Հայաստանի Փրկարարական Սարքերը Կը Համալրուին

Հայաստան

Շիրակի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ փրկարարական սարքերը բաւական բարձր մակարդակի են։ Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան:

“Արմենփրես”-ի փոխանցմամբ՝ ան տեղեկացուց, որ Ճափոնի կառավարութեան կողմէ Հայաստանին 22 հրշէջ փրկարարական ինքնաշարժներ տրամադրուած են, ինչ որ բաւական բարձրացուցած է մարզերու թեքնիք յագեցուածութիւնը, բայց այդ չի նշանակեր, որ մարզերը բոլորովին ամէն ինչով օժտուած են։

Հրշէջ ինքնաշարժներու յանձնման արարողութեան՝ նախարար Ցոլակեանի կողքին ներկայ էին Հայաստանի մօտ Ճափոնի դեսպան Ճուն Եամատան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ֆելիքս Ցոլակեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի կառավարութեան՝ նպատակային եւ անշահախնդիր աջակցութեան համար: «Ամիսներ անց կը լրանայ հայ-ճապոնական յարաբերութիւնների հաստատման 28-րդ տարին, սակայն հայ եւ ճապոնացի ժողովրդների բարեկամական կապերը դիւանագիտական յարաբերութիւններով չեն միայն պայմանաւորուած եւ բնաւ միայն դրանցով չեն սահմանափակւում:

«Հայ-ճապոնական երկարամեայ եւ իւրատեսակ համագործակցութեան եւս մէկ վկայագիրը կը հանդիսանայ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան կողմէ հակահրդեհային սարքաւորումներու բարելաւման ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստանին Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Շիրակի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մարզի փրկարարական ստորաբաժանումներուն սարքերու վերազինման համար տրամադրուած շուրջ 1 միլիառ 540 միլիոն իենի օգնութիւնը»,- ընդգծեց Ցոլակեան:

Ճուն Եամատա նշեց, որ իրեն համար մեծ հաճոյք է մասնակցիլ հակահրդեհային սարքերու բարելաւման ծրագիրին մաս կազմող 22 հրշէջ ինքնաշարժներու յանձնման արարողութեան: «Ճափոնի դրամաշնորհին մասին պայմանագիրը Հայաստանի կառավարութեան հետ կնքուած է 6 Սեպտեմբեր 2017-ին եւ նպատակ ունի Շիրակի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մարզերուն փրկարարական ստորաբաժանումներուն թեքնիք յագեցուածութեան»,- յայտնեց Եամատա:

Խօսելով այլ ծրագիրներու մասին՝ նախարար Ցոլակեան ըսաւ, որ կը նախատեսուի 26 ռուսական սարքեր ստանալ, որ մեծապէս պիտի նպաստէ կացութեան բարելաւման։

Ըստ անոր՝ յաջորդ ծրագիրները վերաբերին միւս մարզերուն։ «Մեզի պէտք է 50-է աւելի մեթրանոց աւտոսանդուղքներ, որովհետեւ բարձրայարկ շէնքեր ունենք… Կառավարութեան մէջ կը նախապատրաստենք մրցոյթ եւ ատոր արդիւնքներով ձեռք պիտի բերենք երկար մեքենայ-սանդուղտներ: Բացի ատկէ, պէտք են տեխնիկական միջոցներ մարդոց տարհանելու համար: Ներկայիս տարհանման միջոցներ չունինք, զուտ կը մնայ փրկարարներու մասնագիտական բարձր որակներուն ապաւինիլ»,- եզրափակեց Ցոլակեան: