Հանրապետական Այլ Ծերակուտական Մը Դէմ Դրաւ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

English

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 5 Դեկտեմբերին, այլ հանրապետական ծերակուտական մը՝ Քեւըն Քրէյմըր (Հ., Տըքոթա), հետեւելով նախագահ Թրամփի վարչակազմին ցուցմունքներուն՝ դէմ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու երրորդ փորձին։

«Նախագահ Թրամփի համար հետզհետէ աւելի դժուար սկսած է դառնալ Ծերակոյտի հանրապետականներուն մէջ Անգարայի համակիր դաշնակիցներ գտնելը, որովհետեւ քանի մը բացառութիւններէ բացի, ծերակուտականներ սկսած են զզուիլ իր կամքը ամերիկացի օրէնսդիրներուն վրայ պարտադրելու Էրտողանի ջանքերէն»,- կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Նշենք, որ նոյն օրը, Թուրքիոյ ուրացման արշաւին ազդու կերպով հակադարձելու նպատակով, բանաձեւին համահեղինակները՝ ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզ (Հ., Թեքսաս) իրենց պաշտօնակիցներուն երրորդ անգամն ըլլալով առաջարկած էին միաձայնութեամբ հաստատել բանաձեւը, այս անգամ ծերակուտական Քրէյմըր կասեցուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու փորձը:

Յիշեցնենք, որ նախապէս, Տէյվիտ Փըրտու (Հ., Ճորճիա) եւ Լինզի Կրեհեմ (Հ., Հարաւային Քերոլայնա) արգելք հանդիսացած էին քուէրակութեան։

Մենենտեզի եւ Քրուզի կողքին, բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու կոչ ըրաւ նաեւ Ծերակոյտի դեմոկրատներու ղեկավար Չաք Շումըր (Դ., Նիւ Եորք)։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛աւելցնէ, թէ Քրէյմըրի հաւանական ընդդիմութեան լուրը ստանալէ անմիջապէս ետք, «Ուրացման Ճարտարապետներ» վաւերագրական ֆիլմը արտադրողներէն Տին Քէյն կոչ ըրաւ, որ բանաձեւին դէմ չդնէ, յիշեցնելով ծերակուտականին, որ ան 2017ին նեցուկ կանգնած էր Ցեղասպանութիւնը ճանչցող այլ բանաձեւի մը (թիւ 220), սակայն դիմումը ապարդիւն եղաւ։

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Թրամփի մօտիկ դաշնակից Կրեհեմ ընդունած էր, որ Սպիտակ տան խնդրանքով վեթօ դրած էր բանաձեւը բաց քուէարկութեան դնելու Մենենտեզի առաջարկին վրայ:

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը 405 կողմ, 11 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը, իսկ Ծերակոյտին մէջ թիւ 150 բանաձեւը ունի 24 հովանաւորներ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու առաջարկին նորագոյն մերժումը՝ կոչ ընելով ամերիկահայութեան, որ ծերակուտական Քրէյմըրին դէմ բողոքեն հեռաձայնելով (202) 224-2043 թիւին:

Բանաձեւին աջակցելու համար ծերակուտականներուն կարելի է դիմել՝ այցելելով Հայ Դատի յանձնախումբին հաստատած՝ https://anca.org/genocide կայքէջը: