Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Հայաստան Կը Ներգաղթեն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Լատոյեան

Միջինարեւելեան երկիրներու տագնապալի կացութեան ի տես` Հայաստան ներգաղթողներու թիւը կարծէք աճ կ՛արձանագրէ: Ձեւով մը ապահով մթնոլորտի մը ստեղծումը դուռը բացաւ նորանոր ձեռքբերումներու: Վիճելի թիւերէն անդին` վարկանիշի բարձրացման եւ ժողովրդային, ազատ, անկախ, եւրոպական ու միջազգային կազմակերպութիւններու վկայութեամբ, նոր ոստումի մը առջեւ կը գտնուի:

Այո՛, Հայաստանի մէջ կազմակերպուող խորհրդաժողովները, իշխանափոխութիւնը, տնտեսական աճը, եկամուտներու յաւելումը, առողջապահական եւ մարզերու մէջ հեռակայ ծրագիրները, զբօսաշրջիկներու թիւի աճը, ներդրումներու թափանցիկ եւ ապահով երաշխիքը ցարդ Հայաստանին նոր առիթ տուած է: Բնականաբար այս պայմաններուն մէջ ներգաղթողներուն թիւը կը բարձրանայ: Բնականաբար այս բարոյահոգեբանական ազդակները իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան: Բնականաբար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ արդարութիւն ձեռք ձգելու ճիգերը ժամանակ պիտի առնեն:

Այսօր Միջին Արեւելքի խառնակ վիճակին եւ անորոշութեան ալիքին դիմաց Հայաստանը կայուն, խաղաղ, ապահով, հեռանկարները ունեցող, գրաւիչ եւ ներգրաւող մթնոլորտ մը ստեղծած է:

Այս բոլորը կ՛արձանագրեմ, բայց եւ այնպէս կը հաստատեմ, որ տակաւին շատ գործ կայ ընելիք:

Ամէն բան վարդագոյն չէ` բնականաբար: Բայց միշտ վարդագոյն չէր եղած: Այսօր հորիզոնը կ՛երեւի: Ըսելիք կայ անշուշտ: Որքան ընելիք կայ, նոյնքան ալ ըսելիք կայ: Սակայն ինչո՞ւ դրական շինիչ քննադատութեամբ չըսենք մեր ըսելիքը: Ինչո՞ւ մեր պետութեան հզօրացման ի խնդիր չընենք մեր ընելիքը: Ամէն ինչ միասնաբար պէտք է ընենք: Այդ մէկը կ՛ըլլայ այն ատեն, երբ պատասխանատուները անկեղծաբար նախ ընդունին իրենց սխալները եւ ապա սրբագրելու համար քննադատութիւններն ընդունին իբրեւ պետականաշինութեան նպաստ: Այլապէս ամէն բան սխալ կը թարգմանուի:

Հայրենիքը բոլորիս եղած էր եւ է՛ տակաւին: Չի կրնար միայն մէկ հոսանքի կամ մտածողութեան պատկանիլ:

Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, մեր երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական երաշխիքը կարեւոր է: Այդ իմաստով հաւաքական ճիգի մը բացթողումը կը զգացուի, եւ պէտք չէ ուշանանք այս առումով քայլերու դիմելէ:

Շրջանային, միջազգայնային եւ մեր երկրամասի մարտահրաւէրները շատ են եւ բոլորս իրարու կարիքը ունինք:

Հայաստանը պահելու, զարգացնելու եւ բարգաւաճեցնելու պարտականութիւնը բոլորիս ուսերուն է:

Մնայունը եւ յաւիտենականը Հայաստա՛նն է: