Արցախի Համար Անընդունելի Տարբերակ է ԼՂ Խնդիրի Լուծման Փուլային Փաթեթը, Անիկա Կը Հակասէ Հայութեան Շահերուն. Արցախի ԱԺ Փոխնախագահը՝ Լաւրովի Յայտարարութեան Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի համար անընդունելի տարբերակ է ԼՂ հիմնախնդիրի լուծման փուլային փաթեթը, անիկա չ՝արտայայտեր այն իրավիճակը, որ այսօր գոյութիւն ունի, եւ կը հակասէ հայութեան շահերուն: 

Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտնած է Արցախի Հանրապետութէան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան՝ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ «Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով բանակցութիւններու սեղանին դրուած է փուլային տարբերակը»:

«Մենք անհրաժեշտ չենք համարեր մտնել բանի մը մէջ, որուն մասին շատ տեղեկացուած չենք: Արցախեան կողմը բանակցային գործընթացի նրբութիւններուն տեղեակ չէ: Մենք աւելի շատ տեղեկութիւն կը ստանանք զանգուածային լրատուամիջոցներէն, եւ շատ դժուար է որեւէ կարծիք յայտնել, թէ ինչ կը քննարկեն կամ ինչ չեն քննարկեր: Առանց արցախեան կողմի մասնակցութեան՝ թէ որ երկրի արտաքին գործոց նախարարը ինչ կը յայտարարէ, ինչ կ՝ըսէ, իր գործն է, մենք փաստերուն մէջ չկանք: Երբ Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւնները մասնակցին այդ գործընթացներուն, այն ժամանակ մենք կրնանք այս կամ այն հարցին վերաբերէալ տեսակէտ ներկայացնել»,- ըսած է Բալայեան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ հայկական կողմը Արցախը չի՞ տեղեկացներ քննարկումներու ընթացքին վերաբերեալ, Բալայեան ըսած է, թէ ինքը՝ իբրեւ ԱՀ ԱԺ փոխնախագահ, նման տեղեկութիւն չունի: «Ես տեղակացուած չեմ՝ ընդհանուր առմամբ կը քննարկուի, թէ՞ չի քննարկուիր: Նման պայմաններու մէջ կարծիք ըսելը աւելի շատ ենթադրութիւններու դաշտին մէջ պիտի ըլլայ»,- ըսած է ան:

Թէ ինչպէս կը գնահատէ այն հանգամանքը, որ ԼՂ հիմնախնդրի փուլային լուծման մասին յայտարարութիւն կ՝ընէ ՀՀ ռազմավարական դաշնակից ու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրի՝ ՌԴ-ի արտաքին գործոց նախարարը, Բալայեան ըսած է.

«Դիւանագիտութեան մէջ այսպիսի բան կայ՝ կրնայ բան մը ըսուիլ, հակառակը՝ իրականացուիլ: Ես վստահ չեմ կրնար ըսել՝ ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը ինչ նպատակ հետապնդած է այդ յայտարարութեամբ, կամ անիկա որո՞ւն ուղղուած է: Եթէ բանակցային գործընթացի նրբութիւններուն տեղեակ չես, դժուար է ըսել՝ այս կամ այն պաշտօնեան, որ անմիջականօրէն մասնակից է այս գործընթացին, ինչ նպատակ կը հետապնդէ: Յամենայն դէպս, մենք նման յայտարարութիւնները մերժած ենք, հիմա ալ կը մերժենք, ի՞նչ փուլային տարբերակի մասին կրնայ խօսք ըլլալ: Ես կը կարծեմ՝ ատիկա տարիներ առաջուայ զրոյցն է, որ անընդհատ կը խօսուի, եւ որ անընդունելի է»,- ըսած է Վահրամ Բալայեան:

Անոր կարծիքով՝ արցախահայութիւնը, հայ ժողովուրդի օժանդակութեամբ իրեն հիմնական յուզող հարցը լուծած է: «Մեր հիմնական խնդիրը լուծուած է, մեզի կը մնայ ամրապնդել պետականութիւնը եւ այդ ճանապարհով վերջիվերջոյ հասնիլ հանգրուանի մը, երբ երկու հայկական պետութիւնները կրնան հանգիստ պայմաններու մէջ քննարկել միացեալ երկրի գաղափարը»,- նշած է ԱՀ ԱԺ փոխնախագահը: