Հայաստանի Մէջ Յունիս 13-ին Եարխուշտայի Փառատօն Պիտի Կազմակերպուի

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եարխուշտայի փառատօն կազմակերպելու վերաբերեալ. Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն:

Վարչապետին ներկայացուած են փառատօնի կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները եւ նախաձեռնութեան բաղադրիչները:

Առաջարկ եղած է` փառատօնը կազմակերպել Արագածոտնի մարզի Թալինի տարածաշրջանի Դաշտադէմ համայնքին մէջ, 2020-ի Յունիսի երկրորդ շաբաթ օրը:

Կը նախատեսուի փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպել եարխուշտայի մրցոյթ, պիտի ըլլայ մրցութային պարահրապարակ, հայկական արուեստը եւ արհեստը ներկայացնող տաղաւարներ, լուսանկարահանման եւ զբօսաշրջային տեղեկատուական տաղաւարներ, թանգարան-ցուցասրահ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական պարի սկզբնաւորման եւ պատմութեան վերաբերող վարպետութեան դասեր:

Կը նախատեսուի նաեւ ունենալ Արագածոտնի մարզի համայնքներու գօտի, ուր համայնքներու ներկայացուցիչները պիտի ներկայացնեն իրենց համայնքը, բնորոշ աւանդոյթները, մշակոյթը եւ խոհանոցը: