Հալէպի Oդակայանը Ընդունեց Ութ Տարուան Մէջ Առաջին Մարդատար Օդանաւը

Աշխարհ

Հալէպի միջազգային օդակայանը Փետրուար 19-ին վերսկսած Է իր աշխատանքը ութամեայ ընդմիջումէն ետք եւ առաջին չուերթը ընդունած է Դամասկոսէն:

Հալէպի եւ Դամասկոսի միջեւ տարածութիւնը կը կազմԷ մօտաւորապէս 370 քիլոմեթր, նախքան սուրիական պատերազմը ինքնաթիռները այդ տարածութիւնը կը յաղթահարԷին մօտաւորապէս 50 վայրկեանէն: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` առաջին չուերթով Հալէպ ժամանած են 120 ուղեւորներ, որոնց մէջ փոխադրամիջոցներու նախարար Ալի Համուտ եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մուհամատ Մարտինի:

Սուրիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան հաղորդման համաձայն, կը ծրագրուի յառաջիկայ օրերուն կանոնաւոր չուերթներ սկսիլ դէպի Դամասկոս եւ Եգիպոսի մայրաքաղաք Գահիրէ:

Օդակայանը բացուած Է՝ երբ Փետրուար 16-ին սուրիական բանակը ամբողջութեամբ ազատագրած է Հալէպի շրջակայ բոլոր բնակավայրերը՝ ապահովելով քաղաքի անվտանգութիւնը ահաբեկիչ զինեալներու հրետակոծումներէն: