Սահմռկեցուցիչ Իրավիճակ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Ինչ որ ճշմարիտ է աշխարհի բոլոր չարիքներուն համար, ճշմարիտ է նաեւ ժանտախտի պարագային: Անհատին կ՚օգնէ, որ ինքզինք գերազանցէ:

«Ժանտախտը» (La Peste) ․- Ալպէր Քամիւ (1913-1960, ֆրանսացի լրագրող, գրագէտ եւ փիլիսոփայ)

Այս անգամ Ափրիկէի մէկ անկիւնը կատարուած յեղաշրջում մը չէ, կամ Լատին Ամերիկայի մէջ խունթայի մը իրագործած արիւնալի պետական հարուածը․․․ոչ ալ սուլթանամէտ Էրտողանի դէպի Եւրոպա գաղթականներ «հոսեցնելու» խողովակին բաց կամ գոց պահելը։ Նոյնիսկ կարելի չէ բաղդատել նաեւ Սեպտեմբեր 11, 2001-ի ահաբեկչական արարքին, որ ցնցեց յատկապէս Միացեալ Նահանգները։

Միամտութիւն չէ այն հաստատումը, թէ այս անգամ թշնամին ԲՆՈՒԹԻՒՆն է։ Այսպէս զայրացած է ԲՆՈՒԹԻՒՆը եւ իր պոռթկումն ու ցասումը կը յայտնէ մէկդի դնելով որեւէ կրօնական, ցեղային կան սեռային խտրութիւն։ Եւ այդ ալ ի՜նչ զայրոյթ։ Բարձրաստիճան երկրաշարժ մը կամ վիթխարի հրաբխային ժայթքում մը չէ պատահածը, ոչ ալ հողի կամ սառնակոյտի սահանք, այլ արդի ելեկտրոնային օրերու ժանտախտ մը` անհոտ, անհամ, անտեսանելի, անհպելի եւ դեռ անբուժելի։

Այո՛ ․․․ Պսակաձեւ թէ թագանման ժահրը՝ «քորոնա»-ն, կացինահար ըրաւ ԾԱՌը․․․մարդկութեան ծառը, որ արդէն իսկ բնութեան եւ կենսոլորտի հանդէպ անգիտակից ղեկավարներու կողմէ որդնոտած ու ցեցոտած էր։

Պատժուած ենք բոլորս։ Ցնոր տնօրինութիւն առկախուած են ամէն տեսակի հաւաք, համերգ, հանդիսութիւն, համագումար, գիտաժողով։ Մէկ խօսքով՝ պատժուած ենք ԿԵԱՆՔ կոչեցեալ բնագաւառէն։

Ամէնէն աւելի կատարելագործուած ռազմագիտական կառոյցն անգամ ո՛չ մէկ բան կրնայ ընել այս ժահրը կասեցնելու համար։ Ի՜նչ անքակտելի պսակ, ի՜նչ գորդեան հանգոյցով կազմուած թագ։

Ֆրանսացի գրագէտ Քամիւ վերոյիշեալ գիրքին մէջ կը նշէ, թէ այս երկրագունդին վրայ համաճարակ եւ զոհ կայ, սակայն մեզմէ կախեալ է, որքան հնարաւորութիւն ստեղծել՝ չմիանալ այս զոհերուն։

Մեկուսացած ենք, առանձնացած ու «կծկուած»։

Հետաքրքրական է հարցադրել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ այդքան յառաջացած ու կատարելագործուած աշխարհին մէջ, գիտնականներ դեռ դարմանը չեն կրցած գտնել այս ժահրին։ Ժահր, որուն ժամանումը, ըստ երեւոյթին, կը սպասուէր նոյնիսկ տասնեակ մը տարի առաջ։ Այս գծով, անգամ մը եւս տեղին է թղթատել ֆրանսացի լրագրող Ալեքսանտր Ատլէրի մէկ գիրքը, գուշակելով, թէ աշխարհի կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ․․․2025-ին։

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, նաեւ նոյնինքն Քամիւի «Ժանտախտ»-ը։ Կրկին ու կրկին ժամանակը եկած է երբ «երկու առաւել երկու՝ հաւասար է չորս» պատասխանողը մահապատիժ ստանայ։ Ուսուցիչը տեղեակ էր այս պարզ հաշիւէն, նոյնիսկ Օգոստոս 2018-էն ի վեր երիտասարդ շուէտացի պարմանուհի մը՝ Կրեթա Թունպերկ անունով, որ նախընտրեց ընտհատել իր ուսումը եւ պայքարիլ յանուն կենսոլորտի եւ բնութեան պաշտպանութեան։

Թունպերկն ալ, Քամիւն ալ․․․բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, թէ երկու առաւել երկու՝ հաւասար է չորս, սակայն պսակաձեւ ժահրի ողբերգութիւնը կը շարունակուի չճանչնալով ցամաքամաս, ցեղ, սեռ, տարիք եւ ԽԻՂՃ։

Related