Պարկը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նանոր Փանոսեան

Երբ ոեւէ անձ տեսնէ այս պատկերը, անկասկած պիտի հարցնէ` «ի՞նչ կայ մէջը»:

Մարդիկ պիտի պատասխանեն` մէկ քիլօ ձաւար, երկու քիլօ  շաքար, աղ, բրինձ, կաթ, ձէթ, թաշկինակ…

Իսկ ես պիտի ըսեմ` այստեղ կայ հաւաքական աշխատանքի աննկարագրելի երեւոյթ,  հայ գիւղացիին նեցուկ կանգնելու բարձր գիտակցութիւն, սկաուտական միշտ պատրաստ ոգի, ԼՕԽ-ականի անձնուէր պատրաստակամութիւն, ԼԵՄ-ական երիտասարդի եւ կուսակցական ընկերոջ գաղափարապաշտական միասնակամութիւն, քաղաքապետարանի ենթամարմիններու քաղաքացիական պատկանելիութեան վեհ աջակցութիւն, թաղական խորհուրդի եւ տիկնանց  յանձնախումբի եկեղեցանուէր ոգի եւ վերջապէս կազմակերպչական գիտակից մօտեցում:

Ինչպէ՞ս  մերժել «Կարմիր լեռ» կոմիտէին նախաձեռնած նպաստի ցրուումը, որուն մէջ դրուած ձաւարը` տաք ճաշի վերածուած, պիտի  մէկտեղէ աշխատանքի հեւքով տարուած ընտանիքը, շաքարը պիտի քաղցրացնէ օճախներուն ճնշիչ մթնոլորտը, կաթը պիտի ապահովէ փոքրիկին կենսական սնունդը, աղը համ պիտի տայ դժուար օրերու անհամ կացութեան, թաշկինակը մեր սիրտերն  ու միտքերը պիտի մաքրէ բացասական մտածելակերպէ ու անհամերաշխութենէ, ձէթը պիտի  պատրաստէ բրինձով եղինձը, Այնճարի բնակիչները իրենց տաքուկ տուներուն մէջ ապահով պիտի մնան խնամատար ղեկավարութեան հովանիին ներքեւ:

Մի՛ մերժէք երիտասարդներուն հաւաքական աշխատանքին արգասիքը:

Վարձքը կատա՛ր Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն աննկուն կամքը շարունակող շառաւիղին:

Հպա՛րտ ենք մեր գիւղով :

Այս փոքր հողաշերտին վրայ, բուռ մը հայութիւն, մէկ բռունցք կազմած, պիտի պայքարինք ամէն տեսակի «ժահր»-երու դէմ ու յաղթահարենք մակաբուծական ամէն երեւոյթ:

«Քորոնա» ժահրի արհաւիրքը թող զգաստութեան հրաւիրէ համայն մարդկութիւնը:

«Մե՛նք ենք մեր Այնճարը»:

Աստուած բոլոր տեսակի փորձանքներէ հեռու պահէ այս աննման աւանը:

Յ.Գ.
«Կարմիր լեռ» կոմիտէին պատրաստած նպաստը տրամադրուեցաւ այնճարաբնակ բոլոր ընտանիքներուն` անխտիր: