Սուրիահայերու 76 Տոկոսը Կը Ցանկայ Ընդմիշտ Մնալ Հայաստան

Հայաստան

Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարը  պատրաստ է յաճախ հանդիպելու, համագործակցելու, լսելու ու լսելի դարձնելու սուրիահայերուն ձայնը, ըսած է Զարեհ Սինանեան` Դեկտեմբեր 5-ին, «Հալէպ» կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ խումբ մը սուրիահայերու հետ հանդիպման ժամանակ: Յանձնակատարը խօսած է սուրիահայերու եւ իրաքահայերու տարերային հայրենադարձութեան փորձին, անոնցմէ դասեր քաղելու անհրաժեշտութեան, համարկումի դժուարութիւններուն մասին, աւելցնելով, որ այժմ Հայաստանի մէջ կը բնակին 10-12 հազար սուրիահայեր: Անոնց մտահոգող  հարցերէն են՝ բնակարանային, կրթական, առողջապահական, աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան թեմաները:

Հակառակ այս բոլորին` ըստ «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութեան ուսումնասիրութեան տուեալներուն` հարցախոյզի մասնակցած սուրիահայերուն 76%-ը յեղափոխութենէն ետք կը ցանկայ մշտական մնալ Հայաստան, 90%-ը ցանկութիւն ունի հայրենիքի մէջ սեփականութիւն ձեռք բերել:

Սուրիահայերը կարեւոր համարած են իրենց խնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի վերաստեղծումը, որուն ի պատասխան` Զարեհ Սինանեան նշած է, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Անդրադառնալով արեւմտահայերէնի պահպանման խնդրին, յանձնակատարը ընդգծած է` առիկա նաեւ իրեն համար սկզբունքային հարց է, եւ արեւմտահայերէնը` որպէս մշակութային ժառանգութիւն, պէտք է պահպանուի:

Հանդիպման աւարտին «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագրի ծիրէն ներս սուրիահայ եւ իրաքահայ 46 ուսանողներու շնորհուած են կրթաթոշակներ: Ծրագիրը կ՛իրականացնէ «Հալէպ» կազմակերպութիւնը` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կլոր սեղան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ: