ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահները Յայտարարութիւն Տարածած են ԼՂ Հակամարտութեան Գօտիին Վրայ Մշտադիտարկման Աշխատանքներու Դադարեցման Առնչութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները յայտարարութիւն տարածած են «քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ստեղծուած իրավիճակին ԼՂ հակամարտութեան գօտիին վրայ ԵԱՀԿ մշտադիտարկման առաքելութեան ժամանակաւոր դադարեցման առնչութեամբ:

Համանախագահները (Իգոր Պոպով (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (ԱՄՆ)) կոչ կ՝ընեն կողմերուն հաւատարիմ մնալու հրադադարը պահպանելու իրենց յանձնառութեան եւ զերծ մնալու սադրիչ գործողութիւններէն, որ ներկայ ժամանակներուն կրնայ ալ աւելի սրել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, գրուած է ԵԱՀԿ պաշտօնական կայքին մէջ:

«Հաշուի առնելով, որ տարածաշրջանի բժշկական միջոցները պէտք է ուղղուած ըլլան բացառապէս վարակի տարածման դէմ պայքարին եւ անկէ տուժածներու բուժման, կողմերուն կոչ կ՝ընենք հնարաւորինս զսպուածութիւն ցուցաբերելու լարուածութեան վտանգը նուազեցնելու համար՝ օգտագործելով գոյութիւն ունեցող կապի ուղիղ միջոցները:

Հակառակ ուղեւորութիւններու խիստ սահմանափակումներուն, համանախագահները առանց ընդմիջման պիտի շարունակեն իրենց միջնորդական գործողութիւնները` կապի մէջ ըլլալով ինչպէս իրարու, այնպէս ալ կողմերուն հետ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: