Վարչապետին Մօտ Քննարկուած են Բանակին Մէջ Մահուան Դէպքերու Պատճառները

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Էդուարդ Մարտիրոսեան, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան, Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան, Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեան, Զինուած ուժերու եւ իրաւապահ մարմիններու բարձրաստիճան այլ ներկայացուցիչներ:

Ըստ վարչապետի մամլոյ վարչութեան՝ մանրամասն անդրադարձ կատարուած է վերջին շրջանին Զինուած ուժերու մէջ տեղի ունեցած մահուան դէպքերու հանգամանքներուն եւ պատճառներուն: Պատասխանատուները զեկուցած են յարուցուած քրէական գործերու ընթացքին մասին:

Վարչապետ Փաշինեան առաջնահերթ համարած ԶՈՒ-ի մէջ քրէական ենթամշակոյթի եւ կարգապահութեան հետ կապուած առկայ խնդիրներու լուծումը եւ ընդգծած կարգապահութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը` պատասխանատուներուն տալով համապատասխան յանձնարարականներ: