Աշտարակի Սուրբ Մարիանէ Եկեղեցին Կը Վերաօծուի

Այլեւայլ, Հայաստան
Փետրուար 22-ին, ժամը 11:00-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որուն ժամանակ տեղի պիտի ունենայ Աշտարակի առաջնորդանիստ Սուրբ Մարիանէ եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ ter-hambardzum.net-ը։

Յաւարտ Սուրբ եւ անմահ Պատարագի տեղի պիտի ունենայ տօնական արարողութիւն։