ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբը Կը Յորդորէ Զերծ Մնալ Բանակին Մէջ Մահուան Դէպքերը Շահարկելու Փորձերէն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը յայտարարութիւն տարածած է Զինուած ուժերուն մէջ այս տարուան ընթացքին արձանագրուած մահուան դէպքերուն վերաբերեալ:

ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«2020 թուականի Յունուար 1-էն մինչեւ Փետրուար 17 Զինուած ուժերուն մէջ արձանագրուած 13 (ժամկէտային եւ պայմանագրային զինծառայողներ, սպաներ) մահուան դէպքերէն 4-ը դժբախտ պատահարի հետեւանքով են, 4-ը կապուած են ծառայութեան հետ առնչութիւն չունեցող հանգամանքներով (հիւանդութիւն, անձնական խնդիրներ), մնացեալ 5 դէպքերուն առիթով յարուցուած են քրէական գործեր, հանգամանքները կը պարզուին:

ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտաբը կը hորդորէ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներուն, փորձագէտներուն եւ «վերլուծաբաններուն» զերծ մնալ բանակին մէջ մահուան դէպքերը շահարկելու, անոնցմէ անձնական եւ քաղաքական շահաբաժիններ քաղելու ապակայունացնող փորձերէն, հասարակութեանն ալ կոչ կ՝ընէ ապատեղեկատւութենէն խուսափելու եւ ձեռնավարութիւններու չենթարկուելու համար հետեւիլ պաշտօնական լրահոսին:

Բանակը մեր երկրի կայունութիւնը ապահովող հիմնական կառոյցն է եւ այս կամ այն կերպ առնչութիւն ունի ոչ միայն պետութեան` իբրեւ մէկ ամբողջութեան, այլեւ անհատապէս մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ: Հասկնալի է հանրութեան բուռն արձագանգը ԶՈւ հետ կապուած ցանկացած միջադէպի առնչութեամբ, առանձնապէս երբ կ՝արձանագրուին մահուան ելքով դէպքեր: Կը հաւաստիացնենք, որ իւրաքանչիւր դէպք համակողմանիօրէն եւ խորութեամբ կ՝ուսումնասիրուի, կը քննուի պատկան մարմիններուն կողմէ, կը կատարուին անհրաժեշտ հետեւութիւններ եւ հնարաւոր ամէն ինչ բացթողումները շտկելու եւ յետագային բացառելու համար: Կը յորդորենք բոլորին ըլլալ համբերատար, զերծ մնալ զգացմունքային բնորոշումներէն, որակաւորումներէն եւ անհիմն մեղադրանքներէն, ըլլալ զգօն եւ առաւելագոյնս զգոյշ լրատուամիջոցներու, հասարակական ցանցերու մէջ եւ այլ հարթակներու վրայ պետութեան անվտանգութիւնը ապահովող կառոյցի հետ կապուած ցանկացած հրապարակային միտք արտայայտելու ժամանակ:

Իւրաքանչիւր զինծառայողի մահը մեծ կորուստ եւ ցաւ է Զինուած ուժերու հրամանատարական կազմին համար: Կրկին կը ցաւակցինք բոլոր մահացած զինծառայողներու հարազատներուն, համբերութիւն կը մաղթենք անոնց: Կը վստահեցնենք, որ զինծառայողներու մարտունակութիւնը բարձր է, եւ մենք կը  շարունակենք անշեղօրէն կատարել մեր առջեւ դրուած մարտական խնդիրները»: