Թիֆլիսի Մէջ Թումանեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Կ՝իրականացուին

Սփիւռք

Այսօր՝ Փետրուար 19-ին, ժամը 13:00-ին, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, Հայարտուն կրթամշակոյթային կեդրոնը կը կազմակերպէ այցելութիւն եւ ծաղիկներու խոնարհում Թիֆլիսի Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ հանգչող Ամենայն Հայոց բանաստեղծի գերեզմանին: Վաղը կը կատարուի նաեւ հոգեհանգստեան կարգ: Այս մասին կը յայտնէ Armradio-ն:

Այնուհետեւ տեղի կ’ունենայ վիրահայութեան մէջ արդէն աւանդական դարձած իրարու գիրքեր նուիրելու արարողութիւնը: