Մասիսի Մէջ 5.5 Քիլօ Կշիռով Փոքրիկ «Հսկայ» Մը Ծնած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Մասիսի հիւանդանոցի մանկաբարձութեան բաժանմունքին մէջ օրեր առաջ ծնած է արական սեռի փոքրիկ, որ կշռած է 5 քիլօ 500 կրամ, հասակը 60 սմ․, կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

«Մասիսի բժշկական կեդրոնի եւ մանկաբարձութեան եւ կնաբանութեան բաժանմունքի ողջ անձնակազմը կը շնորհաւորէ մայրիկը` Մասիս քաղաքի բնակչուհի Լուսանուշ Սամուէլեանը` ցանկալով երջանիկ մայրութիւն, բալիկին` անհոգ մանկութիւն: Եղէք առողջ ու երջանիկ»,- ըսուած է հիւանդանոցին տարածած հաղորդագրութեան մէջ: