Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Սփիւռք

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 8 փետրուարին, մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ: Տեղադրուած էին կրպակներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւնները, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի «Արագած» եւ «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղերը,  ՔԱՀԼ-ը, «Արցախ ֆոնտ»-ը, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբը:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: Մանկական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբը, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցած երիտասարդական երգահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչներ Արարատ Ահարոնեան, Վիգէն Տիշչէքէնեան, Զոյա Պարաղամեան, Գէորգ Մատարեան, Գէորգ Փարիզեան, Յովսէփ Լախոյեան, Շանթ Մատարեան, Կարէն Գազանճեան եւ Հրաչ Տաուտեան:

Կիրակի, 9 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Արագած» ակումբին կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ Եփրեմ արք. Թապաքեանի, ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Եփրեմ արք. Թապաքեան, որ հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին սկիզբը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Նարեկ արքեպիսկոպոսին, որ անցեալ տարի փոխանցած է իրեն, որ ինք պատարագէ այս տարուան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով: Եփրեմ արք. Թապաքեան վերյիշեց, որ ինք իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է Սիս թաղամասին մէջ, երբ գաղութը տակաւին նոր կազմակերպուող խեղճ վիճակի մէջ էր: Ան յայտնեց, որ հայրենիքէն քշուած եւ սեփականութենէն զրկուած հայ ժողովուրդը հաստատուեցաւ շրջանին մէջ իր տան երդիքը ծածկելէ առաջ արդէն թիթեղաշէն ու փայտաշէն եկեղեցի եւ դպրոց կառուցեց Սիսի մէջ, եւ ինք յաճախած է այդ դպրոցը եւ ապրած է այդ օրերը շրջանին մէջ: Ան յիշեց եկեղեցւոյ համար կատարուած հանգանակութիւնը, երբ ոմանք նոյնիսկ իրենց մատանին կամ օղերը տուին փոխան դրամի, որովհետեւ դրամ չունէին: «Այս դէպքը շատ խորհրդանշական ու իմաստալից է ինծի համար, եւ ուզեցի անպայման ներկայ ըլլալ այսօր եւ յիշատակել, որ գիտնաք, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ այս եկեղեցին եւ դպրոցը կառուցուած են. եւ ուրախ եմ, որ լաւ վիճակի մէջ կը տեսնեմ եկեղեցին», ըսաւ Եփրեմ արք. Թապաքեան` աւելցնելով, որ եկեղեցին միայն քարեղէն կառոյց չէ, այլ` ոգեղէն կառոյց, եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ նոյն ոգիով աշխատանքները կը շարունակուին շրջանին մէջ: Անդրադառնալով Ս. Սարգիսի զօրավարի տօնին` ան պատմական ակնարկ մը նետեց անոր կեանքին եւ նահատակութեան իր Մարտիրոս զաւակին հետ` շեշտելով, որ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին այն օրէն, որ ընդունած ենք քրիստոնէութիւնը մեր հայրերը այս տօները դասակարգած են մեզի համար, որովհետեւ այս տօները առիթ են խանդավառութեան եւ ուրախութեան: Ան յայտնեց, որ այս տօնը պատգամ ալ ունի տալիք, որովհետեւ մենք կ՛ապրինք դար մը, երբ դիտենք եւ կը քննենք մեր շրջապատը, կը տեսնենք, որ մարդ արարածը իր աստուածային դիմագիծը սկսած է քիչ-քիչ կորսնցնել, ինչ որ շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ ամէն վայրկեան սուտը, խաբէութիւնը, զրպարտութիւնը, նախանձը, քէնը, ոխը մեր սրտերուն մէջն է: Ան շեշտեց, որ մենք պիտի աղօթենք, որ Ս. Սարգիսը մեր հոգիներուն մէջ մտնէ եւ իր աղեղով սպաննէ հոն գտնուող թշնամին, նաեւ մտնէ մեր ընտանիքներու յարկին տակ` պահելու սէրը, համերաշխութիւնը, յարգանքը: «Մենք այսօր կ՛աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար, Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան համար, ձեզմէ իւրաքանչիւրին անհատական, հաւաքական եւ ընտանեկան կեանքին համար, որպէսզի Աստուած բոլորիդ քաջառողջ եւ երջանիկ կեանք պարգեւէ, եւ ձեր յաճախակի ներկայութեամբ նաեւ պայծառացուցէք այս եկեղեցին», եզրափակեց Եփրեմ արք. Թապաքեան:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ատենապետ տիրամայր Էլօ Զոպուեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յովհաննէս Արթինեանը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը: Յ. Արթինեան գոհունակութիւն յայտնեց եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ուժ եւ կորով պարգեւեց իրենց այս տարի եւս ոգեկոչելու Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը, հակառակ երկրի մէջ տիրող դժուար պայմաններուն: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր բարերարներուն իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար` շեշտելով, որ որքան ալ մեծ ըլլան մարտահրաւէրները, իրենք միասնաբար կրնան յաղթահարել զանոնք եւ շարունակել իրենց առաքելութիւնը: Արթինեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Աթայեան ընտանիքին, որ ստանձնած էր սիրոյ սեղանին նուիրատուութիւնը` իբրեւ մեծ ընտանիք համախմբելով զիրենք, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին: «Նման առիթներու կարելի է յայտարարել, որ միասնաբար կրնանք հաստատ կերպով ոտքի կանգնիլ, քալել դէպի ապագայ եւ նորանոր յաջողութիւններ կերտել», եզրափակեց Յովհաննէս Արթինեան:

Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան խօսք առնելով ուրախութեան եւ հրճուանքի օր սեպեց այս օրը, որ Ս. պատարագէն ետք հաւաքուած են սիրոյ սեղանին շուրջ վայելելու մտերմութիւն մը, քաղցրութիւն մը, տաքութիւն մը, որ հրամցուց եկեղեցւոյ ընտանիքը: Ան ուրախութիւն եւ պատիւ համարեց առաւօտեան տեղի ունեցած ժողովրդային ընդունելութիւնը Եփրեմ արք. Թապաքեանի ներկայութեամբ, որուն օրհնութիւնը, պատգամը եւ սիրոյ սեղանի մտերմիկ հանդիպումը վայելեցին սիսեցիները եւս: Հայր սուրբը շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կը գտնուին ու կը գործեն եկեղեցւոյ յարկին տակ, Աթթայեան ընտանիքին, որ ստանձնեց սիրոյ սեղանի նուիրատուութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Սիսի եւ Արագածի կոմիտէութիւններուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք Սիսը կը համարեն իրենց հարազատ օճախը եւ իբրեւ իտէալ կը ներկայացնեն բոլորին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, որ մնայուն կերպով նեցուկ է գաղութին, նաեւ բոլորին, որոնց ներկայութիւնը ուժ է, յոյս է, երջանկութիւն է: «Քանի որ կանք բոլորս, ոչ մէկ ժամանակ կ՛ընկրկինք, ոչ մէկ ժամանակ ծունկի կու գանք, ոչ մէկ ժամանակ կը յանձնուինք: Մենք բոլորս միասին ենք, իրարու հետ ապրելու, գործելու, մտածելու եւ կերտելու նախ միացեալ Հայաստանը եւ ապա մենք, որպէս հայութիւն` լիբանանահայութիւնը», եզրափակեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: