«Բառերուն ծնունդը». Մարուշ Երամեան

Այլեւայլ

Սիրելի’ ընթերցողներ,

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ մեր գործածած բառերը ի’նչ ծագում ունին, ուստի ձեր դատին կը յանձնենք Գրող Մարուշ Երամեանի «Բառերուն ծնունդը» նոր շարքը։

Ա- Խոհագիր

1930-ին Հայկանուշ Մառք կ’առաջարկէր Զապէլ Ասատուրի, որ յօդուածով մը մասնակցի «Հայ Կին» հանդէսի խոհանոցին նուիրուած թիւին. տիկին Ասատուր կը պատասխանէր.
«Մի՛ սպասէք ուրեմն որ զմայլելի ձեւով բան մը գրեմ, ինչպէս կ’ըսէք, բայց յօժարակամ կը ղրկեմ խոհագիր մը (recette), զոր կը խնդրէք:
Այս բառը նախնեաց մատենագրութեան մէջ մի՛ փնտռէք. իմս է. լրագիր, դեղագիր, պայմանագիր, վճռագիր, ստացագիր եւ այլ բառերու հետեւողութեամբ կերտուած է»:

«Հայ Կին» 1930, Յունուար

-Միայն հայ տիկիններն են, որ խոհանոցին մէջ խոհով, մտածմունքով կը զբաղին, ճաշի պատրաստութեան ընթացքին,- կ’ըսէր բարեկամուհիներէս մէկը:

Անկեղծօրէն, շատ վաղուց, ինծի համար ալ զարմանալի եղած էր կապը խոհ-ին եւ ուտեստին, մինչեւ պրպտեցի եւ գտայ բառին արմատը, որ պարսկերէնին մէջ է՝ xvarh, կերակուր կամ ուտեստ իմաստով:
Հայերէնին անցեր է որպէս խարհ կամ խորհ եւ ր-ն իյնալով մնացեր է խոհ …
Խոհանոց, խոհարար, նաեւ՝ խոհագիր:
Միայն խորտիկն է եւ անով կազմուած մնացեալ բառերը, որոնք պահեր են ր-ն: