Ատրպէյճանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Ցած Չափանիշները Խոչընդոտ Են Խաղաղ Գործընթացի Համար. Աննա Նաղդալեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանն արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ խորհրդարանի մէջ հնչեցուցած ելոյթին:

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակի մեկնաբանութեան մէջ նշուած է.

«Ատրպէյճանի նախագահը նորանշանակ խորհրդարանի բացման նիստին հանդէս եկած է ընդարձակ ելոյթով, ուր, հերթական անգամ, տեղ գտած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ ատելութեան խօսքի յստակ դրսեւորումներ:

Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու օրինականութեան ցած մակարդակը, քաղաքական եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարելու անկարողութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն քօղարկել յարձակողական, անհիմն եւ մտացածին պնդումներով, որոնք Հայաստանէն եւ հայ ժողովուրդէն բացի կ՝ուղղուին նաեւ եւրոպական երկիրներուն, եւրոպական կառոյցներուն, Ատրպէյճանի մէջ ընտրութիւնները դիտարկած միջազգային դիտորդական առաքելութեան: 

Յատկապէս մտահոգիչ է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ իր անհիմն մեղադրանքներուն մէջ խաղարկել կրօնական քարտը՝ մէկ կողմէն եւրոպական երկիրները մեղադրելով կրօնական հողի վրայ գաղթականներու իրաւունքներու խախտումներուն մէջ, իսկ միւս կողմէն՝ կրօնական համերաշխութեան կոչեր ընելով  ԼՂ հակամարտութեան ծիրէն ներս: 

Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ պատմական եւ աշխարհագրական նոր ‹‹յայտնագործութիւններով›› ուղեկցուող հայ ժողովուրդի հանդէպ թշնամանքի քարոզը արմատապէս կը հակասէ վերջին շրջանին խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայր ձեւաւորելու եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու Ատրպէյճանի յանձնառութիւններուն:

Այս տեսակէտէն պէտք է փաստել, որ Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու առկայ խիստ ցած չափանիշները լրջօրէն կը խոչընդոտեն ԼՂ խաղաղ գործընթացի առաջմղումը, մասնաւորապէս այդ գործընթացին ծիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման:   

Սեփական օրինականութիւնը հարեւան ժողովուրդի հանդէպ ատելութեան եւ միջազգային համայնքի հանդէպ անվստահութեան վրայ կառուցելու Ադրբեջանի բարձրագոյն ղեկավարութեան փորձերը անպատասխանատու են եւ կրնան վտանգել տարածաշրջանի խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը»: