Թուրքիոյ Մէջ Ժամանակին Քննարկուած է Հայկական Այբուբենէն Օգտուելու Հարցը

Այլեւայլ, Աշխարհ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի նախաձեռնութեամբ իրականացուած շարք մը բարեփոխումներու ծիրէն ներս՝ Թուրքիոյ մէջ, մինչ այդ օգտագործուող արաբատառ այբուբենը փոխարինուեցաւ լատինականով։

Ատիկա տեղի ունեցաւ 1928-ին, իսկ անկէ առաջ բազմաթիւ քննարկումներ ծաւալած են առ այն, թէ ո՞ր այբուբենը առաւել յարմար է արաբականի փոխարէն։ Այդ քննարկումներուն ժամանակ հնչած են նաեւ Մեսրոպեան այբուբենը գործածելու առաջարկներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ bolsohays.com-էն։

Մասնաւորապէս թուրք բանաստեղծ, փիլիսոփայ Ռըզա Թաուֆիք, որ օսմանեան շրջանին նաեւ եղած է խորհրդարանի պատգամաւոր, առաջարկած է արաբական այբուբենը փոխարինել հայկականով։ 1926-ին թուրք երեւելիներէն մէկուն՝ Սապիհ Շեւքեթին գրած նամակին մէջ Թաուֆիք գրած է, որ թուրքերէն բանաւոր խօսքը գրաւորի փոխակերպելու համար ամենայարմարը հայկական այբուբենն է։ 

Ան պնդած է, որ լատինականի փոխարէն նախընտրելի է ընդունիլ հայկական այբուբենը, քանի որ թրքերէնի հնչողութեան անիկա շատ աւելի յարմար է։

Նշենք, որ այն ժամանակ արաբական այբուբենը փոխարինելու գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն էր, որ ատիկա ամբողջովին չէր ընդգրկեր թրքերէնի հնչողութիւնը, սակայն ոչ պակաս կարեւոր պատճառ էր ժողովուրդի համատարած անգրագիտութիւնը․ մարդիկ կը դժուարանային արաբական այբուբենը սերտելու։