Համացանցային Քննարկում՝ Ցեղասպանութեան Մասին «Խոստումը» Եւ «Քանդելու Մտադրութիւն» Ֆիլմերուն

Այլեւայլ, Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 22 եւ 23 Ապրիլին տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» (The Promise) եւ «Քանդելու Մտադրութիւն. Մահ, Ուրացում Եւ Նկարագրում» («Intent to Destroy: Death, Denial & Depiction») ֆիլմերուն բեմադրիչներուն յաջորդաբար՝ Թերի Ճորճի եւ Ճօ Պերլինկըրի հետ համացանցային քննարկումները, որոնց պիտի մասնակցի նաեւ ֆիլմերը արտադրողներէն Էրիք Իսրայէլեան: Քննարկումները պիտի համակարգէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: Քննարկումներուն կարելի է հետեւիլ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին «Ֆէյսպուք»ի կայքին (anca.org/facebook) վրայ։

Չորեքշաբթի օրուան  քննարկումը նուիրուած է «Խոստումը» ֆիլմին եւ պիտի սկսի Քալիֆորնիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 6ին։

Ֆիլմը նախապէս կարելի է դիտել հետեւեալ կայքէջերուն վրայ.

– Amazon Video: https://www.amazon.com/Promise-Oscar-Isaac/dp/B073DMVM6G/

– iTunes: https://itunes.apple.com/us/movie/the-promise-2017/id1230134243

– YouTube: https://www.youtube.com/watch?v=tiU0DdBWNwY

– Google Play: https://play.google.com/store/movies/details?id=tiU0DdBWNwY

– Vudu: https://www.vudu.com/content/movies/details/The-Promise/861213

Հինգշաբթի օրուան  քննարկումը նուիրուած է «Քանդելու Մտադրութիւն» ֆիլմին եւ պիտի սկսի Քալիֆորնիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 6։30ին։

Ֆիլմը կարելի է դիտել հետեւեալ կայքէջերուն վրայ․

– Amazon Video: https://www.amazon.com/Intent-Destroy-Christian-Bale/dp/B079J7FGB5

– iTunes: https://itunes.apple.com/us/movie/intent-to-destroy/id1332971652

– DirecTV: https://www.directv.com/movies/Intent-to-Destroy-SmdkdlVyblhnVkZtZ0hJbll3Y2xDUT09:

Վաւերագրական նշեալ ֆիլմը ծնունդ առած է ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի մտայղացումը հանդիսացող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» շարժապատկերի արտադրութեան օրերուն, երբ Պերլինկըր ոչ միայն վաւերագրած էր ֆիլմին նիւթը, այլ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրոյցներ ունեցած էր շարք մը մտաւորականներու, պատմաբաններու եւ արուեստագէտներու հետ:

Յիշեցնենք, որ «Խոստումը» շարժապատկերին հասոյթէն 20 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան միջոցաւ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ (UCLA) հաստատուեցաւ «Խոստումը» հայկական հիմնարկը։