Ցաւակցութիւններ․․․Մոսկուայի Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Իտլիպի մէջ ստեղծուած պայթուցիկ կացութիւնն ու յատկապէս Ռուսաստանի բանակին հովանաւորութեամբ սուրիական օդուժի անակնկալ հարուածի մը արդիւնք՝ երեսունէ աւելի թուրք զինուորներու մահը, պատճառ եղաւ որ Մարտ 5-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունենայ Էրտողան – Փութին հանդիպումը, որուն տեւողութիւնը՝ վեց ժամ, ցոյց կու տայ, որ բաւական հարցեր «ծեծուած» են։

Իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս լրատուական զանազան վերլուծումներուն հետ քայլ պահելով, կարելի է այն եզրակացութեան յանգիլ, թէ այս գլուխ-գլխի հանդիպումը այդքան ալ հեզասահ ձեւով չէ ընթացած։ Անգարայի մօտիկ աղբիւրներ կը հաւաստիացնեն, որ Էրտողան ձեռք երկարած է քաղաքական հարցը տնտեսական մօտեցումով լուծելու եւ առաջարկած է, Մոսկուայի հետ գործակցելով, պեղել եւ շահագործել Սուրիոյ հանքերը։

Սակայն, ակնթարթ մը այս հեռուէն դիտուած եւ վերլուծուած խօսքերը մէկդի դնելով, տեղին է կեդրոնանալ հանդիպման վայրին եւ մեկնարկին մասին։

Վայր՝ Մոսկուա․․․Էրտողան՝ «փրոթոքոլային» հաշիւները մէկդի դնելով, պարզ ու մեկին, փոխանակ Անգարայի սպիտակ պալատին մէջ ընդունելու ցաւակցութիւնները, մեկնած էր իր զոհերուն պատճառ հանդիսացած երկիրը եւ հոն ընդունած, յապաղումով ժողովասրահ ժամանած Վլատիմիր Փութինի վշտակցութիւնը։ Զարմանալի մօտեցում, մանաւանդ երբ նկատի առնուի սուլթանամէտի մը գործելաձեւը։

Փութինն ալ, իր որջին մէջ, կրցաւ ամենայն պատշաճութեամբ եւ ճկունութեամբ կացութեան տէր դառնալ եւ ճոխ «փրոթոքոլային» բառամթերքով, նաեւ հաւասարակշռուած, լաւապէս չափուած ու ձեւուած խօսքերով, այս երկար հանդիպման մեկնարկը կատարեց։

Առանց նոյնիսկ իր հրաւիրեալին նայելու, Ռուսաստանի ղեկավարը ցաւակցութիւն յայտնեց, ընդհանրացնելով պատահածը եւ Լափալիսեան իրականութեամբ մը շարունակելով, թէ նմանօրինակ դէպքեր ողբերգական են եւ թէ սուրիական ուժերն ալ նմանօրինակ ողբերգութիւններ ապրած են։

Հոս էր որ սուլթանամէտ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանը բոլորովին անկնկալի բերաւ դէտերը եւ փոխանակ սաստելու, միջամտելու եւ ընդհատելու դիմացինին «կեղծիք»-ն ու փաղաքշական խօսքերը, ամենայն հանդարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ տեղի տուաւ, առանց իսկ ամենադոյզն ցասում արտայայտելու։

Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար «հայրենիքին համար զոհուած» (անշուշտ՝ հայրենիքէն դուրս, սուրիական հողի վրայ․․․) զինուորներուն անմիջական պարագաներուն մօտեցումն ու կարծիքը։ Քանի մը շաբաթ ետք եւ ահաւասիկ Թուրքիոյ ղեկավարը մոռցած էր արեան գինը պահանջելու այդ դժուար պարտականութիւնը եւ եկած էր մութ հարիւրներու ետին կանգնած «տակից» առաջարկներ կատարելու։

Արդեօք թուրքը չնկատե՞ց, թէ ինչ կը կատարէր իր բնակած երկրի ղեկավարը, չնշմարե՞ց քծնողի մը տիպարը, որ փոխանակ արեան գին պահանջելու, եկած էր այլ պեղումներ կատարելու եւ բազկերակ շօշափելու։ Արդէն իսկ խորհրդարանի ընդդիմադիր ճակատը տեղեկացուց, թէ սուլթան Էրտողան թրքական ուժերը ահաբեկիչներուն աջակցելու ուղարկելով պատճառ դարձաւ զինուորներուն սպանութեան:

Հուսկ, նոյնինքն Էրտողան չնկատեց, թէ այդ գլուխ-գլխի հանդիպումը կատարուեցաւ սենեակի մը մէջ, ուր կը գտնուէր վիթխարի արձանը Կատարինէ Բ. թագուհիին, որ 1768-74 թուականներուն ջախջախած էր Օսմանեան կայսրութիւնը: