50,000 Գիրք` ՀՀ Դպրոցներու Գրադարաններուն

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութիւնը, Գիրք նուիրելու օրուան ծիրէն ներս, հանրապետութեան բոլոր հանրակրթական դպրոցներու գրադարաններուն պիտի նուիրէ նոր հրատարակուած գիրքեր։

Բաշխման գործընթացը մարզերու մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել մարզպետարաններուն միջոցով։ Դպրոցները, հարցերու պարագային, կրնան զանգահարել նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութիւն (011523938):