ՆՇՄԱՐ.- Եւրոպա Ոտքի Կ՝ելլէ Ընդդէմ Էրտողանի Ոտնձգութեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Մարտի առաջին օրերուն, Եւրոպայի մէջ արագ արթութիւն մը նշմարուեցաւ, ի տես Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նորագոյն ոտնձգութիւններուն։ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան՝ Իտլիպի շրջանին մէջ բացայայտօրէն նահանջելու պարտադրուած Թուրքիա, իր յելուզակութիւններուն համար Եւրոպայէն աջակցութիւն ապահովելու դիտաւորութեամբ, ու Եւրոպան նոր ճնշումի ենթարկելու աղաղակող քայլերով՝ իր հողերուն վրայ ապաստան գտած գաղթականներու առջեւ բացաւ Յունաստանի սահմանը եւ գրեթէ բռնի ուժով խեղճ տառապեալները մղեց Յունաստան ներխուժելու։

Յունաստանի կոչին վրայ, Եւրոպական Միութիւնն ու անհատ երկիրներ մէկ օրէն միւսը իրենց լեզուն ու ակնոցները փոխեցին եւ միաձայնութեամբ նեցուկ կանգնեցան Յունաստանի, մինչեւ իսկ կարգ մը երկիրներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին զինեալ ուժ ղրկելու Թուրքիոյ հետ Յունաստանի սահմանը՝ արգելք ըլլալու համար թրքական անուղղակի ներխուժումին։ Անկախ գաղթականներուն բերելիք տնտեսական-ընկերային նոր բարդութիւններէն, եւրոպական երկիրներ հիմա աւելի լաւ գիտեն, որ Թուրքիա կ՝աշխատի, գաղթականներու դիմակին տակ, դէպի Եւրոպա «արտածել» այն ծայրայեղական ահաբեկիչները, զորս ան սնուցեց ու կազմակերպեց վերջին տասնամեակներուն, եւ որոնց վերջին առաքելութիւններէն մէկն էր աշխատիլ Սուրիոյ տկարացման ու մասնատումին ի խնդիր։ Կարելի է բազում նախատեսութիւններ կատարել, թէ ահաբեկիչներու Եւրոպա տեղափոխութիւնը ինչպիսի պատուհասներու դուռ կրնայ բանալ։

Լրատու աղբիւրներ ժամ առ ժամ կը հաղորդեն Յունաստանի կողքին ըլլալու եւ Թուրքիոյ նորագոյն ոտնձգութեան դէմ դնելու եւրոպացիներուն կեցուածքները։ Յունաստան չ՝ամբաստանուիր իբրեւ «գաղթականներուն դէմ վայրագութիւն կիրարկող» երկիր, թէեւ խուժողներուն դէմ արցունքաբեր ռումբեր եւ այլ բռնամիջոցներ ի գործ կը դրուին (վաղը, ահաբեկիչներ հետապնդող ու ջարդող սուրիական բանակներուն դէմ ալ «լեզուի փոփոխութիւն» կրնայ իրականանալ)։ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նոր ղեկավարը՝ Ուրսուլա Ֆոն Տէ Լէյէն Երեքշաբթի օր, այս տագնապին քննարկման յատկացուած եւ Յունաստանի վարչապետին մասնակցութեամբ կայացած համաեւորպական ժողովէ մը ետք, արտայայտիչը եղաւ Եւրոպայի միացեալ դիրքորոշումին. «Յունաստանը կը նկատենք Եւրոպայի վահանը», յայտարարեց ան, գործածելով վահան բառին յունարէն եզրը, ասփիտա, ընդառաջելով Յունաստանի վարչապետին՝ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի դրած այն հարցին, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յստակ կեցուածք որդեգրէ Էրտողանի կազմակերպած՝ անուղղակի արշաւանքին դիմաց։

Բազմահազար գաղթականներ, ենթարկուելով թրքական ճնշումին ու քաջալերանքին, քանի մը օրէ ի վեր կը խուժեն դէպի Յունաստանի հողերն ու կղզիները, իրենց դէմ գտնելով յունական երբեմն բիրտ արգելակումներ։ Գաղթականները եւս սկսած են անդրադառնալ, որ Թուրքիա զիրենք վառելանիւթի, փամփուշտի վերածած է՝ Եւրոպայի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։ Հաւանաբար հիմա, թէ՛ գաղթականներուն եւ թէ եւրոպական երկիրներու աչքերը աւելի՛ լաւ կը տեսնեն ցաւալի իրականութիւնները, թէ՝ Թուրքիա ինչպիսի՛ դերակատարութիւն ունեցաւ անմիջական դրացիներուն հողերուն վրայ հակամարտութիւններ հրահրելու, զանգուածներու բռնագաղթին պատճառ դառնալու եւ մարդկային այդ խլեակները նիւթական ու այլատեսակ շահու աղբիւրի վերածելու «քաղաքականութիւն» կիրարկելով։ Խեղճ գաղթականները այս իմաստով կրկնակի զոհերն են անմարդկային վերաբերմունքի, որ եթէ իբրեւ անմիջական ազդանշան՝ ունի թրքական (ու նմանօրինակ) ոտնձգութիւններ, անոր դիմաց՝ ցարդ կը գտնէր Թուրքիոյ դաշնակիցներուն ու զայն դարպասողներուն կրաւորական անտարբերութիւնը, անկէ բխող՝ լուռ մեղսակցութիւնը։ Եւ ահա, Եւրոպա իր մորթին վրայ կը զգայ Էրտողանի ու խունթային վարքագիծին խայթոցը, յոյս ներշնչելով, որ տեղ մը բան մը կրնայ բարեշրջուիլ ի վերջոյ։

Ճիշդ է. Եւրոպա չի գտնուիր այն ահազանգային վիճակին մէջ, որ արձանագրուեցաւ մօտաւորապէս հինգ դար առաջ, երբ օսմանեան բանակները, խորտակելէ ետք իր արեւելեան սահմանները, երեւցան Վիեննայի դուռներուն առջեւ։ Այսօր, թրքական բանակներ չեն արշաւեր դէպի Եւրոպա, սակայն թրքական ոճրածին ուղեղին արգասիքը եղող տագնապ մը նոյն հնչեղութեամբ ահազանգի կը մատնէ Եւրոպական Միութիւնն ու անոր մէն մի անդամը, սկսելով Յունաստանէն։ Ու Եւրոպա, եւ ուրիշներ, կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ իրենց շահերն ու Էրտողանի սպառնալիքներէն բխող վնասները նժարի մէջ դնելու մարտահրաւէրին դիմաց…

Բնականաբար տեղ մը անմարդկային գիծ մը կայ գաղթականներուն դէմ բրտութեան կիրարկման մէջ. Մ.Ա.Կ.-ն ալ կրնայ արդարացի կէտ ունենալ, թէ գաղթականներու մասին միջազգային օրէնքներ կ՝անտեսուին, սակայն հարցին արմատը եւ էութիւնը հոն չէ, այլ պէտք է դատապարտանքի սիւնին գամել այս տագնապը հրահրողն ու շահագործել ուզողը։ Այլ խօսքով, Մ.Ա.Կ.-ը առաջինը պէտք է ըլլայ իր մեղադրանքներուն սլախքներուն ուղղութիւնը ճշդելու մէջ։

Եւ… դարձեալ կրկնուող հարցումը. հայ քաղաքական միտքը, դիւանագիտութիւնն ու դրապաշտ քարոզչութիւնը ինչո՞ւ կը նախընտրեն մնալ կրաւորական դիտողի խրամատին մէջ։