Հայաստանը Կը Զօրացնէ Ներքին Ջանքերու Զօրաշարժը՝ Վրաստանի եւ Իրանի Հետ Սերտ Համակարգումով. Զոհրապ Մնացականեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան Twitter-ի իր էջով անդրադարձած է ՀՀ-ի մէջ պսակաւոր ժահրի կանխարգիլման քայլերուն։

«Պսակաւոր ժահրի արդիւնաւէտ կանխարգիլման նպատակով՝ Հայաստանը կը զօրացնէ ներքին ջանքերու զօրաշարժը՝ հարեւան Վրաստանի եւ Իրանի հետ սերտ համակարգումով:

Մշտական կապի մէջ եմ գործընկեր Տաւիտ Զալգալիանիի հետ՝ խթանելու համատեղ պաշտպանական քայլերը: Յետագայ համատեղ գործողութիւններ կը սպասուին Իրանի հետ»,- գրած է Մնացականեան:

Նշենք, որ Մարտ 12-ի, ժամը 10.13-ի դրութեամբ, ողջ աշխարհի մէջ հաստատուած է պսակաւոր ժահրով վարակման 126,254 դէպք, որուն 4637-ը՝ մահուան, եւ 68,266-ը՝ առողջացման:

Եւրոպայի մէջ, աւելի քան 9000 յայտաբերուած վարակակիր կայ, որուն 2/3-ը բաժին կը հասնի Իտալիային, վարակման աւելի քան 700-ական դէպք արձանագրուած է  Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ։ Առաջին անգամ ժահրը յայտնաբերուած է նաեւ Մոլտովայի մէջ։

Հայաստանի մէջ, այս պահուն, կայ պսակաւոր ժահրի հաստատուած 6 դէպք։