«Պսակաձեւ Ժահրէն Վարակուողներուն 80%-ը Կա՛մ Թեթեւ Կռիփի Ախտանշաններ Կ’ունենայ, Կա՛մ Ընդհանրապէս Ոչ Մէկ Բան Կը Զգայ». Դոկտ. Նաթալի Թերզիխան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ահազանգային վիճակ աշխարհի չորս կողմը, հարիւրաւոր, հազարաւոր գրառումներ ընկերային ցանցերու վրայ եւ ընդհանուր խուճապ։ Այս բոլորին կեդրոնը կը գտնուի մանրէէն ալ աւելի մանր էակ մը, ժահր մը՝ պսակաձեւ (քորոնա) անուանումով։ Սակայն այս բոլորին մէջ ինչպէ՞ս զանազանել ճիշդը սխալէն, տարաձայնութիւնը՝ ստոյգ տեղեկութենէն։ Այս մտահոգութիւններէն մղուած, «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ ախտաբան մասնագէտ դոկտ. Նաթալի Թերզիխանի հետ։ Ան աւարտած է Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանը, ապա յաճախած՝ ԼՆԳԿ Կեդր. վարժարան։ Կանուխ տարիքէն ընտանիքին հետ գաղթած է Հոլանտա, ուր հետեւած է բարձրագոյն ուսման։ 2011-ին հոլանտական Wageningen համալսարանէն ստացած է մագիստրոսական աստիճան, սննդառութեան եւ առողջապահութեան մասնագիտութեամբ։ Մասնակցած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու։ 2019-ին Պելճիքայի Կանտի եւ Հոլանտայի Ռոթրտամ քաղաքի Էրասմուս համալսարաններէն կրկնակի դոկտորական աստիճան ստացած է համաճարակագիտութեան եւ թոքային հիւանդութիւններու ժառանգականութեան շուրջ։ Ներկայիս կ’աշխատի ստանալու համաճարակագիտութեան յետ-դոկտորական աստիճանը, Էրասմուսի բժշկական կեդրոնի համաճարակագիտութեան բաժինէն ներս աշխատելով իբր գիտաշխատող։
«Գանձասար»- Վերջերս տարածուած այս հիւանդութեան մասին երբ կը խօսուի, կը լսենք երկու անուանում՝ Քովիտ-19 եւ պսակաձեւ (քորոնա) ժահր։ Որմէ՞կն է ճիշդը։
Նաթալի Թերզիխան.- Երկու անուններն ալ ճիշդ են։ Քովիտ-19 հիւանդութեան անունն է, իսկ «պսակաձեւ» կամ «քորոնա» կը կոչուի հիւանդութիւնը պատճառող ժահրը։ Այս անունով կոչուած է, որովհետեւ ժահրը գնդակի ձեւ է եւ իր շուրջը ունի պսակի նմանող ցցուն բաժիններ։ Այս ժահրը կը կոչուի գիտականօրէն նաեւ Sars CoV-2։

«Գ.»- Ոմանք այս հիւանդութիւնը կը նկատեն մահացու, ուրիշներ կը պնդեն, թէ վախի կարիք չկայ, ո՞ր մօտեցումն է ճիշդը։
Ն.Թ.- Գործնականօրէն քովիտ-19 կարելի չէ նկատել մահացու հիւանդութիւն։ Մինչեւ այսօր վարակուողներուն 80%-ը կա՛մ թեթեւ կռիփի ախտանշաններ կ’ունենայ, կա՛մ ընդհանրապէս ոչ մէկ բան կը զգայ։ Նկատի առած, որ սովորական կռիփի ժահրէն տարեկան 70.000 մարդ կը մահանայ (թիւ մը, որուն չհասաւ տակաւին պսակաձեւ ժահրը), կրնանք եզրակացնել, որ որեւէ ժահր կրնայ մահացու ըլլալ տկար մարդոց համար, պատճառելով բարդութիւններ եւ վտանգաւոր բորբոքումներ, որոնց չի կրնար դիմադրել մարմինը, եթէ դիմադրողականութիւնը տկար է։

«Գ.»- Ուրեմն ինչո՞ւ շատեր պսակաձեւ ժահրը մահացու կը նկատեն։
Ն.Թ.- Ծայրայեղ պարագաներու, երբ հիւանդը տարիքով մեծ է, կամ՝ դիմադրողականութիւնը տկար, կրնայ ունենալ թոքերու ծանր բորբոքում, որուն հետեւանքով կրնայ տառապիլ թթուածինի պակասէ։ Այս պարագային պէտք կ’ըլլայ հիւանդանոցի մէջ անոր թթուածին ապահովել։ Հիմնական հարցերէն մէկը այն է, որ նախնական շրջանին ժահրը նոր յառաջացած էր, մասնագէտներ չէին գիտեր, թէ որքա՛ն վտանգաւոր է ան եւ ի՛նչ բարդութիւններ կրնայ պատճառել, իսկ երկրորդը, որ պէտք չէ բոլոր վարակուողները հիւանդանոց ընդունիլ, որովհետեւ եթէ շատ մեծ թիւով վարակուողներ միասին հիւանդանոց ընդունին, առողջապահական համակարգը կրնայ քայքայուիլ, չհասցնել պէտք եղած օգնութիւնը իսկապէս վտանգի մէջ գտնուողներուն, հետեւաբար մահերու թիւը կրնայ բարձրանալ։ Այս մէկը պատահեցաւ Իտալիոյ մէջ, ուր վարակը շատ արագ տարածուեցաւ եւ յանկարծ մեծ ճնշումի տակ դրուեցաւ երկրի առողջապահական համակարգը, այդ պատճառով ալ որոշուեցաւ ամէն տեղ փակել, համաճարակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար։

«Գ.»- Դիմագրաւելու համար այս նոր համաճարակը կարգ մը երկիրներ սկսան փակել դպրոցներն ու զանազան հաւաքավայրերը, մինչ ուրիշ երկիրներ չեն դիմեր այս քայլին, ի՞նչ տրամաբանութեան կը հետեւին անոնք։
Ն.Թ.- Այս առումով կայ երկու տարբեր մօտեցում։ Չինաստանի մէջ, օրինակ, կարելի եղաւ հանրային հաւաքավայրերը փակելով համաճարակի տարածումը սահմանափակել, սակայն կարգ մը գիտնականներ կը պնդեն, որ այսպիսի միջոցներ չեն նպաստեր ժահրը ոչնչացնելու եւ այն վայրկեանին, որ դռները կրկին բացուին, համաճարակը անգամ մը եւս պիտի տարածուի։ Այլ երկիրներ յարմար գտան դպրոցները բաց պահելը, սակայն փակել այլ վայրեր, կարելի եղածին չափ աշխատիլ տունէն, ինչպէս նաեւ խուսափիլ հաւաքներէն ու այցելութիւններէն։ Այս պարագային յատկապէս կարելի կ’ըլլայ հեռու պահել տարիքոտները, որովհետեւ դպրոցները փակելու պարագային ծնողներ պիտի ստիպուին իրենց զաւակները ձգել տարիքոտ պարագաներու՝ մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու մօտ։ Դպրոցները բաց պահելու պարագային անոնք աւելի պաշտպանուած կը մնան։ Անշուշտ տարիքոտներուն կողքին պէտք է նկատի առնել նաեւ բոլոր անոնք, որոնք դիմադրողականութեան տկարութենէ կը տառապին, այսինքն՝ անոնք, որոնք տան մէջ որոշ հիւանդութիւններէ եւ տկարութիւններէ տառապողներ ունին, դպրոցականները պէտք է հեռու պահեն անոնցմէ։ Այլ խօսքով՝ պէտք է բաց պահել դպրոցները, խուսափիլ անտեղի պատճառներով տունէն ելլելէ եւ յատկապէս տարիքոտներն ու տկարները այցելելէ։ Ըստ նոր ուսումնասիրութիւններու, այս միջոցը աւելի ազդու է, որովհետեւ կը բարձրացնէ հաւաքական կամ ընկերային դիմադրողականութիւնը։

«Գ.»- Ի՞նչ է հաւաքական դիմադրողականութիւնը։
Ն.Թ.- Հաւաքական դիմադրողականութեան սկզբունքը նոյնինքն պատուաստի սկզբունքն է, երբ տուեալ հաւաքականութեան 80%-ը որոշ հիւանդութեան մը հանդէպ դիմադրողականութիւն կ’ունենայ պատուաստին շնորհիւ։ Այս պարագային, նոյնիսկ անոնք որոնք չեն պատուաստուած, եթէ սկզբնական շրջանին հեռու մնան հիւանդութենէն, ինքնաբերաբար չեն վարակուիր, որովհետեւ վարակին տարածումը կը կասեցուի, ժահրը կ’ոչնչանայ եւ այլեւս վտանգ չի սեպուիր։ Ըստ անոր վնաս չէ ժահրին սահմանափակ տարածումը, որովհետեւ այդ պարագային, եթէ տկարներուն 20%-ը վարակուի, հիւանդանոցներուն մէջ տեղ պիտի գտնուի զանոնք բուժելու եւ անոնց թթուածին պահովելու։ Ահա այս է տեսութիւնը, սակայն կտրականապէս վստահ չենք, թէ ո՛ր մօտեցումն է ճիշդը։ Մէկ բան հաստատ է, որ եթէ մարդիկ իրարմէ հեռաւորութիւն պահեն, այցելութիւնները նուազեցնեն եւ շփումը նուազագոյնի իջեցնեն, ժահրի տարածումը պիտի դանդաղի, հիւանդանոցներուն վրայ ճնշումը պիտի թեթեւնայ եւ ժահրը ողբերգական արդիւնքներ պիտի չունենայ։

«Գ.»- Ընկերային ցանցերուն վրայ յաճախ կը հանդիպինք «դեղատոմս»երու, որոնց համաձայն որոշ պտուղներ կամ ուտեստներ կրնան բուժել պսակաձեւ ժահրը։ Որքանո՞վ ճիշդ է այս մէկը։
Ն.Թ.- Ներկայիս փաստուած չէ, թէ որոշ պտուղներ կրնան բուժել պսակաձեւ ժահրը, սակայն առողջապահական սննդականոնը, որ հարուստ է թարմ պտուղներով ու կանաչեղէնով, կրնայ զօրացնել դիմադրողականութիւնը, յատկապէս որ անոնք կը պարունակեն բարձր քանակով C կենսանիւթ, որ բոլորիս ծանօթ է իբրեւ դիմադրողականութիւն զօրացնող կենսանիւթ։ Պէտք է վստահ ըլլալ, որ պտուղը կամ կանաչեղէնը ուտելէ առաջ լաւ լուա- ցուի, որովհետեւ ժահրը 12 ժամ կրնայ մնալ մակերեսին վրայ։

«Գ.»- Ի՞նչ կը թելադրէք մեր ընթերցողներուն։
Ն.Թ.- Նախ կը թելադրեմ խուճապի չմատնուիլ ու չվախնալ, որովհետեւ վախը մարմինին դիմադրողականութիւնը կը տկարացնէ։ Երկրորդ՝ խուսափիլ ընկերային շփումներէն ու այցելութիւններէն, յատկապէս՝ տարիքոտներուն եւ հիւանդութիւններէ տառապողներուն հետ չձեռնուիլ, չհամբուրել զիրենք, նուազագոյնը մէկ մեթր հեռաւորութիւն պահել մեր եւ մարդոց միջեւ։ Մի՛շտ փռնկտալ թաշկինակի մէջ եւ անմիջապէս թափել թաշկինակը։ Անշո՛ւշտ ձեռքերը մաքուր պահելը շատ կարեւոր է, պէտք է օճառուիլը տեւէ 30 երկվայրկեան։ Ժահրը կրնայ տարածուիլ նաեւ մարդկային պէտքին միջոցաւ, հետեւաբար պէտքարանի ջուրը քաշելու ատեն կափարիչը միշտ փակ պէտք է պահել։
Առողջութիւն կը մաղթեմ բոլորին, ապահով մնաք։

Հարցազրոյցը վարեց
Յուշիկ Ղազարեան