«Դրօշակ»-ի Երդիքին Տակ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի

«Փորձառութիւնը հաստատեց, որ լռութիւնը միշտ ոսկի չէ: Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ` թիթեղ: Այս երեքէն որո՞ւ կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը»

ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
(1884-1957, Փարիզի «Յառաջ»-ի խմբագիր )

Բաւական ժամանակ դադրելէ, բացակայելէ եւ մամլոյ աշխարհէն հեռու մնալէ ետք, ի վերջոյ վերստին կը ծածանի ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը` իր պրիսմակէն անցընելով խնդիրներ, վերլուծելով հարցեր, արծարծելով քաղաքական, գաղափարախօսական եւ ընկերային նիւթեր:

Անոր կիզակէտը ամբողջ հայաշխարհն է` Հայաստանն ու Արցախը, Ջաւախքն ու սփիւռքը:

Ահաւասիկ` երդիք մը, որուն տակ կարելի է վերոյիշեալ բնագաւառները հետաքրքրող ու պրպտող նիւթերու մասին վիճաբանիլ, պարզաբանել, մտահոգութիւն յայտնել` պահելով լրջութիւնը, ողջմտութիւնն ու ընդունակութիւնը եւ հեռու մնալով դիմատետրեան այսօրեայ աժան եւ երբեմն նոյնիսկ սին ու սնոտի միջավայրէն: Ստեղծել տարբեր ովասիս կամ իւրայատուկ վերնատուն մը` «Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականի բեմը»:

Պատմութիւնը կը կրկնուի եւ դարձեալ պիտի կրկնուի, այս պարագային` դաշնակցական օրկանին մէջ: Զանազան կարծիքներու փոխանակումներ, մերթ հակասող, մերթ քննադատող, սակայն` միշտ ալ պահելով կուսակցականի մտածողութիւնը, հաւասարակշռութիւնն ու մօտեցումը, «մենք»-ը գերադասելով «ես»-էն, այսինքն ժողովրդավարութիւնը` անհատապաշտութէնէն:

Նոյնքան վտանգաւոր ժահր մըն է նորազատական շարժումը, որքան` Չինաստանի մէջ վերջերս ի յայտ եկած քորոնա համաճարակը: Երկուքն ալ մահացու են, սակայն պէտք է գիտակցինք, որ երկրորդը շատ աւելի լուրջի առնուած է, եւ ամբողջ բժշկագիտական աշխարհ մը գործի լծուած է բուժում մը գտնելու համար: Մինչդեռ ողջ աշխարհը, յատկապէս` տնտեսական գետնի վրայ, ականատես կ՛ըլլայ նորազատական շարժումին ստեղծած սրտաճմլիկ կացութեան` առանց քայլ մը առնելու եւ ահազանգ հնչեցնելու:

Այսպիսի խոր, լուրջ եւ լուռ ցաւեր պիտի քննուին «Դրօշակ»-ի կայքի բեմահարթակին վրայ: Բնական է` պայմանները փոխուած են, եւ պաշտօնաթերթը տպագիր օրինակէ զրկուած է:

Անոր ետին կանգնող կուսակցութեան 130-ամեակն է եւ, դեռ աւելի՛ն, Հայ դատի համար խիստ կարեւոր ու առաջնահերթ, հողային պահանջ արծարծող Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակը պիտի նշուի: Ահաւասիկ` պարարտ նիւթ մը, որ տասնեակ տարիներ շարունակ էջեր խլած է «Դրօշակ»-էն:

Հետեւաբար ժամանակն է փակելու այն անմակարդակ եւ անտեղի ցեխարձակումները, որոնք կը կատարուին ներկայ գերարդիական պայմաններու տակ ստեղծուած լրատուամիջոցներով:

Ժամանակն է լրջանալու եւ յարգելու ՀՅ Դաշնակցութեան ծրագրի եւ կանոնագրի պայմաններն ու գործելաձեւը:

Ժամանակն է անհատապաշտութենէ դուրս գալու եւ «Մշակ, բանուոր»-եան ոճով խաղող քաղելու եւ ո՛չ թէ այգեպան ծեծելու:

Ժամանակն է ճիշդ հարցը, ճիշդ նիւթն ու մտահոգութիւնը… ճիշդ ակնթարթին արծարծելու, ահազանգելու եւ փրկելու:

Այսպէս, դուրս գալով Շաւարշ Միսաքեանի մատնանշած համատարած լռութենէն, ողջամտութեամբ պէտք է դիմաւորենք «Դրօշակ»-ի վերստին ծածանումը մամլոյ բնագաւառէն ներս եւ մուտք գործենք անոր դռնէն ներս: