Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յօդուածներ – Զրոյցներ
Հայոց Եկեղեցական Կալուածները
Չյանձնելու Միաձայն Որոշում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ալեքսանդրապոլի մէջ կայացած հսկայ ցոյցը ազդանշանը եղաւ ժողովրդային համատարած դիմադրութեան:

Հայրիկ երբ Ալեքսանդրապոլէն Էջմիածին հասաւ, արդէն հազարաւոր ժողովուրդ վանքին բակը խռնուած կը սպասէր: Երբ կառքը մօտեցաւ, «Կեցցէ Հայրիկ» աղաղակները որոտացին:

Հայրիկ մտաւ տաճար, աղօթեց Իջման Սուրբ սեղանին առջեւ եւ բարձրացաւ վեհարան:

Բազմաթիւ պատգամաւորներ այդ օր ներկայացան Հայրիկի եւ խնդրեցին չյանձնել կալուածները:

* * *

Հայրիկ հրամայեց, որ 1903 յուլիս 30-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Էջմիածնի միաբանները վեհարան հաւաքուին` «խորհրդակցութեան նիւթ դարձնելու համար նախարարական ժողովի բարձրագոյն հաճութեամբ հաստատուած յունիս 12-ին 1903 ամի նոր կարգադրութիւնը` հայ եկեղեցեայց գոյից եւ կալուածոց ամբողջ կառավարութիւնը պետական հաստատութիւններին յանձնելու վերաբերեալ»:

Սուքիաս արքեպիսկոպոս Պարզեան

Պատմական այդ ժողովին ներկայ եղան քսանինը միաբաններ: Կը նախագահէր Երեւանի առաջնորդական փոխանորդ Սուքիաս արքեպիսկոպոս Պարզեան:

Սուքիաս սրբազան առաջարկեց խորհրդակցութեան նիւթ դարձնել այն հարցը, թէ «Արդեօք պէ՞տք է համակերպիլ եղած կարգադրութեան, թէ հարկաւոր է միջոցներ ձեռք առնել պահպանելու համար եկեղեցական կալուածոց նախկին կառավարութեան եղանակը»:

Միաբանական ժողովը միաձայն որոշեց. «Խնդրել նորին սրբութիւն վեհափառ հայրապետին, որպէսզի օրինական կերպով բողոքէ առ նորին կայսերական մեծութիւն` չզրկելու համար հայոց եկեղեցին իւր բազմադարեան իրաւունքներից եւ չդնելու համար նորան անտանելի կացութեան մէջ»:

* * *

Հմայեակ եպիսկոպոս Դիմաքսեան 30 յուլիս 1903 թուակիր նամակ մը ուղարկեց Հայրիկի, ուր կ՛ըսէր.

«Մեր սուրբ եկեղեցւոյ եւ ազգի տարեգրութեանց մէջ չեմ յիշեր, թէ տեղի ունեցած լինի այսօրինակ յայտնի բռնաբարութիւն. ո՛չ պարսիկք, ո՛չ հագարացիք, ո՛չ թաթարք, ո՛չ Լանկ-Թամուր եւ ոչ Ճենկիզ խան չվարուեցան այսքան չարաչար, եւ այս 20-րդ դարում քրիստոնեայ ինքնակալ կայսր մը կ՛ուզէ այս մեծագոյն հարուածը տալ մեր եկեղեցւոյն եւ ազգին` արդարութեան եւ իրաւունքի սահմաններէն դուրս նիւթական բիրտ ուժի զօրութեամբ»:

Իր կարգին Երուսաղէմ աքսորական Մատթէոս արքեպիսկոպոս Իզմիրլեան պատգամ մը յղեց հայոց Հայրիկին.

«Ժամ իսկ է, վեհափառ սուրբ հայրապետ, գօտեպնդել եւ բերել ի հանդէս զհոգիդ անվեհեր եւ աննկուն բարձրացուցանել զբարբառ Ձեր եւ շատանալով սակաւամասնեայ տրօք ժողովրդեան` մի՛ մի՛ բնաւ ընդունել զկարգադրութիւնն զայն կործանարար եկեղեցւոյ եւ ազգի: Ժամ իսկ է պաշտպանել արիութեամբ իրաւանց եկեղեցւոյ մերոյ եւ ազատս կացուցանել զնա ի ծառայութենէ ստրկութեան եթէ վտանգ ինչ պատահեսցէ անձիդ պատուականի»:

* * *

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (աւերուած 1939-ին)

Երեւանի մէջ, 3 օգոստոս 1903-ին հազարաւոր ժողովուրդ խռնուած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ շրջափակը: Զմիւռնիոյ նորոգ հանգուցեալ առաջնորդ Մելքիսեդեկ արքեպիսկոպոս Մուրատեանի յիշատակին կատարուած հոգեհանգիստէն ետք ժողովուրդը խմբուեցաւ Սուքիաս սրբազանին շուրջ, առաջարկելով ընկերանալ ժողովուրդին եւ Էջմիածին երթալով «Ժողովրդի կենդանի բողոքը կաթողիկոսին եւ միաբանութեան հաղորդելու»:

Սուքիաս սրբազան ըսաւ, որ ինք արդէն անգամ մը առաջնորդած է ժողովուրդը Էջմիածին: Ժողովուրդը յուզուեցաւ եւ ամէն կողմէ ձայներ բարձրացան. «Նորից գնացէք, պահանջո՛ւմ ենք, որ գնաք»:

Նոյն պահուն ոստիկանութիւնը հասաւ ժողովուրդը ցրուելու համար, բայց ի զուր:

Ցուցարարները կառք մը բերին, ուր բարձրացաւ Սուքիաս սրբազան: Հազարաւոր ժողովուրդ կառքը շրջապատած շարժեցաւ դէպի Աստաֆեան պողոտայ:

Ցուցարարները «Դէպի Էջմիածի՜ն, դէպի Էջմիածի՜ն» աղաղակներով անցան նահանգապետի տան առջեւէն եւ Հրազդանի կամուրջը հասնելով բռնեցին Էջմիածնի ճամբան:

Ոստիկանութիւնը փորձեց կեցնել մարդկային հեղեղը, բայց չյաջողեցաւ: Ժողովուրդը պատռեց ոստիկանական շղթան եւ առաջ անցաւ: Ոստիկանները շշմած ու շփոթած սկսան հոս ու հոն վազել:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ ոստիկանութիւնը Վաղարշապատի պահականոցէն եւ զօրքէն օժանդակութիւն խնդրեց:

Փութով Վաղարշապատէն ձիաւոր զօրքեր եւ ոստիկաններ հասան ժողովուրդին երթը կասեցնելու համար:

Զօրքը հրաման ստացաւ կրակ բանալու: Ժողովուրդին մէջէն եւս ատրճանակներ տրաքեցին: Հրացանաձգութիւնը կրկնուեցաւ: Երկուստեք ինկան վիրաւորներ: Ժողովուրդը պատռեց շղթան եւ յաղթական աղաղակներով յառաջանալով հասաւ Էջմիածին:

Վանքին ընդարձակ շրջափակը լեցուեցաւ մարդկային հեղեղով: Վեհարանի դրան առջեւի պահապան ռուս զինուորները սարսափահար փախուստ տուին:

«Կեցցէ՜ Հայրիկ, կեցցէ՜ ժողովուրդի Հայրիկը» կոչերը օդը կը թնդացնէին:

Ժողովուրդին կողմէ տասը հոգինոց պատգամաւորութիւն մը ընտրուեցաւ, որ Սուքիաս արքեպիսկոպոսին հետ վեհարան բարձրացաւ եւ ներկայացաւ Հայրիկի:

Հայրիկ ըսաւ որ ինք կը խոնարհի ժողովուրդի կամքին առջեւ եւ խօսք տուաւ կատարել իր պարտքը:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին ժողովուրդը ճամբայ ելաւ դէպի Երեւան:

* * *

Ցոյցէն անմիջապէս ետք փոխարքայ իշխան Կալիցին հեռագիր մը ուղղեց Էջմիածնի սինոտին, ուր կ՛ըսէր.

«Կը խնդրեմ սինոտիդ կարգադրել թեմական ատեաններուն, որ իմ մասին մէջ գտնուած եկեղեցական եւ վանական կալուածները յանձնեն եօթը օրուայ ընթացքին` պետական վարչութեան եւ յանձնելէն ետք յայտնեն սինոտիդ»:

Սինոտի պրոկուրոր վրացի Կանչելի հեռագիրէն ետք սինոտին առաջարկեց առանց յետաձգելու ի կատար ածել բարձրագոյն հրամանը, այլապէս սպառնալով պատժական օրէնսգիրքի թիւ 37, 1146 եւ 1148 յօդուածներով:

Հայրիկ  4 օգոստոս 1903 թուակիր նամակով սինոտին կը գրէր.

«Պատուիրեմք սինոտիդ թողուլ առայժմ զյայտարարութիւն օրէնսդրութեան եւ առաջի առնելով մեզ զպատճէնս ամենայն գրութեանց, որք հային յայս  խնդիր մինչ ցնորօք տնօրինութիւն մեր»:

Կանչելի սինոտին առաջարկեց գործել պետական հրամանի համաձայն: Սինոտի անդամներ Արիստակէս եպիսկոպոս

Մակար եպս. Բարխուդարեան

Սեդրակեան, Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեան, Աշոտ վարդապետ Շախեան եւ Մխիթար վարդապետ Տէր Մկրտչեան Կանչելիի առաջարկը հակառակ օրինաց գտնելով օգոստոս 5-ին հրաժարական ներկայացուցին եւ կաթողիկոսին յայտնեցին, որ Կանչելիի «պահանջը դնէ զմեզ յանել վիճակի ի պաշտօնավարութեան մերում»:

Նոյն օրը, օգոստոս 5-ին ներքին գործոց նախարար Պլեվէ Պետերբուրգէն հեռագիր մը ուղարկեց Հայրիկի.

«Էջմիածին.- ամենայն հայոց կաթողիկոս պատրիարք Մկրտչին: Տեղեկանալով որ եկեղեցական կալուածներու վերաբերմամբ յունիսի 12-ի բարձրագոյն հրամանի գործադրութիւնը կը հանդիպի յապաղումներու, կը խնդրեմ Ձերդ սրբութեան, հոգալ անյապաղ կարգադրութիւն ընել այս մասին: Ամէն մէկ յետաձգում, իբրեւ անհնազանդութիւն թագաւորական կամքին, կ՛ունենայ ծանր հետեւանքներ»:

Հայրիկ օգոստոս 6-ին պատասխանեց Պլեվէի.

«Այս խնդիրը շատ լուրջ նշանակութիւն ունի ամբողջ հայ եկեղեցւոյ համար եւ կրնայ շատ անցանկալի հետեւանքներ ունենալ»:

Կաթողիկոսը նաեւ Պլեվէի միջնորդութեան դիմեց, խնդրելով «ժամանակաւորապէս յետաձգել կառավարութեան կարգադրութեան գործադրութիւնը»:

Կաթողիկոսը նոյն օրն իսկ հեռագրեց Նիկոլայ Բ. կայսրին, խնդրելով թոյլ տալ իրեն անձամբ ներկայանալ Պետերբուրգ եւ «կարեւոր բացատրութիւններ ու նկատումներ ներկայացնել»:

Սակայն «թագաւոր կայսրը բարեհաճեց բարձրագոյն հրամայել` մերժել» հայոց կաթողիկոսին խնդիրը «նախարարական խորհուրդի բարձրագոյն հաստատուած յունիս 12-ի որոշման գործադրութիւնը յետաձգելու մասին», ինչպէս նաեւ անժամանակ գտաւ այս գործին առիթով կաթողիկոսին անձամբ ներկայանալը:

Պլեվէ 13 օգոստոսի յատուկ գրութեամբ խորհուրդ տուաւ կաթողիկոսին. «Եթէ Ձերդ սրբութիւնը անհրաժեշտ կը համարի գալ Պետերբուրգ, Ձեր բռնած ընթացքի մասին բացատրութիւններ տալու, հապա այս առիթով պէտք է խնդրամատոյց լինել Կովկասի փոխարքայի միջոցով»:

* * *

Պոլսոյ պատրիարք Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեան նամակ մը գրեց Հայրիկի, ուր կ՛ըսէր. «Քարաձգութիւնք ի վերայ պաշտօնէից եւ զկիրառութիւնք հրազինաց ընդդէմ ոստիկանաց եւ զինուորաց, ոչ միայն չզօրացուցանեն զդատ եւ զիրաւունս եկեղեցւոյս, այլեւս տկարացուցանեն զնա:… Վասն այսօրիկ ցանկալի էր մեզ զի կարճէին ցուցմունքդ աղմալիցք եւ գործողութիւնք վտանգալիցք»: «… Դիմադրութիւնը օրինաւոր է, ցորչափ օրէնքով է, եւ օրէնքի վրայ հիմնուելով պարզ եկեղեցական ընդդիմութիւն կրնայ աւելի արդիւնաւոր նկատուիլ»:

Պատրիարքարանը արդէն գործի լծուած էր եւ ամէն տեսակ օրինական միջոցներու կը դիմէր կանխելու համար հայ ժողովուրդի գլխուն գալիք աղէտը:

Սուլթան Համիտ խիստ հրահանգ տուաւ Օրմանեան պատրիարքին, թելադրելով «քարոզել զգուշութիւն, դէպքեր չստեղծել, վերջ տալ ցոյցերուն եւ խոհեմ ըլլալ»:

Պատրիարքն ալ գրեց Հայրիկի. «Մեր կայսերական կառավարութիւնն ալ շատ զգուշաւոր է ռուսական կառավարութեան հետ ունեցած յարաբերութեանց մէջ եւ մեզ ալ նոյն զգուշաւորութիւնը կը կրկնուի շարունակ եւ մենք ալ պարտաւոր ենք հնարաւորութեան սահմանին մէջ շարժուիլ եւ աւելորդ քայլերով միջադէպեր չստեղծել»:

Հայրիկ 8 օգոստոս 1903-ին հեռագրեց Օրմանեանի.

«Կ. Պոլիս – հայոց պատրիարք Օրմանեան արքեպիսկոպոսին:

Մեր վերջնական որոշումն է չյանձնել կալուածները: Դուք եւս գործադրեցէք բոլոր հնարաւոր միջոցներն ու հարկ եղած դիմումները: Ուղարկեցէք թուղթեր. պատասխանեցէք Էջմիածին:

Ամենայն հայոց կաթողիկոս` Մկրտիչ»:

Հեռագիրը հաղորդուեցաւ նաեւ արտասահմանի հայ գաղութներու ազգային մարմիններուն:

Իրենց կարգին Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոս եւ Երուսաղէմի Յարութիւն պատրիարք խնդրագիրեր ուղարկեցին Նիկոլայ Բ. կայսրին, խնդրելով չգրաւել հայոց ազգապատկան կալուածները:

* * *

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Հայրիկի հրամանով Ռուսաստանի եւ Կովկասի թեմերու առաջնորդները, առաջնորդական փոխանորդները եւ վանահայրերը 9 օգոստոս 1903-ին Էջմիածին հաւաքուեցան, ուր տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդներու եւ սինոտի անդամներու խառն ժողովը:

Ժողովը եզրակացուց. «Եթէ վեհափառ հայրապետի միջնորդութիւնը չյարգուի, յայն դէպս մենք միաձայն որոշում ենք, որովհետեւ ռուսահայոց թեմերուն գտնուած ստացուածքները պատկանում են օրինական տեսակէտով ոչ միայն ռուսահայոց եկեղեցուն, այլեւ Տաճկաստանում, Պարսկաստանում եւ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած բոլոր հայերի եւ ընդհանուր հայ եկեղեցուն, եւ որովհետեւ այդ բոլոր ստացուածքը նուէր է հազար վեց հարիւր տարի առաջ ապրող պապերի, ուստի եւ որպէսզի չմեղանչենք այդ սուրբ աւանդութեան եւ կարգի դէմ, մենք մեր իրաւասութիւնից բարձր ենք համարում այդ ստացուածքների յանձնումն, եւ որովհետեւ այսպիսի պայմաններում դժուար կը լինի մեր պաշտօնավարութիւնը, մենք սրանով ներկայացնում ենք մեր հրաժարականները»:

Արձանագրութեան տակ ստորագրեցին` Սուքիաս արքեպիսկոպոս Պարզեան, Արիստակէս եպիսկոպոս Սեդրակեան, Գէորգ եպիսկոպոս Սուրէնեան, Արիստակէս եպիսկոպոս Դաւթեան, Գրիգոր եպիսկոպոս Գառնակերեան, Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեան, Անանիա եպիսկոպոս Համազասպեան, Աշոտ վարդապետ Շախեան եւ Մխիթար վարդապետ Տէր Մկրտչեան: