարագիր Հայերը հետեւեալ կերպով բաշխուած են զանազան քաղաքներու մէջ.- Հալէպ՝ 33.000, Իսկէնտէրուն՝ 12.000, Պէյրութ՝ 10.000, Դամասկոս՝ 6.000, Տրիպոլիս եւ Լաթաքիա 3.000, ընդամէնը մօտաւորապէս 65.000։
Ասոնցմէ զատ Ուրֆայի, Մարաշի, Այնթապի, Քիլիսի եւ Պիրէճիքի մէջ կան առնուազն 20.000 հայ»։

«Հայրենիք» օրաթերթ, 25-րդ տարի, թիւ 3459,
15 Սեպտեմբեր 1923, Պոսթըն, էջ 3։
«Գաղթականութեան վիճակը ըստ առաջնոյն բաւական լաւ է, ամէն ոք սկսած է գրեթէ արհեստով մը պարապիլ, բայց խեղճերու որոշ թիւ մը կայ, որոնք ամէն շաբաթ նպաստ կը ստանան Ազգ. Միութենէն։
Տեղւոյն մէջ ամերիկեան Րըլիֆ եւ կամ անոր նման օգնութեան հաստատութիւններ չըլլալով, ամէն հոգ կ’իյնայ տեղւոյն հայութեան վրայ։
Հինգ հարիւրի մօտ գաղթականութիւն մը եկած է. ասոնց թիւը երեք հազարի պիտի բարձրանայ, այս վերջինները Հալէպէն եւ Ալէքսանտրէթէն կուգան (կու գան)։
Ազգ. Միութիւնը պէտք եղած աշխատութիւնը ի գործ կը դնէ, յետագային ոեւէ անպատեհութեանց տեղի չի տալու համար, նոյնպէս քաղ[աքային] իշխանութեանց մօտ դիմումներ կատարուած են, անոնց աջակցութիւնը խնդրելով»։
«Հայրենիք» օրաթերթ, 25-րդ տարի, թիւ 3460,
16 Սեպտեմբեր 1923, Պոսթըն, էջ 2 եւ 4։

«Համայի (Սուրիա) հայութեան թիւը հազիւ չորս հարիւր հոգիի կը հասնի, սակայն շնորհիւ նախաձեռնութեան ոգիին, գաղութը կրցած է ունենալ թէ եկեղեցի եւ թէ դպրոց։ Շատ բան կը պարտինք Տօքթ. Վ. Թօփալեանի ջանքերուն, մասնաւորապէս դպրոցական գործի յաջողութեան համար։ Քանի մը ամիս է միայն որ դպրոցը բացուած է եւ սակայն լաւ արդիւնք տուած է։ Հակառակ աշակերտներուն թրքախօս ըլլալուն, կարճ ժամանակէն ամէնքն ալ հայերէն կարդալ գրել սովրած [սորված] են։ Աշակերտներու թիւը քառասուն է։ Դպրոցը կը մատակարարուի նուէրներով եւ վաթսունէ աւելի կրթասէրներու ամսական վճարումներով»։
«Հայրենիք» օրաթերթ, 25-րդ տարի, թիւ 3559,
15 Յունուար 1924, Պոսթըն, էջ 4։

«/11 Դեկտեմբեր 1923/- Նոյեմբեր ամսուայ միջոցին վեց հարիւր գաղթականներ- կին, տղայ եւ քանի մը չափահաս այրեր- եկան Մալաթիայէն, Խարբերդէն, Ակնէն, Բալուէն եւ Արաբկիրէն։
Վերջին հասնողները կը հաղորդեն, թէ հազարէ աւելի գաղթականներ ճամբան են՝ Հալէպ գալու համար։
Ուրֆայի, Սուրուճի եւ Պիրէճիկի մէջ թուրք կառավարական պաշտօնեաները ամենամեծ խնամքով կը խուզարկեն բոլոր այն գաղթականները, որոնք դուրս կ’արտաքսուին։ Անոնք գաղթականներէն կը վերցնեն ոսկի եւ արծաթները՝ անոնց արտահանումը արգիլուած ըլլալուն համար։ Տիարպէքիրի եւ Սուրուճի միջեւ գտնուող ճամբուն վրայ, նորէն քիւրտ աւազակներ երեւան եկած են, որոնք կը կողոպտեն գաղթականները։ Անոնք երկու անգամ յարձակած են Ուրֆայի մօտերը եւ բռնի տարած են աղջիկները»։
«Անատոլուի կացութիւնը տակաւին բարւոքուած չէ եւ բոլոր հայերը պիտի մեկնին անկէ, եթէ կարենան ճանապարհածախս մը հայթայթել»։ «…Մարաշի եւ Այնթապի երեք հազար գաղթականներէն չորս հարիւրը, որոնք անցեալ Մայիսին եւ Յունիսին /1923թ.-ի կ’ակնարկէ- Ա. Ֆ./ ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ձրիաբար ղրկուած էին Դամասկոս (Շամ) գործ եւ զբաղում գտնելու համար, անյաջողութեան մատնուած ըլլալով, Հալէպ վերադարձան Ալաճային ճարտարուեստի մէջ գործ գտնելու յոյսով, բայց յուսախաբութեան ենթարկուեցան»։
«/18 Դեկտեմբեր 1923/ Ուրֆայէն ժամուան մը հեռաւորութեան վրայ գտնուող, Կարմուճի գիւղէն, թուրք կառավարութիւնը բռնի եւ յանկարծական կերպով տարագրած է 160 հայեր- էրիկ մարդ, կին եւ տղաք, որոնք հասած են Ճարապլուս։
Այս յանկարծական բռնագաղթին ներքեւ, անոնք ստիպուած են լքել իրենց բոլոր կահկարասիներն ու գոյքերը եւ այսօր անպատսպար կը թափառին Ճարապլուսի մէջ՝ ենթարկուած յուսահատեցուցիչ կացութեան մը։ Անոնք անկարող են վճարել՝ երկաթուղիով Հալէպ փոխադրուելու համար»։
«…Անոնց յայտարարութեան համաձայն, Էնկիւրիի կառավարութիւնը հրահանգած է պաշտօնապէս, որպէսզի իսկոյն տարագրեն Անատոլուի մէջ գտնուող բոլոր քրիստոնեաները։ Քանի մը օրուան մէջ Հալէպ կը սպասուին Ուրֆա եւ Տիգրանակերտ գտնուող եւ մօտաւորապէս 4.500 հոգի հաշուող բոլոր քրիստոնեաները։ Խարբերդի եւ Մալաթիոյ շրջանին արտաքսուած գաղթականները ամէն օր հոս /Հալէպ-Ա.Ֆ./ կը հասնին եւ հարիւրաւորներ դեռ ճամբան են։
Դմախտի[7] եւ կողացաւի համաճարակ երեւան եկած է. շատ մը հիւանդներ ստիպուած են ցուրտ անձրեւի ենթարկուիլ՝ հիւանդանոցները լեցուած ըլլալուն պատճառաւ»։
«Հայրենիք» օրաթերթ, 25-րդ տարի, թիւ 3574,
1 Փետրուար 1924, Պոսթըն, էջ 4։
«Հայ Գաղթականներու խնդիրը Սուրիոյ Դաշնակցային ժողովին մէջ/?

«Արաբական թերթերը կը գրեն, թէ հայ գաղթականներու խնդիրը քննութեան առարկայ եղած է Սուրիոյ դաշնակցային Ժողովին մէջ։ Համայի երեսփոխան Էլ Պարազի պահանջեր է որ արգիլուի հայ գաղթականներուն Սուրիա մուտքը եւ ըսեր որ այսօր Սուրիոյ մէջ 130.000 հայ գաղթական կայ եւ անոր փոխարէն 120.000 սուրիացիներ, Սուրիայէն օտար երկիրներ կը գաղթեն։ Ասոր ի պատասխան Հալէպի երեսփոխաններէն, Սէլիմ Սէյտ Չէմպէրտ ըսեր է որ յանուն մարդկութեան չենք կրնար այս խեղճերը ձգել առանց հովանաւորութեան[8]։
-Արաբները, որոնք իրենց հիւրասիրութեամբ նշանաւոր են, երբ Հայերը իրենցմէ ապաստան կը խնդրեն չեն կրնար զայն մերժել, մանաւանդ այս երկիրը տնտեսապէս անոնցմէ շատ օգտուած է- ըսած է։ Իրեն ձայնակցեր են երեսփոխան Սէյտ Պէշուր։ Նորէն Էլ Պարազի պահանջեր է խնդիրը վիճաբանութեան դնել եւ որոշել գաղթականներու մուտքի արգելքը։ Սէյտ Չէմպէրտ կրկին պատասխանելով ըսեր է որ Հալէպի մէջ 60.000 հայ գաղթական կայ օգնութեան կարօտ եւ պէտք չէ անոնց ցաւերուն վրայ ուրիշներ աւելցնել։ Ի վերջոյ նախագահ Սուպհի պէյ Պէրէքէթ ըսեր է թէ պէտք է մինչեւ հիմայ [հիմա] եկած գաղթականները բաժնել եւ բնակեցնել պարապ հողերու վրայ, իսկ ասկէ վերջ արգիլել գաղթականներու Սուրիա մուտքը։
Արաբական «Էլ Թէգատտում» թերթը անդրադառնալով Սուրիական ժողովի մէջ յուզուած գաղթականներու խնդրոյն, խմբագրականով մը կը գնահատէ Սուրիոյ մէջ բնակող հայ գաղթականները եւ կը պաշտպանէ անոնց անմիջական շահերը»։
Վերջընթեր պարբերութեան մէջ յիշելով Հալէպի «Աթ Թէգատտում» թերթի արձագանգը, պէտք է խոստովանիլ, որ Եղեռնի եւ հայ տարագիրներու, անոնց բաշխման Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, թուական պատկերի ու թշուառութեանց վերաբերեալ ոչ պակաս արժէքաւոր աղբիւր են տուեալ թերթին տարբեր համարներուն մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները, որոնք կրնան սկզբնաղբիւրի դերով հանդէս գալ։
Հալէպ հրատարակուող «Աթ-Թէգատտում» թերթի համարներէն մենք կ’իմանանք, որ տարագիր հայութիւնը յատուկ ուշադրութեան արժանացած է ֆրանսական հոգատար իշխանութեան կողմէ՝ գաղթականներուն տրամադրելով ապաստանավայր եւ բուժօգնութիւն[9]։ Ոչ պակաս հոգատարութիւն ցուցաբերած են Սուրիոյ տեղական իշխանութիւններն ու արաբական աշխարհը. այս մասին իր երախտագիտական խօսքով հանդէս կու գայ Հալէպի Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Եսայեան՝ «Աթ Թէգատտում» թերթի /1922թ./ սեփականատիրոջ ուղղած իր նամակին մէջ։ Տէր հայրը նախ Առաջնորդարանի պաշտօնական տուեալներուն համաձայն ճշգրտում կը կատարէ Հալէպի անօթեւան եւ վրանաբնակ հայերու թիւին վերաբերեալ. «…ընդհանուր գաղթականներու թիւը /տարեցներ, կիներ եւ երեխաներ/ 18.500 անձ[10] է, որոնցմէ վրանաբնակ են 1.400 մարդ», ապա կ’անդրադառնայ այն մարդասիրական վերաբերմունքին, զոր Հալէպի պետական այրերն ու տեղի ժողովուրդը ցուցաբերած է Հալէպ հասնող տարագիրներուն՝ անոնց մատակարարելով սնունդ, ապաստանարան եւ բուժօգնութիւն, միաժամանակ զանոնք փրկելով համաճարակէն, որ կեանքեր կը հնձէր[11]։
Արդարեւ, Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթի եւ Հալէպի «Աթ Թէգատտում» թերթի համարներուն մէջ թեմային վերաբերող տեղեկութիւններ բազմաթիւ են։ Ուսումնասիրելով մամուլը, փաստաթուղթերու կողքին, մենք առաւել իրազեկ կը դառնանք տուեալ ժամանակահատուածին, 1915-ին, Հալէպի որբանոցի հիմնադրութեան պատմութեան, գաղթի ճանապարհի հալածանքներու պատումներուն, Հալէպ, Դամասկոս, Համա, Հոմս եւ այլուր ապաստանած հայերու տնտեսական, ընկերային եւ կրթական վիճակին, ինչպէս նաեւ վրանաբնակներու, խաներու /իջեւանատուն/ եւ կամ տարբեր հիւղաւաններու մէջ տեղակայուած գաղթականներուն առօրեայ դժուարութիւններուն ու վերջապէս Սուրիոյ հայ համայնքի «կազմակերպական վիճակին» վերաբերող հարուստ նիւթերուն։

______________________________________________

[1] Ֆրանսական Հոգատար իշխանութիւնը /Մանդատը/ Սուրիոյ տարածքին ստեղծեց անջատ պետութիւն՝ «Լիբանանի, Դամասկոսի, Հալէպի, Ալաուիներու եւ Ճեպէլ Տրուզի, եւ Ալեքսանտրէթի ինքնավար մարզ։ 1924թ․-ին Դամասկոս եւ Հալէպ պետութիւններու միաւորումով կը ստեղծուի Սուրիա պետութիւնը Դամասկոս մայրաքաղաքով։ 1942թ․-ին միայն նորաստողծ պետութեան վերջնականապէս կը միանան Ալաուիներու պետութիւնը եւ Ճեպէլ Տրուզը։ Տե՛ս «Հովհաննիսյան Ն. Կ., Արաբական երկիրների պատմություն, IV, անկախության և ինքնիշխանության դարաշրջան 1958-2005թթ. Երևան, 2007, էջ 442-444։

[2] Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն Արխիւ/յետայսու՝ ՄՏԿԿԱ/, հաւաքածոյ /հ․/3, ցուցակ /ց․/1, թղթածրար/թղթ․/ 82, թերթ /թ․/2-3։

[3] ՄՏԿԿ Ա, հ․ 3, ց․1, թղթ․1, թ․ 24-25

[4] Հալէպի Հայ Կարմիր Խաչի ատենագրութեան տետրակ (1921-֊1923), Տեղեկագիր ուղղուած՝ Ամերիկայի Հ. Կ. Խաչի Կեդրոնական վարչութեան, 9 Դեկտեմբեր 1922։

[5] Թաշճեան Վահէ, Սուրիական Ճեզիրէն եւ հայերը 1920ականներուն․ ֆրանսական հոգատարութեան գաղութատիրական դրուագ մը, Սուրիոյ հայերը գիտաժողովի նիւթեր /24-27 Մայիս 2015/, Պէյրութ, 2018, էջ 155։

[6] Այս մասին տե՛ս նաեւ ՄՏԿԿ Ա, հ․ 3, ց․1, թղթ․ 77, թ․ 38-38 շրջերես-39։

[7] Դմախտ- Դում-հարբուխ, իջուածք։

[8] Այս մասին աւելի մանրամասն տես

د. كشيشيان الكسندر، صفحات وثائقيه من جريده «التقدم» الحلبية عن الاحوال الأرمنية والعربيه في الدوله العثمانيه والبلاد الشاميه ، حلب، ١٩٩٧، صفحة ١٨٥ .

[9] د. كشيشيان الكسندر، صفحات وثائقيه من جريده «التقدم» الحلبية …، مصدر نفسه، صفحة ١٧٨ .

[10] Այս թիւին մէջ կան հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական գաղթականներ։

[11] د. كشيشيان الكسندر، صفحات وثائقيه من جريده «التقدم» الحلبية …، مصدر نفسه، صفحة ١٨١–١٨٢

«Գանձասար»-ի Ապրիլեան Յաւելուած