Թատրոններու եւ Թանգարաններու Անվճար Տոմսեր` Կենսաթոշակառուներուն

Այլեւայլ, Հայաստան

Այսուհետեւ կենսաթոշակառուները հնարաւորութիւն ունին անվճար այցելելու ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ենթակայութեան թատերական կազմակերպութիւններու կողմէ պետական աջակցութեամբ իրականացուող մշակութային միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ թանգարաններ, կը հաղորդէ armradio-ն:

Փետրուար 10-ին ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան ստորագրեցին յուշագիր, որ կենսաթոշակառուներուն (աշխատանքային` տարիքային, արտօնեալ պայմաններով, երկարամեայ ծառայութեան, հաշմանդամութեան, կերակրողը կորսնցնելու պարագային, մասնակի, զինուորական` երկարամեայ ծառայութեան,) մշակութային կեդրոններ այցելելու նպատակով պիտի տրամադրուին անվճար տոմսեր:

ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան կարեւոր համարեց ծրագիրը` ընդգծելով, որ մինչ այժմ ամավարկի միջոցներով նման ծրագիրներ իրականացուցած են, սակայն այժմ մշակութային օճախները պատրաստակամութիւն յայտնած են հիւրընկալելու կէսաթոշակառուները, տեղեկացնելով որ թատերական կազմակերպութիւնները իւրաքանչիւր ձեռնարկի համար իրենք կ՛որոշեն անվճար տրամադրուող տոմսերուն քանակը, որ կրնայ ըլլալ դահլիճի տեղերուն 2,5-5 %-ը:

Զարուհի Բաթոյեան տեղեկացուցած է, որ իւրաքանչիւր կենսաթոշակառու տարին 3 անգամ կրնայ այցելել իր նախընտրած իւրաքանչիւր թատերական կազմակերպութիւն, իսկ թանգարաններ` ամիսը 2 անգամ: «Մենք պարզեցուցած ենք ընթացակարգերը. այսուհետեւ տոմսեր ձեռք բերելու համար կենսաթոշակառուն կարիք չունի այցելելու ընկերային տարածքային ծառայութիւն, ան պարզապէս կենսաթոշակառու ըլլալը հաւաստող փաստաթուղթով եւ անձնագիրով պէտք է այցելէ տուեալ մշակությին օճախ, ուր անոր կը տրամադրեն անվճար տոմս»,-նշած է Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարը: