ՀՀ Յուշարձաններուն Ապագան․․․Քարակո՞յտ Կա՞մ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ցողիկ Աշըգեան

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին կը գտնուին հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու զգալի  մէկ մասը: Սկզբնական բաժանում մը կատարելով՝ կրնանք զանոնք տեղաւորել ըստ՝ պատմական ժամանակաշրջանի, ոճային առանձնայատկութեան, եւ ներկայ վիճակի գնահատութեան, որ հիմք կը հանդիսանայ ապագայ կատարուելիք վերականգնողական ու վերաօգտագործման ձեռնարկներու կամ պահպանման ուղղուած գործընթացներու: Քրիստոնէական պատմական ու կրթամշակութային արժէք ներկայացնող յուշարձաները ենթադրաբար տարածքային սփռուածութեամբ ու թիւով ամենաշատն են, եւ սակայն Հ․Հ․ յուշարձաններու տեսակագրումը շատ հարուստ է՝ սկսելով հնագոյն դարերու քաղաքաշինական ու հասարակական կառոյցներէն, միջին դարու թագաւորական պալատներ ու հանրային օգտագործման շինութիւններ, գիւղատնտեսական շինութիւններ, 18-19րդ դարու բնակելի յօրինուածքներ եւ քաղաքաշինական նմոյշներ, դասականութեան ու նոր դասականութեան տիպեր, ճարտարարուեստական ճարտարապետութեան օրինակներ (Խ․Ս․Հ․Մ․ ժամանակաշրջան), խորհրդային հայ ճարտարապետութիւն եւ մինչեւ 20-րդ դարու արդի ոճի պատկանող կառոյցներ, որոնք աշխարհագրականօրէն կեդրոնացուած չեն, այլ կը տարածուին տարբեր քաղաքներու եւ մարզերու մէջ:

Այս հակիրճ նախաբանով, կը տեսնենք յուշարձան շինութիւններու այլազանութիւնը եւ անոնց նկատմամբ տարուելիք աշխատանքի նրբութիւնը, բարդութիւնը եւ կարեւորագոյնը՝ ճշգրիրտ միջամտութիւնը կատարելու պայմանը:

Չնայած որ պատմութեան ընթացքին, այլ զգալի մաս մը մեր քաղաքակրթութեան վկաներէն զոհը դարձած է վայրագ ցեղերու եւ անգութ թշնամիներու յարձակումներուն ու միտումնաւոր կործանարար քաղաքականութեանց, եւ հսկայ զանգուած մը տակաւին գերութեան մէջ կը գտնուի ու  դատապարտուած դանդաղ կործանման :  Մեր ժողովուրդի զաւակները օտար կայսրութիւններու լուծին տակ ըլլալով հանդերձ, միշտ յարգանքով եւ գուրգուրանքով վերաբերուած են հայկական յուշարձան – կոթողներու  հանդէպ: Յիշենք Թորոս Թորամանեանի մասնագիտական պեղումները ու ժառանգութիւն թողած հսկայածաւալ վաստակը, որուն համար ստացած է մեր ճարտարապետութեան պատմահայրի կոչումը: Իսկ ին՞չ է յուշարձաններու ապագան Հայաստանի հանրապետութենէն ներս:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ու Հայաստանի անկախութեան յաջորդող տարիները ցաւալի ու դառն գունաւորում ստացան երբ  անդրադարձ ակնարկ կը կատարենք Հ․Հ․ տարածքին յուշարձաններու նկատմամբ գործուող անխնայ սպանդին՝ ի մասնաւորի Երեւանի փոքր կեդրոնէն ներս, եւ համատարած անխնայ ու լքուած վիճակը Երեւանէն դուրս՝ քաղաքներէու ու գիւղերու մէջ: Դժբախտութիւնը կը կրկնապատկուի, երբ աւելի մօտէն կը բացայայտուին Երեւանի մէջ յուշարձան շինութիւններու քանդումին զուգահեռ գործուած մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները եւ մարդկային ողբերգութիւնները:

Ակնյայտ է, որ եթէ տուեալ խախտումներն ու անօրէնութիւնները  դատապարտուէին, ժողովրդային եւ մասնագիտական մակարդակներով եւ  կամ առնուազն լուսաբանուէին ու  այպանուէին ՝ լրատուամիջոցներու կողմէ, ապա տարբեր կ’ըլլար դէպքերու յաջորդականութիւնը: Բայց  փաստօրէն դէպքերը այլ զարգացում ունեցան եւ վարակիչ բնոյթ ստացող քանդումներուն հետեւեցան  հասարակութեան անտարբերութիւնն ու անտեսումը:

Միակ «օգուտ»-ը  այս քանդումներուն նիւթական  էին: Իսկ վնասները՝ անդառնալի: Չնսեմացնելով դրամատիրական մոլուցքէ  բռնուած ձեռնարկատէրերու մեղքը այս բարբարոսութեան մէջ, անտեսել չենք կրնար սակայն իրարայաջորդ իշխանութիւններու դերակատարութիւնը: Ցաւալի ու սարսափելի է նաեւ երկրէն ներս գործող մեծագոյն ճարտարապետական գրասենեակներու եւ ճարտարապետերու  մեղսակցութիւնը:

Առանց հրէշացնելու որեւէ մասնակից կողմ այս ոչ մասնագիտական եւ նոյնիսկ հակապետական ընթացքին մէջ, զայն կը   տեսնեմ տեսլականի եւ հեռանկարային ծրագիրի բացակայութեան դրսեւորում՝ բոլոր դերակատարներէն ամէնէն աւելի եւ  ի մասնաւորի մասնագէտ ճարտարապետերը նկատի ունենալով: Ինչքան ալ այս հարցը ունի քաղաքական, տնտեսական ու անօրինական բնոյթ, որոնց վրայ պետութեան ղեկի վրայ  եղող իշխանութիւններն ու իրենց մշակած օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները ու վարած հաստատութիւնները միայն ազդեութիւն ունին, կարեւորագոյն երեսներէն մէկը մասնագիտական է: Ի՞նչ է հայ ճարտարապետին կեցուածքը յուշարձաններու նկատմամբ կատարուած ու տակաւին շարունակուող  անօրինականութեանց մասին: Հայ ճարտարապետին առաքելութիւնը ո՞րն է. Երեւանի ճարտարապետական զարգացման նախագի՞ծ մշակել կամ անկազմակերպ կառուցապատումներով մայրաքաղաքը շնչահե՞ղծ ընել՝ յետ դարձի ճամբաներն ալ փակելով: Քանի՞ ճարտարապետական գրասենեակ կը զբաղի վերականգման աշխատանքներով: Բաւարարուի՞լ ժամանակակից նորաձեւական ոճերու կրկնօրինակումով,  երբ հետզհետէ ակնյայտ կը դառնայ հեռացումն ու մասամբ  նաեւ խզումը  այս մարզին մեր ինքնութեան ու պատկանելիութեան ակունքներէն: Եւ աւելի’ն կ’արհամարհենք ու երես կը դարձնենք այն հանճարէն ու ճարտարէն, որ ունէինք: Ինչքան ժամանակը թաւագլորի, եւ Երեւանի շինարարական այլանդակ այս իրականութեան մէջ նոր սերունդներ հասակ  առնեն, եւ  եթէ չկազմուի բաղձալի  հակադրութիւնն ու յստակ մտահղացումը, թէ ուր պիտի հասցնենք մեր քաղաքը, ու տակաւին- անդին մարզերուն մէջ, գիւղերու դատարկումով՝ լքուածութիւնն ու ամայութիւնը անգութ եւ լուռ կ’աւրեն ինչ որ տակաւին կանգուն կը մնայ մեր պատմութեան վկաներէն, մեր ունեցած քանի մը  հարիւր զբօսաշրջիկ գրաւող վերականգնուած յուշարձաններով մենք մեր վրայ խնդացած կ’ըլլանք:

Յուշարձաններու պահպանումը հսկայածաւալ եւ ծախսալից գործընթաց է, որ տարբեր պետութիւններ իրականացուցած են արտաքին պարտքերու մէջ մտնելով, բայց յաջողած են իրենց պատմամշակութային արժէքներով դառնալ զբօսաշրջիկութեան վայրերու առաջամարտիկը, սերմանելով մարդկային եւ ազգային պատկանելիութեան բարձր գիտակցութեան արժեհամակարգ իրենց հասարակութենէն ներս:  Ըսուածին համար օրինակ կարելի է ընդունիլ Իտալիան:

Աւելի քան անհրաժեշտ է նախեւառաջ այս հրատապ խնդիրին մասին բարձրաձայնելը եւ համապատասխան մասնագիտական քննարկումներն ու միտքերու փոխանակման հարթակներու ստեղծումը, նախընտրաբար պետական հովանաւորութեամբ: Սակայն ինչքան ալ լաւատեսութեամբ զինուած ըլլանք, ներկայ իշխանութիւններուն մօտեցումները այ’ս խնդրին շուրջ ալ «յեղափոխական» ըլլալէ շատ հեռու են, եւ մինչ այսօր սահմանափակուած են յուշարձան շէնքերու բնակիչներուն թռուցիկներ բաժնելով՝ գիտակցութեան հրաւէր, եւ անդին ճարահատ կը մնան հարթելու հարցերը հսկայ ձեռնարկատէրերու հետ, որոնք տակաւին աւերներ կը գործեն՝ ի դէմս Արամ 23 յուշարձան շէնքին հետ կապուած դէպքին եւ յաջորդող դատական գործերուն, որոնք Եւրոպական Դատարան հասնելու եզրին են, եւ ամենացաւալին երկրի բարձրագոյն ղեկավարի մտահոգութիւնները քաղաքաշինական չափանիշներու հետ կապուած՝ առաջին հերթին կը վերաբերին Հանրապետութեան վարկին ազդող զուգարանային անտանելի իրավիճակին, որ կը նմանի առանձնատան նախագիծ մը սկսիլ տան զուգարանի սալիկի ընտրութեամբ, երբ անդին ոչ համընդհանուր յատակագիծ մտածուած է , ոչ տարածքը ուսումնասիրուած է եւ նոյնիսկ արտաքին պատերն ու գործնական գօտիներու բաժանում չէ ծրագրուած:

Այս խնդիրը բարձրացնելով եւ կարեւորելով՝ սկիզբը կը դրուի հասարակութեան անտարբերութեան քողի վերացման, որ անհրաժեշտութիւն մըն է վերականգնելու նաեւ ա’յն բարոյական արժէքները, որոնք կորսուած են կարծես քարակոյտերու փոշիներուն տակ. եւ պեղելու ու վերագտնելու մեր ժողովուրդի բնական ու անքակտելի կապը իր պատմութեան հետ, իր ժառանգութեամբ միասին ստանալու յարմարեցուած օրէնսդրութիւնը մեր տեսակին հետ համահունչ, եւ մեր ապագայ սերուդներուն վայել:  Կը մերժեմ հաւատալ, որ ելք չկայ այս իրավիճակէն, բայց առաջ որ հիւանդութիւնը բուժելը պէտք է ճիշդ ախտորոշում կատարուի եւ արիւնահոսութիւնը կասեցուի: Այլ խօսքով քննարկումներուն զուգահեռ հարկ է  վերանայիլ ու թարմացնել յուշարձաններու ցանկերը ամբողջ հանրապետութեան տարածքին եւ ձեռնարկել պահպանման կարգադրութիւններ. կառոյցները յաւելեալ բնական կամ անարտօնեալ քանդումներէ փրկելու եւ մանրամասն ուսումնասիրութիւն ու իրավիճակի գնահատում կատարելէ ետք, ըստ վտանգի եւ փլուզման սպառնալիքի, առաջնահերթութեան  կարգով սկսիլ պետական միջոցներով մասնագէտներու կողմէ տրուած ցուցմունքներուն համաձայն միջամտութիւններ իրականացնել: Վերջ ի վերջոյ պետական պիւտճէէն յուշարձաններու վերականգման համար ծախսելը աւել նմատակայարմար է քան նախարարի մը ինքպարգեւավճառ շնորհելը:

Այս օրհասական խնդիրը յետին փլան չենք կրնար նետել: Այս պարագային ալ , կը տեսնենք բացասական հետեւանքներէն մէկը նախարարութիւններու կրճատման եւ միատեղման: Ու կը պարզուի մէկ այլ երես  կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան ձախող  ու անհեռանակար քաղաքականութեան, որ այս մարզին մէջ ալ պատեհապաշտութեամբ կ’ուղղորդուի եւ բացակայ են նպատակն ու ճանապարհային քարտէզները: Այս պատճառով մասնագիտական թափ պէտք է տրուի հասարակական միջավայրերու մէջ քննարկելու այս թեման:  Եւ վերջապէս սկսիլ փնտել ու մշակել հեռանկարային տեսլականներ: Որպէսզի նաեւ, Նորմըն Ֆոսթերի խօսքերով, «Ճարտարապետութեամբ արժէքներ արտայայտենք»: