Հալէպի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Համայնքապետները Նշեցին Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Հալէպի Եկեղեցիներու համայնքապետներու խորհուրդին, Ուրբաթ, Յունուար 24-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեամբ յիշատակուեցաւ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը, բնաբան ունենալով Առաքեալներու Գործերու 28-րդ գլխու առաջին համարը. «Տեղացիները բացառիկ մարդասիրութիւն ցուցաբերեցին մեզի հանդէպ»:

Արարողութեան ներկայ էին Հալէպի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս նաեւ զանազան համայնքներ ներկայացնող հաւատացեալներ, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով:

Ողջոյնի խօսք փոխանցեց Հայ Առաքելական հիւրընկալ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան՝ յայտնելով, որ Սուրբ Ծննդեան տօնին յաջորդող քրիստոնէական եկեղեցիներու միասնական աղօթքի շաբթուան մէջ համայնքապետները համախմբուած են աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով խաղաղ եւ օրհնաբեր օրեր սուրիական հայրենիքին եւ սուրիական բանակին:

Սրբազան հայրը նշեց, որ աշխարհայնացումի եւ արհեստագիտութեան զարգացման այս օրերուն, քրիստոնեաները կը դիմագրաւեն զանազան մարտահրաւէրներ, զորս յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է Յիսուս Քրիստոսի ապաւինիլ:

Սրբազանը մէջբերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքը, ինչպէս նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի վկայութիւնները, որոնք կը հաստատեն, թէ քրիստոնէական եկեղեցին մէկ է հակառակ բոլոր դարերու վերիվայրումներուն:

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հայերէնով եւ արաբերէնով:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դպիրներէ բաղկացած երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դպրապետ Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի մատուցեց «Լոյսը», «Ով Զարմանալի», «Այսօր Ձայնն Հայրական» եւ «Մեծացուսցէ» շարականները:

Հաւատացեալները միասնական կերպով արտասանեցին Հաւատոյ Հանգանակը եւ այլ աղօթքներ:

Շարականներ երգուեցան նաեւ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Ղուկասու Աւետարանի 12րդ գլխու 22-34 համարները ընթերցեց արաբ աւետարանական համայնքի առաջնորդ հայր Իպրահիմ Նսէյր:

Հուսկ, միասնական աղօթքի արարողութեան խորհուրդը փոխանցեց քլտան համայնքի առաջնորդ հայր Անթուան Օտօ, որ օրուան բնաբանէն մեկնելով՝ պարզաբանեց աստուածաշնչական դրուագը, դիտել տալով, թէ ինչպէ՛ս խորտակուած նաւուն անդամները փրկութեան արժանի դարձան: Ան թուեց Աստուածաշունչի այն բոլոր հատուածները, որոնց մէջ նաւը յիշուած է՝ իբրեւ փրկութեան խորհրդանիշ, յիշելով Նոյ նահապետին եւ անոր ընտանիքին փրկութիւնը, Յովհան մարգարէի Նինուա հասնիլը, Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն փոթորիկը դիմագրաւելը, հասնելով մինչեւ Պօղոս առաքեալի վերջին ճամբորդութեան ընթացքին նաւուն խորտակումէն փրկուիլը: Ան մասնաւորապէս յայտնեց, որ հայ եկեղեցին պէտք է հպարտ զգայ իր Արարատ ու Մասիս լեռներով, ուր հաստատուած է ջրհեղեղէն փրկուած Նոյ նահապետի տապանը:

Այնուհետեւ, ան օրուան աստուածաշնչական հատուածը լուսարձակի տակ առնելով՝ մատնանշեց քրիստոնեայ մարդուն վարքը բնորոշող երեք հիմնական կէտեր. ա. ընկերասէր եւ հիւրընկալ ըլլալ իր նմանին հանդէպ, բ. Աստուածային իմաստութիւն ունենալ, գ. հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն հաշտարար ոգի ունենալ:

Արարողակարգը վերջ գտաւ համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով:

Աւարտին, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, համայնքապետները մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան: